Lés Combats de Kévork L'affligé le Catholicos Kévork V Souréniantz Vechdali (1911-1930)
Loading...
Date
2009
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոսի կղերական կեանքի շրջանը կը զուգադիպի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ յատկանշական փոփոխութիւններու, որոնց ընթացքին ան յաջողեցաւ պահպանել ու փոխանցել Հայ Եկեղեցին իր յետնորդներուն:
Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութեանց վերացումով անհրաժեշտ դարձաւ եկեղեցական նուիրապետութեան վերանշակումը: Աւելին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գոյավիճակի փոփոխութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութեան, Սփիւռքի հայութեան գոյառումին եւ նորաստեղծ համայնքներու կարգաւորման խնդիրներուն կողքին, Եկեղեցին դիմագրաւեց բարեկարգման շարժումներ:
1910ականներուն Եկեղեցին կ'ապրի երիտասարդ եւ երէց վարդապետերու բարեկարգչական առճակատումը: Ասոր հետեւանքով Գարեգին Յովսէփեան կը դադրեցուի Արարատի խմբագրութենէն, իսկ Երուանդ Տէր Մինասեան կը հանէ իր սքեմը:
Մատթէոս Իզմիրլեան Կաթողիկոսի վախճանում՝ Դեկտեմբեր 1910ին, Գէորգ Ե. Սուրէնեանց կը դառնայ Կաթողիկոսական Տեղապահ եւ կ'ընտրուի կաթողիկոս՝ Ազատ Եկեղեցիի Խմբաւորում անուան տակ գործող բարեկարգչականներու պատուիրակութեան կաթողիկոսական ընտրութենէն քաշուելէ ետք:
Նոյն շրջանին, թափ կ'առնէ Հայկական Հարցը Կաթողիկոսը Կոնդակով մը Պօղոս Նուպարին իրաւասութիւն կու տայ կազմելու եւ գլխաւորելու Ազգային Պատուիրակութիւնը: Ա. Աշխարհամարտը կը յեղաշրջէ առնուած քայլերը: Գէորգ Ե. կը ճգնի ապահովել աջակցութիւնը Ռուսաստանին, թափ կու տայ կամաւորական շարժումին:
Պոլշեւիկեան յեղափոխութեամբ կը վերափոխուի արեւմտահայ ճակատագրին ընթացքը, Էջմիածինը կ'անջատուի պետութենէն եւ Վեհափառը կը լծուի ինքնիշխան կառոյցի վերածել Եկեղեցին: Միւս կողմէ, հակակշռելու համար արեւմտեան միսիոնարներու առաքելութիւնը, ան կը լծուի եկեղեցական բարեկարգութեան: 1918 Մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը Եկեղեցին կը դնէ նոր իրավիճակի մէջ:
1920 Ապրիլ 11ին, Վրթանէս Փափազեանի թելադրանքով բոլոր հայ եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ այն 760 մտաւորականներուն եւ կղերականներուն համար, որոնք նահատակուեցան 1915ին:
1920 Յունուարին լոյս կը տեսնէ Էջմիածինը: Հայ Եկեղեցին կը դիմագրաւէ փորձութեան նոր շրջան մը, ու Գէորգ Ե. իր անուան կը կցէ Վշտալի մակդիրը: Խորհրդայնացմամբ Եկեղեցին ամբողջ քսան տարի կ'ենթարկուի ծանր հալածանքի՝ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ, կը գրաւուին անոր կալուածներն ու ինչքերը: Նոյն շրջանին, կը վերադասաւորուի Սփիւռքը, 1924ին կը կազմուի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը, Եկեղեցիին կը տրուին կարգ մը իրաւասութիւններ՝ արտասահմանի թեմերու առնչութեամբ: Դժուարութիւններ կը յառաջանան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար: Գէորգ Ե. Կաթողիկոս Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի հետ համախորհուրդ, կ'աջակցի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերակառուցման:
Description
Keywords
Citation
Ter Minassian, A., "Lés Combats de Kévork L'affligé le Catholicos Kévork V Souréniantz Vechdali (1911-1930)", "Haigazian Armenological Review", 2009, Beirut, pp. 9-46