A Brief History of Haigazian University College

Loading...
Thumbnail Image
Date
1996
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հայկազեան Գոլէճը հաստատուեցաւ 17 Հոկտեմբեր 1955ին լոկ գոլէճական առաջին երկու դասարաններով Արեւմտեան Պէյրութի Մեքսիք փողոցին վրան գտնուող Ուէպ շէնքին մէջ, որ առանձնատուն մըն էր նախապէս: Հաստատութեան առաջին տարուան ամավարկն էր 59,000 լիբ. ոսկի։ Գոլէճը կոչուեցաւ Տարսոնի Սեյնթ Փոլզ Էփոսթոլիք Ինսթիթիութի դասախօս Արմենակ Հայկազեանի անունով, որ հայրն էր Գոլէճի նիւթական առաջին նուիրատուին եւ մեկենասին՝ Մարի Մեխակեանին։ Հետաքրքրական է, որ երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ Մեխակեանները կը մտմտային Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւն մը իրականացնելու մասին եւ առ այդ կը դիմէին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան՝ անդին, Պէյրութի մէջ, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Միութեան շարքերէն կարգ մը ղեկավարներ կը խորհէին հիմնել ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւն մը դիմագրաւել կարենալու համար ոչ միայն Աւետարանական Համայնքին՝ այլեւ ամբողջ հայութեան կրթական եւ կրօնական պահանջները: Իրարու համընկնող այս ծրագիրներն էին որ ի վերջոյ ծնունդ տուին Հայկազեան Գոլէճին։ Երկուստեք կայացած համաձայնութեան մը վրայ` Գոլէճի նախագահութեան հրաւիրուեցաւ Վեր. Դոկտ. Ճան Մարգարեանը, որուն յաջորդեցին Դոկտ. Ճոզէֆ Սփրետլին՝ 1966ին, Վեր. Ժիլպէր Պիլեզիքեանը՝ 1968ին, կրկին Վեր. Ճան Մարգարրեանը: 1971-ին, եւ Դոկտ. Վըրն Ֆլեշըրը՝ 1983ին։ 1975ին պայթած լիբանանեան տասնեօթամեայ պատերազմն ստիպեց որ Գոլէճէն հեռանան մանաւանդ վտանգուած ամերիկահպատակները, ահա թէ ինչո՞ւ 1985ին սկսող ուսումնական տարեշրջանէն սկսեալ Գոլէճին ղեկավարութիւնն ստանձնեց Օր. Ուիլմա Չոլաքեանը, որպէս վարչական տեսուչ, որ այլապէս ալ ուսումնական եւ ակադեմական դիւանապետն էր Գոլէճին։ Միայն 1995ի ուսումնական տարեշրջանի սկիզբն էր, որ Միացեալ Նահանգներէն Պէյրութ հասաւ նախկին հալէպահայ Դոկտ. Ժան Խանճեանը, որպէս հինգերորդ նախագահը Գոլէճին։ Հակառակ շրջանի ապրած վերիվայրումներուն՝ չորս տասնամեակի վրայ տարածուած ուսումնական եւ ակադեմական գործունէութիւն մը Գոլէճէն ներս արձանագրեց լոկ զարգացում եւ վերսլացք։ Շրջանի հայութեան համար ուսուցիչ ու դաստիարակ, մամուլի մարդ եւ ազգային առաջնորդներ պատրաստելու սկզբնական եւ համեստագոյն իր առաջադրանքներուն քովիկն ի վեր շուտով ամուր հիմերու վրայ դրուեցան ակադեմական բարձրագոյն հաստատութենէ մը պահանջուող ոչ միայն անհրաժեշտ բաժանմունքները՝ այլեւ մանաւանդ շրջանի հետզհետէ աճող գիտական եւ ընկերային պահանջներուն գոհացում տուող նիւթեր: Այսպէս էր, որ սկզբնական հայագիտական, եւ գիտական ու ընկերային գիտութիւններու առընթեր հետզհետէ գոյութեան կոչուեցան առեւտրագիտութեան, տնտեսագիտութեան, ընկերային ծառայութեան, մանկավարժութեան, քաղաքագիտութեան, անգլերէնը որպէս լեզու օտարներու ուսուցումին, համակարգիչներու, եւ մասնագիտական նոյնանման այլ ճիւղեր, եւ 1955ին քառասնեակ մը հաշուող ուսանողներով եւ բարձրագոյն ուսումներու հիմնական քանի մը նիւթերու դասաւանդութեամբ սկսած Գոլէճը 1975ին արդէն ամրօրէն հաստատուած ակադեմական կեդրոն մըն էր իր 650 ուսանողներով, որ, սակայն, հակառակ ուսումնական, ակադեմական եւ գիտական իր իրագործումներուն 1995ին պիտի ունենար միայն 300 ուսանող։ Իրականութեան մէջ թիւերու սա անկումը հետեւանքն էր 1975ին սկսած լիբանանեան անագորոյն բախումներուն, որոնց որպէս արդիւնք 1976ի ուսումնական տարեշրջանն սկսեր էր լոկ վաթսուն ուսանողներով։ 1985ին, ա՛լ անկարելիութեան առջեւ՝ Գոլէճի շրջապատին տեղի ունեցող անընդմէջ կռիւներուն եւ անխնայ ռմբակոծումներուն, Գոլէճը փոխադրուեցաւ Պէյրութի արեւելեան կողմը, պարզօրէն անոր համար որ անոր ուսանողութեան մեծագոյն մասը կու գար քաղաքին արեւելեան շրջաններ զանգուածային կերպով հաստատուած հայութենէն։ Ասկէ ետք Գոլէճը հազիւ թէ կարող դարձաւ ընդունիլ 300 ուսանող իր նոր կայքէն ներս, որ Քրիստոնէական Բժշկական Կեդրոնի շէնքն էր նախապէս։ Գոլէճի որպէս ուսումնական եւ ակադեմական կեդրոն հաստատումին եւ զարգացումին սկզբնական օրերուն մեծ դեր խաղացին ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու խնամակալական եւ Պէյրութի հոգաբարձական զանազան մարմինները` այլ մանաւանդ անոր դասախօսական կազմի մնայուն եւ գնայուն ներկայացուցիչներէն շատեր: Այսպէս՝ այժմ անհրաժեշտ է անոնցմէ հոս յիշել Վեր. Տիգրան Խրլոբեանը, Դոկտ. Անահիտ Մելիքեանը, Լեւոն Գարամանուկեանն ու Սայէղը, դոկտորներ Մարի Գասպարեանը, Գույումճեանը, Լըպպոսը, Մրհէժը, Սիտանին, Ֆերպենքսը, Իսրայէլեանը, Հարթը, Պօղոսեանը, Ինճեճիկեանը, Աբելեանը, Պապիկեանը, Գալուստեանը, Հաճեթեանը, եւ ուրիշներ։ Հայագիտութեան բաժանմունքէն ներս Վեր. Խոլոբեանէն ետք պէտք է յիշել անունները Երեւանէն հրաւիրուած Փրոֆ. Գէորգ Խոլոբեանին, եւ Մորուս Հասրաթեանին, Վահէ Օշականին, Տիգրան Գույումճեանին, Բիւզանդ Եղիայեանին, Լեւոն Վարդանին, Երուանդ Քասունիին եւ Կռանեան Վարդապետին։ 1970ին, Հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը որ հիմա վերածուեր էր Գոլէճի հայագիտական բաժանմունքի՝ սկսաւ հրատարակել Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը Երուանդ Քասունիի խմբագրութեամբ, եւ որ այժմ կը շարունակուի Կռանեան Վարդապետի պատասխանատուութեամբ եւ խմբագրական կազմի մը ճիգերով: Չէին սխալած առաջին հիմնադիրները Հայկազեան Գոլէճին, որ օր մը պիտի իրենց երազն ընծայուէր իրաւ, եւ 1960ին ստանալէ ետք պետական ճանաչում որպէս ակադեմական բարձրագոյն հաստատութիւն՝ լիբանանեան կրթական նախարարութեան 1966 թուակիր մէկ օրէնքով Հայկազեան Գոլէճի շնորհած Պի է, եւ Պի Էս աստիճանները ճանչցուէին լիբանանեան լիսանսին համահաւասար եւ 1988 ուսումնական տարեշրջանէն սկսեալ ալ հաստատ ճանչցուէր որպէս Հայկազեան Համալսարանական Գոլէճ իր ուսումնական քառամեայ ինքնուրոյն համակարգով, որ երբեք ալ չէր տարբերեր ամերիկեան որեւէ գոլէճի կամ համալսարանի ունեցածէն: Գոլէճին հիմնադիրներն երազեր էին Միջին Արեւելքի մէջ ունենալ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարձրացումին նպաստող ակադեմական հաստատութիւն մը, եւ հիմա ունէին զայն, միայն թէ անոր անընդմէջ եւ ինքնավստահ յառաջընթացը արգելակուեցաւ որոշ շրջան մը՝ որպէս հետեւանք լիբանանեան ներքին բախումներուն եւ պատերազմին։ Այսուհանդերձ եւ հակառակ այս իրականութեան՝ այդ հաստատութիւնը կատարեց անկարելին, եւ այսօր սակաւ չեն անոնք, երէկի հայ թէ արաբ ուսանողներ, որոնք անցնելէ ետք Հայկազեան Համալսարանական Գոլէճի գիտական այս կամ այդ կրթանքէն՝ կը գրաւեն առաջնորդի արժանաւոր դիրք մը կրթական, կրօնական, առեւտրագիտական եւ մամուլի թէ գիտութեան մարզերէն ներս։
Description
Keywords
Citation
Markarian, J., "A Brief History of Haigazian University College", "Haigazian Armenological Review", 1996, Beirut, pp. 173-212
DOI
Collections