The Dissolution of the Armenian Question and the Crisis of the League of Nations
Loading...
Date
2019
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հայկական Հարցը՝ Հայաստանի պետականութեան ու իշխանութեան մասին գաղութատիրական տրամախօսութիւն իբրեւ, ինքզինք դրսեւորեց հակադիր երկու պատումներով: Ասոնք կ'արտացոլացնէին ԺԹ. դարավերջ-Ի. դարասկիզբի համաշխարհային իշխանութեան երկու ուխտերը: Համաձայնական երկիրները կը համարէին թէ քրիստոնեայ հայ ցեղը գերակայ էր իսլամ եւ «բարբարոս թուրքերէն», քանի որ կը դաւանէր բարձր (արեւմտեան) քաղաքակակրթական արժէքներ: Առանցքի երկիրները - միւս կողմէն - հայերը կը նկատէին ապարդիւն եւ տհաճ ժողովուրդ մը՝ «արեւելքի հրեաներ», եւ կ'արդարացնէին Հայոց Ցեղասպանութիւնը իբրեւ «ազգային եւ պատմական անհրաժեշտութիւն»:
Ազգերու Լիկայի (ԱԼ) մասնակիցները, որոնք 1920ին միայն Համաձայնականներու ներկայացուցիչներ էին, վերակենդանացուցին գաղութատիրական հին համակարգին պատումը: Ըստ անոնց՝ համաշխարհային խաղաղութիւնը պահպանելու եւ գաղութային/հոգատարական պետութիւնները վարելու համար, Համաձայնականներու օրէնքներու համակարգը պէտք է կիրարկել:
Այս գաղափարախօսութիւնը որոշակի բովանդակութիւն հաղորդեց եւ աշխարհագրականօրէն սահմանափակեց համաշխարհային օրակարգը: Լուսարձակի տակ առնուեցան Առանցքի Երկիրներու տարածքներուն փոքրամասնութեանց պահպանման եւ առողջապահութեան խնդիրները, եւ ժխտուեցան Համաձայնականներու գաղութացուցած երկիրներուն մէջ մարդկային իրաւանց բռնաբարումները: ԱԼն երկու թշնամի մատնանշած էր. պոլշեւիկներն ու քեմալականները, որոնց սակայն ԱԼի համաշխարհային հեղինակութիւնը հարցականի տակ դնող գլխաւոր զինուորաքաղաքական ուժերն էին: Խտրութիւն յառաջացաւ քաղաքակրթուած «մենք»ին եւ բարբարոս «անոնց»ին միջեւ: Այս պատճառով ալ 1920-30ականներուն ԱԼն երկու գաղթական խումբեր ճանչցաւ՝ հայերն ու ռուսերը:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը - նախալեմքինեան հասկացութեամբ - միաձայնութեամբ ճանչցուեցաւ ԱԼի Ընդհանուր Ժողովին (ԸԺ), ուր ներկայացուցիչները բազմիցս արտայայտուեցան Թուրքիոյ մէջ հայերու «համակարգուած ոչնչացման» դէմ, բարոյապէս հիմնաւորելով յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան իրենց միջամտութիւնը: ԸԺն, սակայն, փաստած էր արդէն որ անկարող էր լուծել Հայկական Հարցը, ուստի եւ՝ կատարել ի՛ր իսկ հռչակած գործառոյթը՝ խաղաղութեան եւ արդարութեան իբրեւ պահապան: Ուստի, հաստատութենական հակասութիւն մը յառաջացաւ ԱԼի առաջին իսկ ԸԺին: Յաղթահարելու համար այս տագնապը, ներկայացուցիչները Հայաստանի հանդէպ իրենց պատասխանատուութիւնները լուծարեցին կամ վերաբանաձեւեցին իբրեւ փոքրամասնութիւններու եւ գաղթականներու աջակցութեան տրամախօսութիւն:
Description
Keywords
Citation
Kránitz, P., P., "The Dissolution of the Armenian Question and the Crisis of the League of Nations", "Haigazian Armenological Review", 2019, Beirut, pp. 375-406