Browsing by Author "Ingrid Leyer Semaan"
Now showing 1 - 7 of 7
Results Per Page
Sort Options
Item A Turkish Proverb and its Tradition(2008) Ingrid Leyer SemaanՀեղինակուհին կ'անդրադառնայ ընդհանրապէս ասացուածքի ծնունդին եւ անոր բնոյթին՝ իբր ժամանակի հաւաքական փորձառութեան խտացում, ապա կը ծանրանայ զայն ընկալող մարդոց մտասեւեռումներուն եւ ըմբռնումներուն, անոնց մտայնութեան եւ հոգեբանութեան վրայ առակին գործած ազդեցութեան վրայ: Ան կ'առարկէ որ առարկը կարծրատիպերու եւ ընդհանրացումներու կ'առաջնորդէ, որոնք ոչ անպայման ճիշդ ընդհանրացումներ են եւ յաճախ խոտոր կը համեմատին մտածող մարդու բանականութեան, բայց միաժամանակ գործնական են քանի որ կը փոխարինեն անձնապէս չշահուած փորձառութեան մը՝ ենթակային շնորհելով ձեռք բերուած ընդհանրացած «ճշմարտութիւն» մը կամ արժէչափ մը: Այս յենքին վրայ, Սըմաան կը դեգերի արեւմտաեւրոպական գրականութեան մէջ, ու ի յայտ կը բերէ «հրեայ մը կը գերազանցէ տաս քրիստոնեայ, եանքի մը կը խաբէ յիսուն հրեայ, իսկ մէկ հայր կը համապատասխանէ հարիւր եանքիի» առակին բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ տարբերակները: Սըմաան կը վիճարկէ որ նման ընկալման հետեւանքով յառաջացած է այն ըմբռնումը, որով կ'արդարացուէին հայկական ջարդերը, քանի որ անոնցմով կը վերանային խաբեբայ հայերն ու անոնց խաբեբայութիւնը, ջարդերը կը դիտուէին իբրեւ ինքնապաշտպանութեան եւ պատիժի միջոց հայոց խաբեբայութիւններուն դէմ: Հեղինակուհին աւելի հանգամանալից կ'անդրադառնայ գերմանացի գրող Քարլ Մէյի երկերուն, որոնք գերման ընթերցասէր մանուկներու բարեկամներն են եղած եւ որոնք որոշ մտայնութիւն մը յառաջացուցած են այդ մանուկներուն մէջ: Հուսկ, յօդուածագիր մանաւանդ Մէյը կը մեղադրէ «սեւացրէքեան» աշխատանքի մէջ, իբրեւ ստոր ու խաբեբայ ներկայացնելով հայերը: Ան նման հեղինակներ մեղսակից կը նկատէ հայկական ջարդերը ուղղակիօրէն իրականացնող թուրքերուն եւ քիւրտերուն, որովհետեւ անոնք «վստահեցան ասացուածքին իբրեւ ընդունուած ճշմարտութիւն: Ասիկա զիրենք մեղաւոր կը դարձնէ, որովհետեւ բառերով սպաննելը դեռեւս ոճիր է»:Item Armin Theophil Wegner : Armenophile 1886 - 1978(1995) Ingrid Leyer SemaanՀպանցիկ ակնարկ մը ետք գերման Արմին Թեոֆիլ Վեկնէրի կեանքին ու գործունէութեան վրայ՝ Դոկտ. Սըմաան կը փորձէ շեշտը դնել բանաստեղծ, արձակագիր, վիպագիր, ընկերային գործիչ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ընթացքին Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններէն ներս մարդկութեան ծառայելու մեկնած մարդուն վրայ, վերիվայրումներով առլի կեանք մը, որ մնաց ենթակայ ո՛չ միայն պատերազմի ընթացքին իր ապրած ցնցումներուն եւ յուշերուն, որոնք իրն եղան ահաւորութենէն Հայկական Տասնհինգին՝ այլ նաեւ այն ճնշումներուն եւ հալածանքներուն, որոնք իր բախտակիցներէն շատերուն հետ վիճակուեցան իրեն երեսունական թուականներու Երրորդ Ռայխի ստեղծած մութ ազգայնականութեան եւ մոլեռանդ ու թթու ցեղապաշտութեան շնորհիւ: Ինչպէս բազմաթիւ գերման գրողներուն եւ արուեստագէտներուն գործերը` իրեններն ալ դարձան հրոյ ճարակ եւ ինքն ալ ուրացուեցաւ փողոցի տականքին եւ նացիականութեան կերտած եւ յառաջացուցած պիղծ ցեղամոլներու եւ գտարիւն արիականութեան յաճախանքեն վարակուած մարդկային խեշերանքին նախճիրային իմաստակութենէն եւ առ այդ ճաշակեց չորն ու չարը կեդրոնացումի կայաններուն: Այսուհանդերձ՝ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի աւարտէն ետք անիկա մերժեց մնալ սահմաններէն ներս իր հայրենական հողերուն եւ անցաւ Հռովմ, ուր անցուց մնացեալ մասը կեանքին: Վերիվայրումներով, ահաւոր ցնցումներով եւ փեռեկտումի ենթարկուած մարդու իր հոգիով եւ առօրեայով, սակայն, Վեկնէրը մնաց պինդ ու զօրաւոր հաւատաւորը մարդկային եւ անհատին արժէքներուն, եւ արտայայտչապաշտ քերթողի իր էջերուն մէջ դրսեւորեց մարդկայնական այն ոգին, որ իրն էր եղած Հայկական Տասնհինգի օրերուն իսկ։ Նկարագրային գիծի մը վերածուած այս մարդկայնականութիւնը, որ կը մատչի մարդասիրութեան՝ քալեց իրեն հետ կեանքի իր բոլոր արահետներուն վրայ եւ մինչեւ աւարտն իր կեանքի օրերուն: Իր գործերէն բազմաթիւներ եղան դրսեւորումը հայու տառապանքին եւ արիւնումին. անհատական եւ ընկերային իր կեանքէն նե'րս ալ անիկա եղաւ իր հայրենակիցներուն մէջ այն շա՛տ քիչերէն, որոնք գիտցան զանազանել իրաւն ու արդարը եւ զանոնք վեր դասել իրենց պետականութեան քաղաքականութեան անբարոյութենէն, եւ առ այդ ձայն բարձրացնել հոն ուր անհրաժեշտ էր։ Քաջ ու խիզախ, եւ ճշմարտութեան եւ մարդկային արժէքներու խօսնակ այս գրողն էր, որ ի վերջոյ, որ մըն ալ հրաւիրուեցաւ Էջմիածին՝ ստանալու համար գերագոյն գնահատանքը, զոր Հայ Եկեղեցին կրնար տալ որեւէ մէկուն: Հո՛ն էր որ Վազգէն Ա. Վեհափառին հետ ունեցած մտերիմ զրոյցէ մը ծնունդ առաւ գաղափարը երկնումին հայու տառապանքին արժանի քանի մը գործերու: Ահաւասիկ, Արմին Թեոփիլ Վեկնէրի հայութեան հետ աղերսուող կարգ մը այլ գործերու կարգին՝ Դոկտ. Ինկրիտ Սըմաանը կը մատչի հիմնական երկու այն գործերուն, որոնցմէ տասը նուագեայ դիւցազներգութիւն մըն է առաջինը՝ Տաս Արմենիշէ Թոթենլիյտ խորագրով, եւ վէպ մը երկրորդը` Տի Աուաթրայբունգ վերնագիրով, որոնք յաջորդաբար կը հիւսուին Միհրան Եւ Ադամ անունով պատանի երկու հայորդիներու շուրջ: Դժբախտաբար, սակայն, անոնցմէ երկուքն ալ մնացին թերաւարտ, եւ հազիւ թէ անոնցմէ փոքր հատուածներ եւ փոքր ամփոփումներ հասան մամուլի բարիքին. ըստ Դոկտ. Սըմաանին՝ Վեկնէր չկարողացաւ ամբողջացնել զանոնք՝ պարզօրէն անոր համար անցնող տարիները շատ բան էին փոխած իրմէ ներս. առ այդ յօդուածին հեղինակը կ'եզրակացնէ, թէ «մինչ այդ անիկա ծերացեր էր եւ յոգներ, եւ կեանքի հանդէպ փոխուեր` իր կեցուածքը։ Աճեր էր քանակը ձեռագիրներու էջերուն, որոնք պէտք ունէին յօտումի: Հիմնականին մէջ վիպագիր մը չէր աչքառու պատկերներու արտայայտչապաշտ բանաստեղծ Վեկնէրը, որ ինքզինք նետեր էր սխալ գործի մը։ Անշուշտ Վեկնէր ի՛նքն իսկ գիտակ էր այս հարցերէն ոմանց: Յաճախ կը կրկնէր ինքզինքին. «Կրճատէ՛, կրճատէ՛, կրճատէ՛ - ա՛յս է հիմնական հարցը». սակայն ի զուր: Անիկա գիտէր, որ բանաստեղծի իր երէկը զինք վատ էր պատրաստած վէպի բարդ կառոյցին հետ վարուելու համար, մինչդեռ Պալզաքն ու Թոլսթոյն վարուեր էին անոր հետ այդքա՛ն հեզասահ կերպով։ Գուցէ անիկա կը զգայ նաեւ, որ իրեն դաւաճաներ էր իր բարեկամը՝ Ֆրանց Վերֆէլը, որուն Մուսա Տաղի Քարասուն Օրերը վէպն եղեր էր մեծ յաջողութիւն մը: Վեկնէր կը խորհէր թէ իր բարեկամն իրմէ խլեր էր նիւթը։ Դաւաճանութեան շեշտ մը կար հայերուն մօտ նաեւ` կը մտածէր Վեկնէր: Անոնք պարզօրէն շա՛տ էին խանդավառ Վերֆելի վեպի իրենց գովեստին մէջ։ Դոկտ. Ինկրիտ Սըմաանի ուսումնասիրութիւնը լուսամուտ մըն է Արմին Թեոֆիլ Վեկնէրի գրականութեան հայութեան հետ առընչուող հատուածին վրայ բացուող, իսկ անոր յաջորդող գերմաներէն եւ անոր անգլերէն թարգմանուած հատուածները յաւելո՛ւմ մը գերման բանաստեղծին ներքին աշխարհին լաւագոյնս ճանաչումի ճամբուն վրայ։Item German-Turkish Encounters over the Genocide of the Armenians(2007) Ingrid Leyer SemaanItem Harry Potter and the Proverbial Armenian Merchant(2000) Ingrid Leyer SemaanՀեղինակը իր յօդուածին նիւթ կը դարձնէ օտար՝ անգլիական, ֆրանսական եւ գերմանական անցեալի թէ ժամանակակից գրական ճանապարհորդական հատորներու մէջ ներկայացուած հայու ընդհանրական կերպարը: Ան կը խմբաւորէ հայու կերպարներու մի քանի տարբերակ. վաճառականը, նորջուղայեցին, հայ կինը՝ բոլորն ալ ներկայացուած ընդհանրապէս ժխտական գիծերով։ Օտար հեղինակներու շարքին ան կ'առանձնացնէ մանաւանդ գերմանացի Քարլ Մայը, որուն բազմաթիւ հատորներուն մէջ միշտ ալ հայը ներկայացուած է իբրեւ Ժխտական կերպար: Յատկանշական է այն որ Մայի հատորները իբրեւ ընթերցող նկատի ունին պատանիներն ու տակաւին մտային կազմաւորման տարիքի մէջ գտնուող գերմանացի պատանի սերունդները: Հեղինակը հարց կու տայ այն մնայուն տպաւորութեան որ այդ սերունդները կը գոյացնեն երբ աշխարհի հեռու անկիւններու եւ տարբեր ժողովուրդներու մասին կարծիք կը գոյացնեն հայու կերպարը ժխտապէս ներկայացնող Մայի հատորներէն։ Ան իրաւամբ կը մատնանշէ թե նոյնինքն Հիթլէր զօրաւոր ազդեցութիւնը կրած է Մայի հատորներուն: Ինկրիտ Սըմաան ընդհանուր գիծերու մէջ կը ներկայացնէ Մայի կեանքի ու կազմաւորման զանազան հանգամանքները` բանտին մէջ թէ այլուր։ Ան կը մէջբերէ նաեւ այն բազմաթիւ մեկնաբանութիւններն ու դրդապատճառները որոնք առիթ հանդիսացած կրնան ըլլալ Մայի այս վերաբերումին: Սըմաան, մեկնելով հեղինակներու՝ հայ կերպարներուն տուած ընդհանրացման ուժէն, մտահոգութիւն կը յայտնէ թէ եղածը հայու դիմանկարի խաթարումն է, համազօր՝ սպաննութեան: Հեղինակը կը նշէ թէ հակասեմականութեան համար օրէնքներ որդեգրուած են զանազան երկիրներու մէջ, կարծէք յուշելով թէ թերեւս այդ օրէնքները պէտք է հասցէագրուած ըլլան ընդհանրապէս բոլոր հակացեղային ուղղութիւններու: Ան մտահոգութիւն կը յայտնէ թէ հայու դիմանկարի այս խաթարումը կը շարունակուի նոյնիսկ մեր օրերուն, ի տես պատանիներու հասցէագրուած Harry Potter and the Chamber of Secrets հատորաշարքին, ուր հակառակ անոր որ ընդամէնը մէկ անգամ, այդուհանդերձ հատորին պատմութեան թաւալքի շատ ուշագրաւ մէկ պահուն կը յիշատակուի հայ ազգութիւնը հատորին ժխտական գլխաւոր կերպար Լոքհարթին։Item The Armenian Enclave on Cavanaugh Street: Social History and the Mystery Novel(1997) Ingrid Leyer SemaanՃէյն Հետտեմ անուն հեղինակուհիի մը 1990-96 շրջանին Նիւ Եորքի մէջ լոյս ընծայած գաղտնի-ոստիկանական վէպէրու 12 հատորներու բովանդակութեան հիման վրայ Դոկտ․ Սըմաան կը ներկայացնէ հայկական երեսակը այս վէպերուն։ Ճէյն Հետտեմի վերոյիշեալ բոլոր վէպերուն գլխաւոր հերոսը Կրեկոր Տէմարգարեանն է, որ եղած է Հարվըրտի ուսանող, պաշտօնավարած է Պի․Այ.ի մէջ։ Սակայն իր կնոջ դանդաղ ու ցաւալի մահէն ետք, Կրեկոր կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Ֆիլատելֆիոյ Քեւընօ թաղամասը, եւ կ'աշխատի իբրեւ անկախ գաղտնի ոստիկան։ Հետտէմ կը հետեւի գաղտնի-ոստիկանական վէպի տասնաբանեային եւ համառօտակի, ակնարկային ու մակերեսային հպումներով կ'անդրադառնայ հայկական այդ թաղամասին ընկերային զանազան երեսակներուն բնակիչներուն առօրեային ընդմէջէն։ Ճէյն Հետտեմի Քէւընօ թաղամասը հայկական ովասիս մըն է, ուր դրուագային ձեւով կը տողանցեն հայ կանայք այրիներ, եղեռնի մազապուրծներ, միջին սերունդի կանայք եւ Հայաստանէն արտագաղթածներ։ Հետտէմի վէպերու կրկնուող այս հայկական միջավայրի կցկտուր տուեալներու մէկտեղումէն կը հիւսուի հայկական իւրօրինակ դրախտ մը, ուր 20րդ դարավերջի Մ. Նահանգները ցնցող հակամարդկային չարը մուտք չէ գործած եւ որ քիչ մը կը նմանի ամերիկացիին երազած դրախտին: Հետտէմ կը ներկայացնէ կարգ մը ցցուն երեսակները Քեւընոյի հայկական հաւաքականութեան. բաներ որոնք կը զատորոշեն այդ ընկերութիւնը միւսներէն: Հայկականօրէն եւս խորթ է ան, մանաւանդ իր ապակուսակցականութեամբ եւ միակ եկեղեցիով (ո՛չ կաթողիկէ, ո՛չ աւետարանական, ո՛չ ալ պառակտուած): Հետտէմի վիպաշարքին ընդմէջէն կը պարզուին ամերիկահայ սերունդներու տարբերութիւնները, հայկականութեան դրսեւորումները, եւ մանաւանդ տնտեսական, ընկերային, պատմական եւ ազգային տեղաշարժերը, որոնք կը դիտուին Կրեկոր Տէմարգարեանի ակնոցով:Item The Mountain, the Land and the Ruins(1998) Ingrid Leyer SemaanAbstract Անատոլուն... Քիւրտիստանի կուսականութիւնը... Հայաստանը... Նոյեան տապանը եւ այգին... Արարատ լեռը... Եդեմի պարտէզը՝ վայրեր ուր հասան Արեւելք ճամբորդող ճանապարհորդները, մարդկութեան ժամանակի եւ տեղի սկզբնաւորման իրենց փնտռտուքին մէջ... Անյիշելի ժամանակներէ ի վեր Սուրբ Լեռն ու անմիջական շրջակայքը հրապուրեր են մարդկութեան երեւակայութիւնը։ Ուսումնասիրութիւնը կը ծանրանայ ԺԹ. դարու կէսերէն մինչեւ Ի. դարու սկիզբը առասպելական այս վայրերը այցելած ճանապարհորդներուն-ուխտաւորներուն՝ տպաւորութիւններուն, ճեպագրութիւններուն, նկարագրութիւններուն, տեղական բնութեան ու բնակչութեան հետ իրենց շփումներուն, եզրակացութիւններուն, եւ իրենց այս խորհրդաւոր ուխտագնացութեանց վերաբերող գրութիւններուն-գիրքերուն։ Այս օտարերկրացիներուն ոդիսականը ի յայտ կը բերէ նաեւ շրջանի բնակչութեան կենցաղին, առօրեային, անցեալին բնակած մեծ ու հսկայ քաղաքներուն, ինչպէս Անիի, Կարսի, Վանայ Լիճի Աղթամար կղզիին ճարտարապետական նուաճումներէն եւ ներկայի ճակատագրէն դրուագներ։Item Woman to Woman: The American Missionary Wife and the Armenian Woman(1996) Ingrid Leyer SemaanԱռաջին միսիոնարուհին դէպի Հայաստան եղաւ Նինոն (Նունէ*), որ Երուսաղէմի մէջ դաստիարակուելէ ետք դուինցի Նիափարա Սահա կոչուած հայուհիին կողմէ առաքուեցաւ արեւելք՝ քրիստոնէութիւնը տանելու համար վրացիներուն։ Աշխատանքի եւ առաքելութեան անոր առաջին հանգրուանն եղաւ Բիւզանդիոնի մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիսը, ուր, սակայն, հալածուելով` իր ընկերուհիներով անցաւ Հայաստան, հոս ալ, սակայն, հալածուելով՝ նահատակուեցան ինք եւ իր ընկերուհիները (Հռիփսիմեանց կոյuե՞ր): Դարերու անցքին հետ Նինան չմնաց առանձին, եւ անոր յաջորդելու եկան այլ առաքեալներ եւ մերթ` անոնց ընկերակցող իրենց տիկինները։ Նինայի յաջորդներուն մէջ կը գտնենք կաթողիկէ Յիսուսեանները, Անկլիքան Եկեղեցին, գերման Լուտերականները, եւ ուրիշներ, որոնց ներկայութիւնն զգալի դարձաւ եւ աշխատանքներն՝ արդիւնաէտ՝ մանաւանդ տասնիններորդ դարուն։ Այս բոլորին մէջ իրենց աշխատանքով, գործունէութեամբ եւ գործելակերպով հիմճական մնացին ամերիկեան Պորտ ընկերակցութեան առաքեալները, որոնք եթէ արեւելք հասան քրիստոնէութիւնը տանելու համար հրէային եւ մահմետականին՝ շուտով. սակայն, գտան որ կը գտնուէին պատին առջեւ անկարելիութեան մէկուն քարացած կրօնամոլութեան եւ միւսին՝ կրօնափոխութեան պարագային մահուան դատապարտումին պատճառով։ Ուղղակի գործունէութեան մը ձախողանքին դէմ յանդիման՝ անոնք որոշեցին անուղղակի միջոցը, նախ բարեկարգել եկեղեցին քրիստոնեայ հայուն, դաստիարակել զայն, անկէ ստեղծել ընդունելի տիպարը իսկական քրիստոնէային եւ անոր օրինակով քրիստոնէութիւնն ընդունելի դարձնել ոչ քրիստոնեային: Սակայն, ըստ այս առաքեալներուն, խաթարուած էր քրիստոնէութիւնը քրիստոնեայ հայուն, եւ կը կրէր դարերու տգիտութեան բեռին ներքեւ: Դիւրին չեղաւ Պորտի ներկայացուցիչներուն առաքելութեան իրագործումը, որովհետեւ անոնք իրենց դէմ գտան ծառացումը հայուն հետ եկեղեցիին։ Այս իրագործումին մէջ միսիոնարներուն թիկունք կանգնեցան նախ անոնց կիները, եւ ապա Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ վայրերէն հաւաքագրուած այլ միսիոնարուհիներ: Աստուծոյ խօսքը տանելու համար հայութեան՝ անհրաժեշտ էր նախ ուսումնառութիւնը անոր, որպէսզի անիկա կարենար կարդալ Մեծ Գիրքը եւ ջուրն ուղղակի խմէր ակէն։ Սա կը նշանակէ մէկ բան. հարուածել հայ եկեղեցին եւ անոր դարաւոր գործն ու վարկը: Դիւրին չեղաւ մատչիլ հայութեան։ Օտարը միշտ ալ մնաց օտար եւ հալածուեցաւ, մերժուեցան եւ անգոսնուեցաւ։ Քրիստոնէութեան օտար ծառաներուն հազիւ թէ արտօնուեցաւ մատչիլ հայութեան: Հոս, ճիշդ հոս ալ մէջ մտան նախ անոնց կիները եւ ապա իրարայաջորդ սերունդները ամուրի առաքելուհիներուն, որովհետեւ անոնք էին որ կարողացան քանդել պատուարները եւ հալեցնել սառը՝ կինէ կին հաստատուած յարաբերութեամբ եւ իրենց անձնական օրինակով: Ուսեալ եւ զարգացած այս օտարուհիներն էին, որ շուտով գտան իրենց ընկերներուն հետ թէ եթէ պիտի յառաջացուէր որեւէ փոփոխութիւն հայութեան, անոր եկեղեցիին եւ հաւատալիքներուն մէջ՝ անհրաժեշտ էր նախ դաստիարակել հայ անհատը, սորվեցնել եւ ուսում ջամբել անոր, որպէսզի կարելի ըլլար անոր ձեռքը տալ Աստուածաշունչը: Ընել կարենալու համար այսպէս՝ անոնք հաստատեցին զանազան մակարդակի ուսումնարաններ, որոնք, ի՞նչ խօսք, առջի օրերուն եղան լոկ մանչերու համար։ Դիրին չեղաւ աղջիկներն ալ ներգրաւել ուսումնական եւ դաստիարակչական համակարգ, այսուհանդերձ ժամանակը եկաւ լուծելու շատ բան, եւ հետզհետէ, դպրոցներ հաստատուեցան հայուհիներու համար եւայլն: Եւ հեղ մը որ հայուհին առաւ համն ու բոյրը ուսումին եւ դաստիարակութեան՝ ալ չկեցաւ ետ հայ տղամարդէն, եւ անոր հետ քալեց անվախ եւ ճակատը բաց՝ հասնելու համար բարձրագոյն աստիճաններուն ուսումնառութեան, եւ ապա ինքն իր կարգին, դառնալու դաստիարակչուհին եւ ուսուցչուհին իրարայաջորդ հայ սերունդներուն: Տալու համար մէկ պատումը հայուն եւ հայուհիին ուսումնական եւ կրթական այս գործընթացին՝ Դկ. Սըմաան առաւելաբար կը յենի տուեալներուն վրայ Պոսթոն հաստատուած Ամերիկեան Միսիոնարական Պորտի Սիշընըրի Հերըլտին, որոնք, սակայն, միշտ չեն որ կ'ենթարկուին մանրազնին քննութեան եւ դատումի։ Հակառակ սա իրողութեան, սակայն, այդ տուեալներով է, որ հեղինակը կը փորձէ, գծել ու տալ մէկ պատկերը տասնիններորդ դարու հայ դպրոցին, անոր գոյառումին, դիմակայած դժուարութիւններուն եւ վերջնական յաղթանակին, որոնց մէջ մեծ դեր խաղացին առաքելուհիները, եւ օրինակ ծառայեցին հայութեան եւ հայուհիներուն, որ իրենց վրայ վերցնեն դաստիարակութիւնն ու կրթումը հայ տղոց եւ աղջիկներու յաջորդական սերունդներուն: Մասնաւորելով իր խօսքն ու գնահատականը ամերիկացի եւ ազգային այլ պատկանելիութեամբ այս կիներուն եւ օրիորդներուն Դկ. Սըմաան կը հաստատէ, թէ «անոնք պատիւ բերին իրենց դաստիարակի կոչումին... Նուիրեալ ուսուցչուհիներ էին անոնք եւ ուրախութեամբ բաժնեկցեցան այն ինչ որ գիտէին իրենք։ Անոնց հաստատած դպրոցներէն բոլորը չէին որ տեւեցին սակայն ի՞նչ կը նշանակէ այս մէկը։ Իրենց ներկայութիւնը հայուհիներու միջեւ եւ անոնց հետ իրենց բարեկամութեան եւ գաղափարներուն փոխանակումն էին կարեւոր: Իրենց գործին ընդմէջէն անոնք կարողացան հասնիլ եւ օգնել բազմաթիւ կիներու, կարողացան արբեցնել անոնց իմացականութիւնը, ներշնչել զանոնք ինքնավստահութեամբ, (եւ) նոյնիսկ կարողացան զգացնել ամբողջ ընկերութեան մը անհրաժեշտութիւնը փոփոխութեան»։