City Society in Armenia: Quo Vadit?

dc.contributor.authorVladimir Osipov
dc.date.accessioned2025-11-26T08:42:38Z
dc.date.available2025-11-26T08:42:38Z
dc.date.issued2008
dc.description.abstractՀեղինակը կը նշէ, թէ «քաղաքացիական հասարակութիւն» արտայայտութիւնը ընկերագիտական եւ քաղաքագիտական եզր մըն է, որ սկսած է գործածուիլ Հայաստանի մէջ՝ ծառայելով մարդոց մտայնութեան փոփոխութեան եւ ատով՝ անոնց կեանքի ընկալման փոփոխման: Ան կը մանրամասնէ այս հասկացութեան դերը՝ ժողովրդավարութեան յառաջացման գործընթացին, ինչպէս նաեւ անցման հանգրուանի բրտութեանց եւ տաժանքին նուազեցումին մէջ, ու կը հաւաստէ որ անկարելի է առանց օրէնքի-երկիր դրոյթին ամրապնդման ժողովրդավարութիւն իրականացնել երկրի մը մէջ: Օսիփով կը նշէ, թէ «քաղաքացիական հասարակութիւն» հասկացութիւնը առաձգական է եւ Հայաստանի մէջ յստակ պատկերացում չկայ անոր մասին: Օսիփով զայն կը սահմանէ իբրեւ՝ «Ընկերային կեանք՝ անձնական-ընտանեկան կեանքէն եւ պետութեան կալուածներէն դուրս գտնուող կալուած, ուր քաղաքացիք կրնան իրացնել իրենց պարտականութիւններն ու իրաւունքները»: Օսիփով կ'ընդգծէ այն իւրայատկութիւնները, որոնցմով կ'առանձնանայ քաղաքացիական հասարակութիւնը Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ այն պատճառները որոնց բերմամբ այս հասկացութիւնը չյաջողեցաւ լուրջ եւ յատուկ ուշադրութեան արժանանալ հոն, ցարդ: Ըստ Օսիփովի Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւնները չեն առնչուած համաշխարհային քաղաքացիական հասարակութեան, որովհետեւ տեղական առումով անոնք տակաւին լիարժէք կերպով գոյացած չեն: Օսիփով կը վերլուծէ քաղաքացիական հասարակութեան եւ Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններու տագնապը Հայաստանի մէջ եւ այն ընկերային, քաղաքական, պատմական պայմանները որոնք կը խոչընդոտեն այս մարզի զարգացումը հոն: Ան կը վիճարկէ Հայաստանի ոչ-բարենպաստ եւ սահմանափող օրէնսդրութիւնը՝ այս հարցին առնչութեամբ, ու կ'անդրադառնայ նաեւ նման կազմակերպութիւններու նիւթական մատակարարման, ընդգծելով որ անոնք գրեթէ բացառապէս կը յենին արտաքին նիւթական օժանդակութեան: Ան կը մատնանշէ երկրին մէջ նման աւանդութիւն-սովորոյթի բացակայութիւնը, բարեսիրական աշխատանքի եւ բարեգործութեան տարածում չունենալը, եւ ընդհանրապէս նման երեւոյթներու նորածիլ ըլլալու փաստը: Օսիփով կը նշէ նաեւ, որ ի տարբերութիւն լատին ամերիկեան երկիրներու, Հայաստանի մէջ Եկեղեցին հեռու է ժողովրդավարութեան հաստատման եւ քաղաքացիական հասարակութեան զօրացման գործին մէջ դերակատարութիւն ունենալէ: Օսիփով կը հաւաստէ, որ կարիքը կայ աւելի ծաւալուն ընկերային պատուանդանի եւ աւելի մեծաթիւ բարեկեցիկ ընտանիքներու գոյացման, որոնք ձերբազատելով տնտեսական անմիջական մտահոգութիւններէ, կարենան առնչուիլ հանրային մտահոգութիւններու: Հուսկ, Օսիփով կ'անդրադառնայ նաեւ քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ «չորրորդ իշխանութեան» դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ կը նշէ որ Հայաստանի մէջ Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններ կը դիտուին իբրեւ սոսկ ծառայական կազմակերպութիւններ, ամբողջովին պարպուած քաղաքական առաքելութենէ: Այս սխալ ընկալումին ի տես, Օսիփով կը կատարէ թելադրանքներ եւ կ'առաջարկէ լուծումներ:
dc.identifier.citationOsipov, V., "City Society in Armenia: Quo Vadit?", "Haigazian Armenological Review", 2008, Beirut, pp. 407-435
dc.identifier.urihttps://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/982
dc.titleCity Society in Armenia: Quo Vadit?
Files
Original bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
Vladimir Osipov, "City Society in Armenia: Quo Vadit?".pdf
Size:
3.26 MB
Format:
Adobe Portable Document Format
License bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
license.txt
Size:
1.71 KB
Format:
Item-specific license agreed to upon submission
Description:
Collections