Repository logo
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
Repository logo

Haigazian University

  • Communities & Collections
  • All of DSpace
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
  1. Home
  2. Browse by Author

Browsing by Author "Vladimir Osipov"

Now showing 1 - 4 of 4
Results Per Page
Sort Options
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Armenia's Gender Policies: Evolution and Prospects
    (2018) Vladimir Osipov
    Հայաստանի Հանրապետութիւնը սկսեց ուշադրութիւն դարձնել սեռութային հարցերին 1990ականների կէսերից, երբ եւրոպական համարկումը եւ ԵՄի հետ ՀՀն մշակեց եւ իրականացրեց գործողութիւնների ազգային երկու ծրագրեր՝ կանանց կարգավիճակը բարելաւելու եւ հասարակութեան մէջ նրանց դերը բարձրացնելու: 2010-13՝ մշակուել եւ ընդունուել են «ՀՀ Գենդերային Քաղաքականութեան Պետական Հայեցակարգը», «Կանանց եւ Տղամարդկանց Հաւասար Իրաւունքների Եւ Հաւասար Հնարաւորութիւնների Ապահովման Մասին» ՀՀ օրէնքը, «Գենդերային Քաղաքականութեան 2011-2015 թթ« Ռազմավարական Ծրագիրը» եւ «Ընդդէմ Գենդերային Բռնութեան 2011-2015 թթ. Ազգային Ծրագիրը»: Հայեցակարգը առաջին համապարփակ փաստաթուղթն է, որը համակարգուած ձեւով շարադրում է սեռութային քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքները, նպատակներն ու խնդիրները, իրականացման ռազմավարութիւնն ու գործիքակազմը: 2017 Դեկտեմբերին ընդունուել է «Ընտանիքում Բռնութեան Կանխարգելման, Ընտանիքում Բռնութեան Ենթարկուած Անձանց Պաշտպանութեան եւ Ընտանիքում Համերաշխութեան Վերականգնման Մասին» ՀՀ օրէնքը, 2018 Յունուարին՝ «Կանանց Նկատմամբ Բռնութեան եւ Ընտանեկան Բռնութեան Կանխարգելման Եւ Դրանց Դէմ Պայքարի Մասին» ԵԽ Ուխտը: Չնայած դրական փոփոխութիւններին, ՀՀում դեռեւս չեն վերացել սեռութային անհաւասարութիւնը, անարդարութիւնը եւ խտրականութիւնը: Ներկայումս, երբ մշակւում է նոր ազգային ռազմավարական փաստաթուղթը, անհրաժեշտ է աւելացնել.- կանանց ներկայացուածութիւնը իշխանութեան մէջ, ապահովել կանանց տնտեսական հզօրացումը, աւելի արդիւնաւէտ պայքարել սեռութային կարծրատիպերի դէմ, ապահովել կրթական չափանիշերի, ծրագրերի եւ դասագրքերի սեռութային զգայունութիւնը եւ ներդրել սեռութային կրթութիւնը, աւելի արդիւնաւէտ պայքարել սեռութային բռնութեան դէմ, մշակել եւ վարել պտղի սեռով պայմանաւորուած յղիութեան ընդհատման դէմ պայքարի արդիւնաւէտ ռազմավարութիւն:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    City Society in Armenia: Quo Vadit?
    (2008) Vladimir Osipov
    Հեղինակը կը նշէ, թէ «քաղաքացիական հասարակութիւն» արտայայտութիւնը ընկերագիտական եւ քաղաքագիտական եզր մըն է, որ սկսած է գործածուիլ Հայաստանի մէջ՝ ծառայելով մարդոց մտայնութեան փոփոխութեան եւ ատով՝ անոնց կեանքի ընկալման փոփոխման: Ան կը մանրամասնէ այս հասկացութեան դերը՝ ժողովրդավարութեան յառաջացման գործընթացին, ինչպէս նաեւ անցման հանգրուանի բրտութեանց եւ տաժանքին նուազեցումին մէջ, ու կը հաւաստէ որ անկարելի է առանց օրէնքի-երկիր դրոյթին ամրապնդման ժողովրդավարութիւն իրականացնել երկրի մը մէջ: Օսիփով կը նշէ, թէ «քաղաքացիական հասարակութիւն» հասկացութիւնը առաձգական է եւ Հայաստանի մէջ յստակ պատկերացում չկայ անոր մասին: Օսիփով զայն կը սահմանէ իբրեւ՝ «Ընկերային կեանք՝ անձնական-ընտանեկան կեանքէն եւ պետութեան կալուածներէն դուրս գտնուող կալուած, ուր քաղաքացիք կրնան իրացնել իրենց պարտականութիւններն ու իրաւունքները»: Օսիփով կ'ընդգծէ այն իւրայատկութիւնները, որոնցմով կ'առանձնանայ քաղաքացիական հասարակութիւնը Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ այն պատճառները որոնց բերմամբ այս հասկացութիւնը չյաջողեցաւ լուրջ եւ յատուկ ուշադրութեան արժանանալ հոն, ցարդ: Ըստ Օսիփովի Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւնները չեն առնչուած համաշխարհային քաղաքացիական հասարակութեան, որովհետեւ տեղական առումով անոնք տակաւին լիարժէք կերպով գոյացած չեն: Օսիփով կը վերլուծէ քաղաքացիական հասարակութեան եւ Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններու տագնապը Հայաստանի մէջ եւ այն ընկերային, քաղաքական, պատմական պայմանները որոնք կը խոչընդոտեն այս մարզի զարգացումը հոն: Ան կը վիճարկէ Հայաստանի ոչ-բարենպաստ եւ սահմանափող օրէնսդրութիւնը՝ այս հարցին առնչութեամբ, ու կ'անդրադառնայ նաեւ նման կազմակերպութիւններու նիւթական մատակարարման, ընդգծելով որ անոնք գրեթէ բացառապէս կը յենին արտաքին նիւթական օժանդակութեան: Ան կը մատնանշէ երկրին մէջ նման աւանդութիւն-սովորոյթի բացակայութիւնը, բարեսիրական աշխատանքի եւ բարեգործութեան տարածում չունենալը, եւ ընդհանրապէս նման երեւոյթներու նորածիլ ըլլալու փաստը: Օսիփով կը նշէ նաեւ, որ ի տարբերութիւն լատին ամերիկեան երկիրներու, Հայաստանի մէջ Եկեղեցին հեռու է ժողովրդավարութեան հաստատման եւ քաղաքացիական հասարակութեան զօրացման գործին մէջ դերակատարութիւն ունենալէ: Օսիփով կը հաւաստէ, որ կարիքը կայ աւելի ծաւալուն ընկերային պատուանդանի եւ աւելի մեծաթիւ բարեկեցիկ ընտանիքներու գոյացման, որոնք ձերբազատելով տնտեսական անմիջական մտահոգութիւններէ, կարենան առնչուիլ հանրային մտահոգութիւններու: Հուսկ, Օսիփով կ'անդրադառնայ նաեւ քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ «չորրորդ իշխանութեան» դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ կը նշէ որ Հայաստանի մէջ Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններ կը դիտուին իբրեւ սոսկ ծառայական կազմակերպութիւններ, ամբողջովին պարպուած քաղաքական առաքելութենէ: Այս սխալ ընկալումին ի տես, Օսիփով կը կատարէ թելադրանքներ եւ կ'առաջարկէ լուծումներ:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Gender Equality in Armenia: A Perceived Need or Imposed Conditionality?
    (2012) Vladimir Osipov
    Հեղինակը մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սեռերու հաւասարութեան վիճակին համապատկերը: Խորհրդային Միութեան փլուզումով, ձեռնհաս քաղաքացիական հասարակութեան մը բացակայութիւնը յատկանշականօրէն տկարացուց դէպի ժողովրդավարութիւն անցումի գործընթացը: Աւելին. ձեռնհաս քաղաքացիական հասարակութեան մը բացակայութիւնը պատճառ դարձաւ խեղաթիւրումներու, դուռ բացաւ հայրիշխանական կարծրատիպ մտայնութեանց եւ կիրարկումներու վերայայտնումին: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սեռերու հաւասարութեան հարցերու գիտական արծարծումը սկսաւ հայրիշխանական կենսաձեւերու առաւել խրամատաւորումին լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ՝ ի տես տնտեսական, քաղաքական եւ հանրային մարզերուն մէջ սեռերու անհաւասարութեան աճումին: Այս ծիրին մէջ, հեղինակը կ'անդրադառնայ 1990ականներուն ՄԱԿի գումարած բազմաթիւ միջազգային գիտաժողովներու եւ հանրաժողովներու, որոնցմով հանրային լայն ուշադրութեան արժանացան սեռերու հաւասարութեան շատ հարցեր: 1990ականներուն, Հայաստանի եւ յետ-խորհրդային երկիրներու համար էականօրէն կարեւոր էր պարզել աշխարհին, թէ իրենք կը հետեւին «եւրոպական» արժէքներու, որոնց կարգին՝ մարդկային իրաւանց յարգում, խտրականութեան վերացում եւ հաւասար պատեհութեանց միջոցներ: Այս սկզբունքներուն հանդէպ յանձնառութիւնը նախապայման էր միջազգային եւ շրջանային կազմակերպութիւններու անդամակցութեան: Հետեւաբար, զարմանալի չէր որ լուրջ բարեկարգումներ ընթացք ստացան եւ տեղական իրաւական համակարգերը ներդաշնակուեցան միջազգային օրէնքին: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հազարամեակի դարձը յատկանշուեցաւ սեռերու հաւասարութեան հանդէպ հանրային ըմբռնումներու եւ կեցուածքներու նոր շրջանի մը սկիզբով: Հազարամեակի Զարգացման Նպատակները, Փեքինի Վերատեսութեան Գործընթացը, մարդկային իրաւանց միջազգային փաստաթուղթերու տեղեկագրումը եւ Եւրոպայի Խորհուրդին անդամակցութիւնը հանդիսացան փոփոխութեան գլխաւոր գործօնները: Բազմաթիւ միջոցառումներ եւ կարեւոր քայլեր պէտք էր առնուէին՝ յանձնառութիւնները յարգելու համար: Սակայն, ինչպէս հեղինակը կը մատնանշէ, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնն ու խորհրդարանը դեռեւս պէտք է իրենց լրիւ կշիռը ներդնեն որպէսզի վերոյիշեալ յանձնառութիւնները գործադրուին: Կանխահաս է յաւակնիլ թէ սեռերու հաւասարութիւնը թիւ մէկ առաջնահերթութիւնն է Հայաստանի կառավարութեան, մասնաւորաբար՝ խորհրդարանին: Թէեւ որոշակի քաղաքականութիւն մը որդեգրուած է, սակայն՝ կիրարկումը լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ: Այդ խնդիրները կարելի է ազդու կերպով լուծել միայն երբ հաստատուի սեռերու հաւասարութեան համապետական մեքանիզմ մը, որ պիտի ապահովէ այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն շատ անհրաժեշտ ու տակաւին բացակայող համադրութիւնը: Իբրեւ եզրակացութիւն, Օսիփով կ'առանձնացնէ երեք մղիչ գործօններ, որոնք խթան կրնան հանդիսանալ կառավարութեան, խորհրդարանին եւ քաղաքական ու հասարակական քաղաքացիութեան գլխաւոր դերակատարներուն կողմէ յայտարարուած սեռային հաւասարութիւնը իրականութիւն դարձնելու յանձնառութեան: Այդ գործօններն են.- ա) քաղաքական կամք, բ) սեռերու ժողովրդավարական մշակոյթ, գ) ձեռնհաս քաղաքացիական համակարգ: Ասոնք, սակայն, պայմանաւորուած են ժողովրդավարացման եւ ազատականացման գործընթացներով: Հեղինակը կը հաւաստէ որ իրապաշտօրէն կարելի չէ ակնկալել որ սեռերու հաւասարութիւնը իրագործուի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական սահմանափակումներուն մէջ:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    The Contested Ground of a Transition Neodemocracy from the Perspective of Globalization
    (2007) Vladimir Osipov
    Հեղինակը կ'անդրադառնայ համայնավարութենէն նորժողովրդավարութեան անցնող երկիրներու անցումային հանգրուանի դիմագրաւած բազմապիսի մարտահրաւէրներուն: Ան կը ծանրանայ մանաւանդ՝ թէ ինչպէս կարելի է գոյատեւող, օրէնքի, արդիւնաւէտ եւ մրցունակ շուկայական տնտեսութեամբ եւ քաղաքացիական հասարակութեամբ երկիր պետութիւն մը կայացնել: Հեղինակը կ'անդրադառնայ նաեւ նման երկրի մը կայացման մէջ արտաքին ազդակներուն, մանաւանդ՝ համաշխարհայնացման ազդեցութեան: Ըստ իրեն հարցը աւելի կը բարդանայ ի տես համաշխարհայնացման շուրջ միատարր տեսակէտի եւ մօտեցումի բացակայութեան, որ հետեւանք է անոր ծայրայեղ քաղաքականացման եւ գաղափարախօսականացման: Հեղինակը այս ընդհանրական պատկերին կը ջանայ բաղդատել Հայաստանի իրականութիւնը, կ'անդրադառնայ համաշխարհայնացման խնդրով Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, կը նշէ առօրէական մշակոյթի արձանագրած յաջողութիւնները՝ ազգային մշակոյթներու հաշւոյն: Հեղինակը սպառած կը նկատէ «անցումային շրջանի» տեսութիւնները առանց որ անոնք ակնկալուած արդիւնքները տուած ըլլան Հայաստանին: Ասոր պատճառը ան կը վերագրէ առանց քննադատական մօտեցումի նորազատական տեսութեան որդեգրումին: Ան կը մատնանշէ նաեւ, որ տնտեսական բարեփոխումներու ծրագիրը որդեգրուեցաւ հնազանդօրէն, այնպէս՝ ինչպէս ան հրամցուեցաւ Միջազգային Հիմնադրամին եւ Համաշխարհային Դրամատան կողմէ: Ասոնց հետեւանքով, անցեալի բազում գաղափարախօսական ըմբռնումներ ինչպէս եւ բազմաթիւ ընկերային, մշակութային եւ բարոյական արժէքներ թաղուեցան՝ առանց նորերու յառաջացման: Ի յայտ եկան քաղաքական մասնակցութեան սնամէջ, մակերեսային ժողովրդավարական հաստատութիւններ, իշխանութիւնը մտաւ փակ շրջանակի մէջ: Հեղինակը հիւանդագին կը գտնէ այն երեւոյթը, որ Հայաստանի մէջ տնտեսական բարեկարգումներու ո՛չ շուկայական ազատ տնտեսութիւն, ո՛չ համապատասխան քաղաքական մշակոյթ, ո՛չ ալ քաղաքացիական հասարակութիւն յառաջացուցին: Հուսկ, Հեղինակը կը բերէ 2003-2006 տարիներու հարցախոյզներու պատասխանները, որոնք կը հաւաստեն իր մտահոգութիւնները: Հեղինակը այն կարծիքը կը յայտնէ, որ Մայիս 2007ի խորհրդարանական եւ 2008ի նախագահական ընտրութիւնները պիտի յստակացնեն հայ քաղաքական խաւի նախասիրութիւնները դէպի կայուն ժողովրդավարութիւն կամ մենատիրութեան:
Haigazian Repository
For further information, please contact: Library@haigazian.edu.lb