Haigazian Armenological Review
Permanent URI for this community
Browse
Browsing Haigazian Armenological Review by Author "Pascal Paboudjian"
Now showing 1 - 2 of 2
Results Per Page
Sort Options
Item Martyrium Armenien a Etage Ses Origines, Son Influence(1982-1984) Pascal PaboudjianՎկայակոչելով հայ եւ օտար պատմագիրներն ու գիտնականները, ինչպէս նաեւ նկատի առնելով գիտական պեղումներու եւ իր անձնական հետազօտութիւններու արդիւնքները, հեղինակը կը հաստատէ թէ Վաղարշապատի մէջ Սահակ Պարթեւի կողմէ կառուցուած Սբ. Հռիփսիմեանց երկյարկանի վկայարանը քառասիւն ամպհովանի մըն էր՝ նման անոր որ քանդակուած է Օձունի դամբարանային կառոյցի Հիւսիսային կոթողի արեւելեան խորանին մէջ։ Այդ վկայարանը իր ներկայ ձեւաւորումը ստացած է Է. դարուն՝ Կոմիտաս Կաթողիկոսի գահակալութեան սկզբնական ժամանակամիջոցին։ Երկյարկանի մատուռներու կառուցումը յաճախակի երեւոյթ է Հայաստանի մէջ մինչեւ Ժ.Դ. դար: Իսկ իրանական դամբարանային աշտարակները միայն ԺԱ. դարուն է որ օժտուած են գետնափոր գերեզմանով եւ այս երեւոյթը անցեր է Ատրպատական՝ Ժ. Բ. եւ ԺԳ. դարերուն։ Իսկ աւելի ետք՝ գետնափոր գերեզմանը ստացեր է թրքական թուրպեհի ձեւը:Item Tracé de Monuments Anciens Autour du Bassin de la Mediterranne et en Armenie(1970) Pascal PaboudjianԱնցեալին՝ ծանօթ Վիթրիվիուս ճարտարապետը կը յայտնէ թէ հռոմէական ամփիթատրոններու յատակագիծները համադրելու համար կը գործածուէին երկու հաւասարակողմ եռանկիւններ՝ շրջանակի մը մէջ ներգծուած. A գծանկարը, տիակրամ:: Իսկ յունական ամփիթատրոններու յատակագիծներուն համար կը գործածուէին քառակուսիներ՝ շրջանակին մէջ ներգծուած, B տիակրամը: Մեր ներկայ ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ թէ վերոյիշեալ գծանկարները գործածուած էին նաեւ հելլենիստական եւ հռոմէական դամբաններուն mausolée յատակագիծները գծելու համար. օրինակ՝ Տիոքլեսիանոսի դամբարանը: Այս սովորութիւնը կ'անցնի Կոստանդիանոս կայսրին շինել տուած շրջանակաձեւ, բազմանկիւն եւ աստղաձեւ դամբարան-մատուռներու եւ եկեղեցիներու ընդմէջէն: Այս շարունակուած է նաեւ Միջերկրականեան աւազանին շուրջ գտնուող Բիւզանդական երկիրներու, Միջնադարեան Արեւմուտքին, ինչպէս նաեւ Արաբական ճարտարապետութեան մէջ մինչեւ ԺԲ. դար: Հայերը սերտ յարաբերութիւններ հաստատած ըլլալով ժամանակակից մշակութային կեդրոններու հետ, որդեգրած եւ գործածած են անոնց մեթոտները եւ Է. դարուն բարեփոխելու՝ ստեղծած են հետեւեալ կոթողները. Բագարան, Մաստարա, Զուարթնոց, Հռիփսիմէ, Իրինտ եւ Հովիւի եկեղեցիները: Անոնց կառուցման համար գործածած են A կամ B գծանկարները, իւրաքանչիւրը առանձինն կամ երկուքը՝ միատեղ: Բոլոր ժամանակներու մէջ, երկրաչափական այս գծանկարներու գործածութիւնը օգնեց գեղեցիկ համաչափութիւններ որոնելու եւ յատակագիծներու զանազան մասերէն նաեւ միութեան կապեր յառաջ բերելու: Անոնք երբեք չսահմանափակեցին արուեստագէտին ստեղծագործական թռիչքը: Հետեւաբար, կառուցուած ճարտարապետական գլուխ գործոցներուն մէջ օգտագործուած ըլլալով հանդերձ նոյնանման համադրական միջոցները, հարազատօրէն կը ցոլացնեն յղացող ժողովուրդին ստեղծագործական կարողութիւնը եւ կը վկայեն անոր ճաշակին նրբութեան մասին: