The Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections of 2022 During the Presidency of Michel Aoun (2016-2022) (Part II)

Loading...
Thumbnail Image
Date
2024
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հեղինակը Հայկազեան հայագիտական հանեդէսի 39րդ հատորին մէջ անդրադարձած էր նախագահ Միշէլ Աունի նախագահութեան շրջանի 2018ի ընտրութիւններուն, իսկ այս գրութեան մէջ՝ 2022ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Հեղինակը նախ նկարագրէ նախագահ Միշէլ Աունի վարչակարգին դիմագրաւած կառավարական եւ տնտեսական տագնապները եւ յատկապէս 17 Հոկտեմբեր 2019ի շարժումը, Պէյրութի նաւահանգիստի 4 Օգոստոս 2020ի պայթումը եւ անոնց յառաջացուցած հետեւանքներն ու մէջտեղ եկած բարեկարգչական շարժումը: Այսպիսի նախադրեալներով կայացան 15 Մայիս 2022ի երեսփոխանական ընտրութիւնները, գործող համեմատական օրէնքին վրայ: Լիբանահայութիւնը եւս իր յատուկ պայմանները ունէր, որոնց կ'անդրադառնայ հեղինակը, ապա կը ներկայացնէ թեկնածութիւններու յառաջադրանքը, ցանկերու կազմութիւնն ու ընտրապայքարը: ՀՅԴ ներկայացուց հինգ թեկնածուներ, 3ը՝ Պէյրութի մէջ, մէկական՝ Մեթնի եւ Զահլէի մէջ, յուսալով որ ասոնցմէ 4ը կ'ընտրուին: Մեթնի մէջ Ան ցանկ կազմեց Մըր ընտանիքին հետ, Պէյրութի մէջ՝ Ազատական հոսաքին հետ, իսկ Պեքայի մէջ՝ այս վերջիններուն եւ Հըզպալլայի հետ: ՀՅԴ յաջողեցաւ 3 երեսփոխան ունենալ, սակայն, ասոնցմէ մին՝ Ճորճ Պուճիքեան, դուրս դրուեցաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքէն: ՍԴՀԿն ունեցաւ սեփական թեկնածու եւ Պէյրութի մէջ զինակցեցաւ Լիբանանեան ուժերուն հետ: Վերջինս պնդեց Ժիհատ Բագրատունին նոյն ցանկին վրայ պահել ու վերջինս ընտրուեցաւ, ստանալով նաեւ 208 հայկական քուէներ: Պառակտուած էր ՌԱԿը: Զարթօնք զօրակցեցաւ երեք թեկնածուներու, որոնցմէ Փոլա Եագուպեան, իր անհատական ջանքերով յաջողեցաւ ընտրուիլ: Իսկ «ՌԱԿի Շրջանային վարչութիւն» անունով գործողները հայ կուսակցութիւններուն զօրակցեցան: ՀԲԸՄի Լիբանանի շրջանակը զօրակցեցաւ Ժան Թալուզեանին, որ յաջողեցաւ 779 հայկական քուէներու կողքին մեծ թիւով քուէներ ապահովել սիւննի համայնքէն եւ երեսփոխան ընտրուիլ:
Description
Keywords
Citation
Messerlian, Z., "The Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections of 2022 During the Presidency of Michel Aoun (2016-2022) (Part II)", "Haigazian Armenological Review", 2024, 44/1, Beirut, pp. 121-157
DOI
Collections