City Society in Armenia: Quo Vadit?

Loading...
Thumbnail Image
Date
2008
Authors
Vladimir Osipov
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հեղինակը կը նշէ, թէ «քաղաքացիական հասարակութիւն» արտայայտութիւնը ընկերագիտական եւ քաղաքագիտական եզր մըն է, որ սկսած է գործածուիլ Հայաստանի մէջ՝ ծառայելով մարդոց մտայնութեան փոփոխութեան եւ ատով՝ անոնց կեանքի ընկալման փոփոխման: Ան կը մանրամասնէ այս հասկացութեան դերը՝ ժողովրդավարութեան յառաջացման գործընթացին, ինչպէս նաեւ անցման հանգրուանի բրտութեանց եւ տաժանքին նուազեցումին մէջ, ու կը հաւաստէ որ անկարելի է առանց օրէնքի-երկիր դրոյթին ամրապնդման ժողովրդավարութիւն իրականացնել երկրի մը մէջ: Օսիփով կը նշէ, թէ «քաղաքացիական հասարակութիւն» հասկացութիւնը առաձգական է եւ Հայաստանի մէջ յստակ պատկերացում չկայ անոր մասին: Օսիփով զայն կը սահմանէ իբրեւ՝ «Ընկերային կեանք՝ անձնական-ընտանեկան կեանքէն եւ պետութեան կալուածներէն դուրս գտնուող կալուած, ուր քաղաքացիք կրնան իրացնել իրենց պարտականութիւններն ու իրաւունքները»: Օսիփով կ'ընդգծէ այն իւրայատկութիւնները, որոնցմով կ'առանձնանայ քաղաքացիական հասարակութիւնը Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ այն պատճառները որոնց բերմամբ այս հասկացութիւնը չյաջողեցաւ լուրջ եւ յատուկ ուշադրութեան արժանանալ հոն, ցարդ: Ըստ Օսիփովի Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւնները չեն առնչուած համաշխարհային քաղաքացիական հասարակութեան, որովհետեւ տեղական առումով անոնք տակաւին լիարժէք կերպով գոյացած չեն: Օսիփով կը վերլուծէ քաղաքացիական հասարակութեան եւ Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններու տագնապը Հայաստանի մէջ եւ այն ընկերային, քաղաքական, պատմական պայմանները որոնք կը խոչընդոտեն այս մարզի զարգացումը հոն: Ան կը վիճարկէ Հայաստանի ոչ-բարենպաստ եւ սահմանափող օրէնսդրութիւնը՝ այս հարցին առնչութեամբ, ու կ'անդրադառնայ նաեւ նման կազմակերպութիւններու նիւթական մատակարարման, ընդգծելով որ անոնք գրեթէ բացառապէս կը յենին արտաքին նիւթական օժանդակութեան: Ան կը մատնանշէ երկրին մէջ նման աւանդութիւն-սովորոյթի բացակայութիւնը, բարեսիրական աշխատանքի եւ բարեգործութեան տարածում չունենալը, եւ ընդհանրապէս նման երեւոյթներու նորածիլ ըլլալու փաստը: Օսիփով կը նշէ նաեւ, որ ի տարբերութիւն լատին ամերիկեան երկիրներու, Հայաստանի մէջ Եկեղեցին հեռու է ժողովրդավարութեան հաստատման եւ քաղաքացիական հասարակութեան զօրացման գործին մէջ դերակատարութիւն ունենալէ: Օսիփով կը հաւաստէ, որ կարիքը կայ աւելի ծաւալուն ընկերային պատուանդանի եւ աւելի մեծաթիւ բարեկեցիկ ընտանիքներու գոյացման, որոնք ձերբազատելով տնտեսական անմիջական մտահոգութիւններէ, կարենան առնչուիլ հանրային մտահոգութիւններու: Հուսկ, Օսիփով կ'անդրադառնայ նաեւ քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ «չորրորդ իշխանութեան» դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ կը նշէ որ Հայաստանի մէջ Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններ կը դիտուին իբրեւ սոսկ ծառայական կազմակերպութիւններ, ամբողջովին պարպուած քաղաքական առաքելութենէ: Այս սխալ ընկալումին ի տես, Օսիփով կը կատարէ թելադրանքներ եւ կ'առաջարկէ լուծումներ:
Description
Keywords
Citation
Osipov, V., "City Society in Armenia: Quo Vadit?", "Haigazian Armenological Review", 2008, Beirut, pp. 407-435
DOI
Collections