The Saint Paul Capuchin Mission in Musa Dagh 1919-1939

Loading...
Thumbnail Image
Date
2023
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Այս ուսումնասիրութիւնը կ'ընէ պատմականը կաթոլիկ ներկայութեան՝ Մուսա Լեռան մէջ, գլխաւորաբար հիմնուելով առաջին անգամ օգտագործուող արխիւային նիւթերու վրայ: Մուսա Լեռան հայոց մէջ քափուչինեան Ս. Պօղոս առաքելութիւնը հաստատուեցաւ 1891ին, Խտըր Պէկ գիւղին մէջ: Տասնամեակ մը շարունակ, օսմանեան կառավարութիւնը առաքելութիւնը ապօրէն հաստատութիւն նկատեց, միւս կողմէ սակայն, օրինական համարելով անկէ գանձեց հարկ եղած տուրքերը: Շրջանի բնակչութենէն որոշ թիւով մարդիկ - մեծամասամբ հայ առաքելականներ - իրենց հաւատարմութիւնը թեքեցին կաթողիկէ եկեղեցիին, յոյս ունենալով տնտեսական աղբիւրներ ձեռք բերել եւ բարելաւել իրենց ընկերատնտեսական վիճակը: Ա. աշխարհամարտի սկիզբին, վանքին երեք կրօնաւորները արտաքսուեցան: Պատերազմին ընթացքին հիւսիսային Ափրիկէէն բերուած իսլամ գաղթականներ գրաւեցին վանքն ու կողոպտեցին եւ աւերեցին զայն: Պատերազմի աւարտին, աքսորէն վերապրած տեղաբնիկ հայերը Համայէն վերադառնալով, Փորթ Սայիտ փոխադրուած իրենց հայրենակիցներուն հետ վերաբնակեցան իրենց տուները: Քափուչին վանականները հինգ տարի չվերադարձան Մուսա Լեռ, որովհետեւ իրենց վանքն ու միւս յարմարութիւնները վատ վիճակի մէջ էին եւ պէտք ունէին հիմնական նորոգութեան ու կահաւորման: Վերատիրանալով իրենց կալուածներուն վանականներուն առաջին գործը եղաւ Հայ Առաքելական եկեղեցիի արարողութեամբ պսակուած հայ կաթողիկէները վերապսակել լատին ծէսով, մերժելով հայ առաքելական ծէսը: Այս արարքը Հայ Առաքելական Եկեղեցիին բացայայտ դժգոհանքին արժանացաւ: Եւ քանի որ ժողովուրդին ընկերատնտեսական վիճակը չբարելաւուեցաւ, քափուչիները առաջուան նման ջանացին իրենց հօտին եւ հաւանական դաւանափոխներուն տնտեսապէս օգնել: Այդուհանդերձ, հօտը թուական աճ չունեցաւ յաջորդ քսան տարիներուն, մինչեւ Բ. աշխարհամարտ: Ընդհակառակը հօտը նուազեցաւ իր նախապատերազմեան շրջանի թիւին կէսին: Դեռ աւելին, Եողուն Օլուքի անոնց եկեղեցին ու դպրոցը փակ մնացին: Փոքր բացառութիւններով, կաթողիկէներ չկային Մուսա Լեռան միւս չորս գիւղերուն մէջ: Ընդհանրապէս, մուսալեռցի կաթողիկէները մնացին կղզիացած իրենց հայրենակիցներէն՝ բնակչութեան ընդհանրական ձեռնարկներէն հեռու: Երբ մուսալեռցիներուն մեծամասնութիւնը, Իսքենտէրունի սանճաքի միւս հայերուն նման լքեցին տարածքը՝ Յուլիս 1939ին անոր Թուրքիոյ կցումին պատճառով, քափուչինները իրենց հաստատութիւնը փոխանցեցին Պէյրութ կեդրոնացած հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան: Մուսա Լեռան գաղթականներուն մեծամասնութիւնը հաստատուեցաւ Լիբանանի Պեքայի հովիտին մէջ, Այնճար: Ատով ալ Կաթողիկէ Եկեղեցին վերապրումի նոր հանգրուան թեւակոխեց:
Description
Keywords
Citation
Shemmassian, Vahram L., "The Saint Paul Capuchin Mission in Musa Dagh 1919-1939", "Haigazian Armenological Review", 2023, 43/1, Beirut, pp. 387-408
Collections