Armenie et Byzance

Loading...
Thumbnail Image
Date
2000
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հեղինակը ընդհանուր ակնարկով մը կը ներկայացնէ Հայ-բիւզանդական յարաբերութիւնները՝ Բիւզանդիոնի արեւելեան քաղաքականութեան լոյսին ներքոյ ի դիմաց կայսրութեան արեւելեան սահմաններէն եկող սպառնալիքներու: Ան իր յօդուածին գլխաւոր առաջադրանք կը դարձնէ պարզաբանել Հայ-բիւզանդական մերձեցման իւրայատկութիւնները եւ հետեւանքները` իր վերլուծութիւնը հիմնելով երեք խարիսխներու վրայ.- ա) Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը եւ ընկերային կառույցը: Այս առումով, ան կը ծանրանայ Հայաստանի աշխարհագրական դիրքին, նշելով անոր նոր թամփոն պետութիւն ըլլալու եւ Արեւմուտքի ու Արեւելքի միջեւ կամուրջ մը ըլլալու հանգամանգները, կ'անդրադառնայ ընկերային կառոյցին՝ թագաւոր-աւատատէր-նախարար-եկեղեցական-ազատ-չինական-ռամիկ։ Հեղինակը կը մատնանշէ նաեւ որ Հայաստանի լեռնային պայմանները տարանջատման, կեդրոնախուսութեան եւ բաժանուածութեան աւելի լաւ պայմաններ յառաջացուցած են։ բ) Հայ-բիւզանդական յարաբերութիւններու քաղաքական երեսակը։ Այս խնդրով Հեղինակը ժամանակային Հինգ բաժանումներու կ'ենթարկէ զայն՝ Արշակունիներ, Հայաստանի բաժանում Բիւզանդիոնի ու Սասանեան Պարսկաստանի միջեւ, Արաբական տիրապետութեան շրջան, Բագրատունեաց շրջան եւ հուսկ՝ մինչեւ Հայաստանի սելճութեան տիրապետութեան սկիզբ, այսինքն` Մանազկերտի Ճակատամարտ, 1071: գ) Հայ Եկեղեցուոյ եւ քաղաքակրթութևան փոխ-յարաբերութիւնը Բիւզանդիոնի համապատասխան օղակներուն հետ։ Այս բաժնին մէջ հեղինակը կը հաւաստէ թէ Հայաստան կրցաւ յատուկութիւն մը ունենալ որ զինք պահպանեց իր դրացի մեծ տէրութիւններուն միաձուլուելէ։ Այս առումով մեծ դեր խաղաց Հայ Եկեղեցին, որուն սերտօրէն կապուած է հայ քաղաքակրթութիւնը։ Հեղինակը մատնանշելով Գրիգոր Լուսաւորիչի օծումը Կեսարիոյ մէջ, կը յիշէ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ առնչութիւնը Ասորի եկեղեցիին՝ եզրայանգելով Հայ քրիստոնէութեան երկակի աղբիւրին։ Հեղինակը կը Հաւաստէ թէ Հայոց Համար Բիւզանդիոնը Հելլենացում կը նշանակէր, որուն վտանգէն կը խուսանաւէր հայութիւնը, ինչպէս կը պաշտպանուէր արեւելքէն իրեն սահմանակից Իրանէն։ Այս գոյապայքարով կը բացատրէ հեղինակը ծնունդը հայկական այբուբենին, զոր մեկնակէտը կը նկատէ հայ մատենագրութեան սկզբնաւորման, որ իր հերթին աւելի ազգային նկարագիր տուաւ Հայ Եկեղեցիին: Յետագայ դարերը փորձանաւոր եղան Հայ Եկեղեցիին համար, մանաւանդ Հայաստանի բաժանումէն ետք, երբ ան ճնշումներու ենթարկուեցաւ՝ միանալու համար Կաթողիկէ Եկեղեցիին։
Description
Keywords
Citation
Beohlig, A., "Armenie et Byzance", "Haigazian Armenological Review", 2000, Beirut, pp. 139-150
DOI
Collections