The Protestant Schools in Musa Dagh During the 1920s-1930s
Loading...
Date
2024
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հայ աւետարանականները առաջինն էին որ դպրոցներ բացին Մուսա Տաղի մէջ, 19րդ գարու կէսէն ետք: Ընդհանրապէս երկսեռ այս հաստատութիւններու աշակերտութեան մէկ երրորդը կը կազմէր իգական սեռը: Ա. համաշխարհային պատերազմին, շուրջ 4200 մուսատաղցիներ Ցեղասպանութեան դիմադրելէ ետք
փրկուեցան ֆրանսական ռազմանաւերու միջոցով եւ փոխադրուեցան Եգիպտոս, ուր չորս տարի (1915-19) բնակեցան Փոր Սայիտի գաղթակայանին մէջ:
Այնտեղ կատարուած կարգադրութիւններէն էր Սիսուան վարժարանին հաստատումը' փոքրերուն համար, առանց յարանուանական խտրութեան:
1919ին գաղթականները վերադարձան ծննդավայր, ուր ապրեցան քսան տարի՝ մինչեւ 1939: Աւետարանականները, միւս վերադարձողներուն նման, վերականգնեցին իրենց կրօնական եւ կրթական կեանքը՝ Պիթիասի եւ Եողուն Օլուքի մէջ: Վարժարանները, որոնք հիմնականին մէջ մանկապարտէզ-նախակրթարան էին, մնացին փոքր եւ համեստ միջոցներով: Ուսուցիչները կը պաշտօնակոչուէին դուրսէն, գլխաւորաբար Հալէպէն: Նկատի առնելով Մուսա Տաղի տնտեսական խեղճութիւնը, դպրոցի հոգաբարձութիւնները չէին կրնար հաւասարակշռել ամավարկը եւ մեծապէս կը յենէին Հալէպէն եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Դահիրէի կեդրոնատեղիէն գալիք նիւթական օժանդակութեան:
Հակառակ դժուարութիւններուն եւ թերացումներուն, ձգտում ունեցող շարք մը շրջանաւարտներ, մասնաւորաբար Պիթիասէն, շարունակեցին իրենց ուսումը Նի-
կոսիոյ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան եւ Ալեփփօ քոլէճի մէջ, հասնելով ասպարէզային բարձր դիրքերու:
Մուսա Տաղի վերջին տարին ճակատագրական եղաւ, երբ տնտեսական եւ քաղաքական վիճակը վատթարացաւ: Թուրք քննիչներ այցելեցին դպրոցները, քննելու թրքերէնի դասաւանդման վիճակը: Մինչ թրքական իշխանութիւնը հաստատուն փաստ մը դարձաւ, Մուսա Տաղի հայերը ձգեցին տարածքը եւ հաստատուեցան Այնճարի մէջ, Լիբանան, ուր վերականգնեցին իրենց փշրուած կեանքերը, նաեւ՝ կրթականը:
Ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է արխիւային նիւթերու եւ առաջնային աղբիւրներու (նամակներ եւ յուշեր) վրայ:
Description
Keywords
Citation
Shemmassian, V., L., "The Protestant Schools in Musa Dagh During the 1920s-1930s", "Haigazian Armenological Review", 2024, 44/2, Beirut, pp. 253-280