Repository logo
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
Repository logo

Haigazian University

  • Communities & Collections
  • All of DSpace
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
  1. Home
  2. Browse by Author

Browsing by Author "Vahram L. Shemmassian"

Now showing 1 - 10 of 10
Results Per Page
Sort Options
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Armenian Musa Dagh as a Summer Resort in the Sanjak of Alexandretta during the 1920s-1930s
    (2008) Vahram L. Shemmassian
    Հիմնուելով յուշագրութիւններու, անձամբ կատարուած հարցազրոյցներու, արխիւային նիւթերու, մամուլի մէջ լոյս տեսած լրատուութիւններու եւ զբօսաշրջական բնոյթի գիրքերու վրայ, Շեմմասեան կը վերականգնէ Ալեքսանտրէթի Սանճաքի Մուսա Լեռան ամառանոցային պատկերը՝ 1920-30ականներուն: Ըստ հեղինակին, տեղի հայ բնակչութեան չորս հիմնական բնակավայրերէն (ծովափնեայ Ալեքսանտրէթ քաղաքը իր շրջակայքով, Քրըքխանն ու Րիհանիէն, Մուսա Լեռն ու Անտիոք քաղաքը եւ Քեսապն ու շրջակայքը) ամառանոցային բնոյթի զարգացում ապրեցան Ալեքսանտրէթ քաղաքի շրջակայքն ու Մուսա Լեռը: Անդին, Քրըքխանն ու Րիհանիէն չունեցան նման բախտաւորութիւն, մինչ Քեսապ ամառանոցային զարգացում ապրեցաւ 1939էն ետք: Հեղինակը անդրադառնալէ ետք Ալեքսանտրէթի շրջակայքի հայկական ամառանոցային վայրերուն՝ Նարկիզլիքին, Աթըքին, Պէյլանին ու Սողուքօլուքին, կը ծանրանայ Մուսա Լեռան եւ մասնաւորաբար՝ Պիթիասին ամառանոցային առաւելութիւններուն վրայ: Շեմմասեան կը հաւաստէ, որ շրջանը ունէր նաեւ այլ՝ պատմական հրապոյր մը: Մուսա Լեռը, ուր տեղի ունեցած էր նոյնանուն հերոսամարտը, չէր գտնուեր թրքական գերիշխանութեան տակ: Հեղինակը կարելի մանրամասնութեամբ կը պատկերէ Պիթիասի ամառանոցային վերելքը, կ'անդրադառնայ ճանապարհաշինութեան, երկրագործութեան բարիքներուն, կը նկարագրէ անոր ամառանոցային կեանքն ու պայմանները, մօտակայ պտոյտի եւ զբօսնելու վայրերը, աղբիւրները, մատակարարուող կենցաղային դիւրութիւննեը, պանդոկները, կեցութեան այլ հնարաւորութիւնները, ժամանցի վայրերը, գեղարուեստական երեկոները եւն.: Շեմմասեան կը հաւաստէ որ մեծ թիւով հայ եւ օտար ամառագնացներ կու գային Հալէպէն, Պէյրութէն, Եգիպտոսէն, Սուտանէն, Իրաքէն: Պիթիասի եւ անմիջական շրջակայքի այս ամառանոցային եռուն կեանքը իր կտրուկ աւարտը ունեցաւ, սակայն 1939ին, երբ Ֆրանսական Հոգատար Իշխանութիւնները շրջանը (բացի Քեսապի գօտիէն) կցեցին Թուրքիոյ:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Musa Dagh During the Armenian Massacres of 1909 in Ottoman Northwestern Syria
    (2018) Vahram L. Shemmassian
    Հեղինակը լուսարձակի տակ կ'առնէ 1909ի կիլիկեան կոտորածներուն զուգահեռ՝ Օսմանեան Կայսրութեան ենթակայ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան հայաբնակ վայրերուն մէջ տեղի ունեցած ջարդերն ու վնասները եւ անոնց հետեւանքները: Ներկայացնելէ ետք Անտիոքի, Քեսապի, Հալէպի եւ շրջակայքի հայոց դիմագրաւած սպանդն ու հետապնդումները, կողոպուտը, քանդումներն ու արտաքսումը, հեղինակը կը մանրամասնէ այդ շրջանի Մուսա Լեռան հայութեան դիմագրաւած ահաբեկումի վտանգը, ջարդ-կողոպուտ-աքսորի սարսափն ու սպառնալիքը, մուսալեռցիներու դիմադրութիւնը, օսմանեան տեղական իշխանութեանց մասնակցութիւնը սպանութիւններուն, օտար միջամտութիւնը՝ կանխարգիլելու-սահմանափակելու յարձակումներն ու սպանդը, ապա նաեւ՝ իւրաքանչիւր յարանուանութեան կրած զոհերուն թիւը, կը ներկայացնէ հետեւանքները՝ հրկիզուած տուն ու խանութներու, որբերու եւ այրիներու թիւերը, նիւթական վնասները՝ ըստ գիւղի: Հեղինակը կ'անդրադառնայ նաեւ կոտորածներուն եւ աւերին արտասահմանեան արձագանգին, Մուսա Լեռ փութացուած հայ (միութենական եւ եկեղեցական) թէ օտար նպաստներուն: Հուսկ, հեղինակը կ'արժեւորէ կոտորածէն ետք տեղի ունեցած եւ ջարդարարութեան տարողութեան չհամապատասխանող կեղծ դատավարութիւններուն:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    The Economy of Armenian Musa Dagh in the 19th and Early 20th Century
    (2014) Vahram L. Shemmassian
    Մուսա Լեռան հայերը ԺԹ. դարուն եւ Ի. դարասկիզբին ունեցան կրօնական, կրթական եւ քաղաքական զարգացումներ: Այս զարգացումներով յառաջացած նոր պայմանները այս լեռնականները դուրս բերին իրենց կղզիացումէն ու 1915ին հասցուցին մինչեւ հերոսական կեցուածքի՝ Օսմանեան բանակին դէմ։ Տնտեսական կալուածը, սակայն, առհասարակ մնաց ենթակայ աւանդական ուժերուն կապալառուներու եւ հողատէրերու չարաշահումներուն, ծանր հարկերուն եւ հողագործութեան հնամենի միջոցներուն: Այդուհանդերձ, որոշ ազդակներ դրական համեստ զարգացում մը խթանեցին: Անոնցմէ էր հանգստեան կոչուած բրիտանացի դիւանագէտ մը, որ իր կեանքի մնացեալ տարիները անցուց շրջանին մէջ, նպատակ ունենալով բարելաւել ժողովուրդին վիճակը: Այլ գործօն մըն էր ներկայութիւնը պոլսահայու մը, որ իր Անտիոքի գրասենեակէն վերահսկեց մետաքսամշակութիւնը՝ Հալէպի նահանգին մէջ։ Եղան եւ երիտասարդ մուսալեռցիներ, որոնք արհեստագիտական փորձառութիւն ձեռք բերին Պրուսայի Մետաքսամշակութեան Հիմնարկին մէջ։ Յամենայնդէպս, հողամշակութեան, անասնաբուծութեան եւ առեւտուրի սահմանափակ առիթներն ու կոտորուելու մնայուն սարսափն ու անկայուն քաղաքական պայմանները Մուսա Տաղի բազմահարիւր երիտասարդներ պարտադրեցին գաղթել Մ. Նահանգներ աւելի ապահով ու խոստմնալից ասպարէզներ որոնելով: Ասոնցմէ շատեր այլեւս երբեք չտեսան իրենց ծննդավայրը։ Ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է ճանապարհորդական գրականութեան, ականատեսի վկայութիւններու, չհրատարակուած յուշագրութիւններու, ատենի մամուլին վրայ, ինչպէս նաեւ Մ. Նահանգներու, Եւրոպայի ու Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող հայ եւ օտար արխիւներու վրայ: Այս աղբիւրներէն շատեր առաջին անգամ է որ կ'օգտագործուին:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    The Evolution of the Armenian Protestant Churches in Musa Dagh, 1840-1914
    (1996) Vahram L. Shemmassian
    Մուսա լերան վրայ հայերը կը բնակէին հիմնական վեց գիւղերու` Պիթիասի, Հաճի Հապիպլիի, Սողուն Օլուգի, Խըտըր Պէկի, Վագըֆի եւ Քեպուսինի մէջ, ուր աւետարանական շարժումն սկսաւ միայն 1840ական թուականներուն, որպէս հետեւանք նախ Պոլսոյ մէջ սկսած հոգեւոր արթնութեան, որ ձեւով մը կը հակադրուէր Մայր Եկեղեցիի լճացումին, եւ ապա Ամերիկեան Պորտ Ընկերակցութեան արեւելք ղրկած միսիոնարներու ճիգերուն։ Սկզբնական օրերուն Անտիոքի մէջ առկայութեան կոչուող թոյլ կազմակերպութենէ մըն էր, որ յետագային անիկա պիտի փորձէր արմատ նետել նախ Պիթիասի եւ Հաճի Հապիպլիի մէջ 1860ական թուականներուն, ուրկէ շարժումը պիտի տարածուէր Եողուն Օլուգ (1869), Խըտըր Պէկ եւ Վագըֆ (1880ականներուն) եւ Քեպուսին՝ քչիկ մը աւելի ուշ՝ 1871-ին։ Այսուհանդերձ՝ դիւրին չեղաւ հաստատումը Աւետարանականութեան, որ ապրեցաւ բաւական վերիվայրումներ։ Այս էր պատճառը, որ տեղուոյն վրայ հաստատուած միսիոնարներ մէկէ աւելի անգամներ ստիպուած ըլլային յետս կոչելու առջի խանդավառութիւնը իրենց սկզբնական տեղեկագիրերուն, որոնք միշտ ալ առաքուեցան Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ առաքելութիւնը՝ անկէ փոխանցուելու համար կեդրոն՝ Պոսթոն: Դժուար սկսուած եւ դժուար ալ արմատաւորուող այս շարժումն ըստ տուեալներու 1906ին կը հաշուէր մօտ 675, այսինքն Մուսա Լերան հայ բնակչութեան գրեթէ 8-10 տոկոսը, իսկ Սբ. Գիրքի շաբաթօրեայ սերտողութեան կը հետեւէին 382 եւ Կիրակնօրեայ Դպրոցին՝ 401 հայեր եւ հայուհիներ։ «Այս թիւերը սակայն,- կ՛եզրակացնէ հեղինակը,— կծկուեցան Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի տարիներուն գաղթականութեան պատճառով եւ անոր յաջորդող Պիթիասի կարգ մը բողոքական ընտանիքներուն տասանորդումով, եւ Փոր Սայիտ հաստատուած գաղթական այլ ընտանիքներու Միացեալ Նահանգներ գաղթով։ Առ այդ՝ երբ 1919ին վերապրողներ վերադարձան Մուսա լեռ՝ բողոքական համայնքը գործի անցաւ տկարացած վիճակով»։
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    The Experience of Musa Dagh Armenian Immigrants in the United States During the 1910s-1940s
    (2011) Vahram L. Shemmassian
    Յօդուածը կ'ուսումնասիրէ Մուսա Լերան հայ պանդուխտ-գաղթականներու կեանքը՝ Մ. Նահանգներու մէջ, Ի. դարու առաջին կիսուն: Ան հիմնուած է ցարդ գրեթէ չօգտագործուած սկզբնաղբիւրներու վրայ, ներառեալ՝ արխիւներ, թերթեր, յուշեր, անձնական հարցազրոյցներ, նամակագրութիւններ, անձնական փաստաթուղթեր, կայքէջային տեղեկատուութիւններ, եւն.: Մուսա Լերան Մ. Նահանգներ պանդխտութիւնը ծայր առած է Ի. դարու սկիզբին, մանաւանդ՝ 1908ի երիտթուրք յեղափոխութենէն եւ անոր յաջորդող կիլիկեան եւ հիւսիսային Սուրիոյ ջարդերէն ետք: Յետագային անոնց միացած են Եգիպտոսի Փոր Սայիտի գաղթակայանէն, եւ 1916ին՝ Պուենոս Այրէսէն ժամանած գաղթականներ: Մուսա Լեռէն գաղթը վերսկսած է 1919ին՝ տեղահանուածներու Մուսա Լեռ վերադարձէն ետք: Պանդուխտ-գաղթականներուն մեծ մասը հաստատուած է Մ. Նահանգներու Արեւելեան Ափ, մասնաւորաբար Քընեթիքաթ, Նիւ Ճըրզի, Փենսիլվենիա, Մեսեչուսէց, Նիւ Եորք եւ Ֆլորիտա: Քիչեր բնակութիւն հաստատած են Քալիֆորնիա: Ասոնք գործի լծուած են մետաքսի գործարաններու, ուտեստեղէնի արտադրութեան եւ այլ մասնագիտութիւններու մէջ: Ոմանք հիմնած են իրենց անձնական գործերը: Մ. Նահանգներու հեռաւորութիւնը արգելք չէ եղած որ ամուր կապ պահպանուի ծննդավայր Մուսա Լերան հետ: Պանդուխտ-գաղթականները ներքին ցանց մը յառաջացուցած են, պահպանած իրենց աւանդոյթները եւ շարունակած հաղորդակցիլ իրենց բարբառով: Այդուհանդերձ, համարկումը անխուսափելի եղած է: Դպրոցներու, ակումբներու, եկեղեցիներու թէ կամաւորական ընկերակցութիւններու ընդմէջէն գաղթականները առնչուած են ամերիկեան կեանքին: Անոնցմէ ոմանք մաս կազմած են նաեւ ամերիկեան զինեալ ուժերուն՝ Համաշխարհային Բ. Պատերազմի տարիներուն: Յաջորդ սերունդէն շատեր խառն ամուսնութիւններ կնքելով սկիզբ դրած են ամբողջական ձուլման:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    The Industries in Armenian Musa Dagh during the 1920s-1930s
    (2009) Vahram L. Shemmassian
    Հիմնուելով սկզբնաղբիւրներո, արխիւային եւ անձնական նիւթերու, նամակագրութեան, բանաւոր հարցազրոյցներու եւ այլ նիւթերու վրայ, ուսումնասիրութիւնը կը քննէ Մուսա Լերան հայոց ճարտարարուեստը 1920-1930ականներուն: Հիմնականին մէջ ան կ'անդրադառնայ փայտի եւ ածուխի արտադրութեան, մետաքսագործութեան եւ առնչակից արտադրութիւններու եւ հիւսուածեղէնի արդիւնաբերութեան: Այլ արդիւնաբերութիւններ, կ'ենթադրեն այլ առանձին ուսումնասիրութիւն: Թէեւ փայտի եւ ածուխի արտադրութեամբ կը զբաղէին հայ, թիւրքմէն, եւ ալեւի գիւղացիներ, այդուհանդերձ երկու հայ ընտանիքներ (սկզբնապէս Պօղոսեանները, որոնք մուսա լեռցիներ չէին, ապա եւ Եողունօլուքի Գազանճեանները) մենաշնորհի աստիճանի հասցուցեր էին այս արդիւնաբերութիւնը: Մասնաւորաբար Գազանճեանները, վարելու համար իրենց ընդարձակ գործողութիւնները, գործակալներու եւ գրասենեակներու ցանկ մը հաստատած էին Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի եւ Եգիպտոսի մէջ: Դժբախտաբար այս բոլորը կանգ առին 1938ին, երբ Գազանճեանները լքեցին շրջանը՝ Ալեքսանտրէթի Սանճաքի տագնապին մագլցումով: Շերամաբուծութիւնը Մուսա Լերան հայերուն եկամուտի գլխաւոր աղբիւրը կը հանդիսանար 1920ականներու կէսերուն: Անոր առեւտուրին կը տիրապետէին հայ եւ յոյն երեւելիներ կամ առեւտրականներ, որոնք յաճախ կը ճշդէին շերամի խոզակին գինը՝ ի հաշիւ հայ գիւղացիներուն: Մետաքսագործութիւնն ու մետաքսեայ իրերու արդիւնաբերութիւնը սուր անկում մը արձանագրեց 1920ականներու երկրորդ կէսէն սկսեալ՝ երեք պատճառներով.- ա- Սուրիա-Կիլիկիա սահմանին փակումը 1921ին, բ- Արհեստական մետաքսի եւ աժան այլընտրանքներու յառաջացումը, գ- Ճափոնի տիրապետւմը համաշխարհային շուկաներուն: Տնտեսական այս անկումը պատճառ դարձաւ գործազրկութեան արտագաղթի եւ երկրագործական արտադրութիւններու վերափոխման: Թէեւ թաշկինակագործութիւնը, ձեռագործութիւնը եւ գորգագործութիւնը իբրեւ այլընտրանքային արտադրութիւններ որոշ նիւթական մը կ'ապահովէին, սակայն անոնք անհամեմատ նուազ էին մետաքսագործութեան փառքի օրերուն յառաջացած շահերէն: Ոստայն Հիւսուածեղէնի Անանուն Ընկերութեան հաստատումը Պիթիաս գիւղին մէջ 1935ին, լաւ ապագայի մը հեռանկարը կը խոստանար: Աւելի քան 50 բանուորներ կը գործէին ելեկտրականութեամբ եւ ձեռքով բանող մեքենաներու վրայ՝ հիւսուածեղէն արտադրելու համար: Արտադրանքը կը ղրկուէր Հալէպ, հիւսուածեղէնի հայապատկան ընկերութեան մը՝ Նիշարթվա: Դժբախտաբար, սակայն, Ոստայնը լուծարքի ենթարկուեցաւ իր հիմնումէն երեք տարի ետք, 1938ին, դարձեալ՝ Ալեքսանտրէթի Սանճաքի տագնապին վատթարացումով:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    The Musa Dagh Armenians: A Socioeconomic and Cultural History 1919-1939
    (2015) Vahram L. Shemmassian
    Authored by Prof. Vahram L. Shemmassian the book is a detailed and thorough examination of the Armenians of Musa Dagh before their relocation in Anjar. It documents their extensive life, the social aspect, agriculture, trades, migration and cultural manifestations.
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    The Musa Dagh Resistance to the Armenian Genocide
    (2015) Vahram L. Shemmassian
    Արխիւային, յուշագրական, տպագիր, ձեռագիր եւ այլ հարուստ նիւթերու հիմամբ հեղինակը կը ներկայացնէ Մուսա Լեռան հերոսամարտը՝ Աշխարհամարտի համապատկերին վրայ։ Երիտթուրք իշխանութիւն եւ քրիստոնեայ հայ փոքրամասնութիւն փոխյարաբերութիւնը տեղաւորելով ուժերու անհաւասարակշիռ յարաբերութեամբ դրսեւորուող հայեցակարգի մէջ, այդ ենթախորքին վրայ, հեղինակը թրքական գերակշիռ կողմին կամքի բռնի պարտադրանքի դրսեւորում կը նկատէ Հայոց հանդէպ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը եւ անոր մէկ մանրապատկերը հանդիսացող Մուսա Լեռան ինքնապաշտպանութիւնը: Հեղինակը կը ներկայացնէ ինքնապաշտպանութիւնը կանխող օսմանեան սեֆերպերլիքը՝ զօրակոչը, եւ մանրամասն կը նկարագրէ մուսալեռցիներու ընդառաջումը զօրակոչին՝ հակառակ տիրող անվստահութեան կասկածներուն։ Զինակոչիկները կ'ուղղուին Անտիոք, կ'արձանագրուին, սակայն անոնց մէկ մասը կը խուսափի ճակատ մեկնել Պալքանեան Պատերազմին (1912-1913) մասին օսմանեան բանակայիններու սարսափելի պատմութիւնները լսելով։ Միւս մասը կը միանայ օսմանեան բանակին, կը տարուի Հալէպի եւ Այնթապի շրջանները եւ ծանր պայմաններու մէջ կը պարտադրուի ճանապարհաշինութեան եւ խրամներ փորելու աշխատանքներուն, մինչ աւելի: Զօրակոչը ծանր կը կշռէ Մուսա Լեռան տնտեսութեան վրայ, կը հասնի սահմռկելի դէպքերը, տակաւ կը պարզուին 26 Յուլիս 1915ին Քհնյ քեսապահայերուն տեղահանութեան հրահանգը: 29 Յուլիսին, Աբրահամ Տէր Գալուստեանի Եողունօլուքի տան մէջ կը գումարուի ժողով մը՝ ճշդելու մուսալեռցիներու պատասխանը անխուսափելի տեղահանութեան հրահանգին: Ի վերջոյ ժողովականներուն երկու երրորդը կ'որոշէ հակառակիլ: 31 Յուլիս - 2 Օգոստոս շրջանին, մուսալեռցիք լեռ կը բարձրանան տեղահանութեան հրահանգը գործադրելու եկած օսմանցի զինուորներուն աչքին առջեւ: Հեղինակը նախ կը նկարագրէ հրահանգին ենթարկուողներուն ճակատագիրը, ապա կը ծանրանայ հակառակողներուն առած քայլերուն եւ դիմադրական շարժումի պատրաստութեան վրայ, ներկայացնելով վայրի ընտրութեան, հրամանատարութեան յառաջացման, զէնքի եւ դիմադրութեան միջոցներու հայթայթման, թիկունքի, հաղորդակցութեանց եւ պաշարի ապահովման, դիմադրական գիծերու եւ դիրքերու գոյացման աշխատանքները: Ուսումնասիրութիւնը քննական վերլուծութեամբ կը մանրամասնէ դիմադրողներուն հնարաւորութիւնները, առճակատումներու վայրերը, 7-8 Օգոստոսին ծայր առած կռիւներուն ընթացքը, պաշարեալ մուսալեռցիներու փրկութեան ընտրանքներու փնտռտուքները, աւելի քան քառասնօրեայ դիմադրութեան ընթացքը եւ հուսկ՝ ազատարար վայրէջքը լեռնէն ու ֆրանսական նաւերով լեռնականներուն փոխադրումը Փոր Սայիտի գաղթակայան, ուր վերջին խումբը կը հասնի Սեպտեմբեր 16ին։ Այս պատումին զուգահեռ, Շեմմասեան կը մէջբերէ թրքական տեսակէտերը պաշտպանող Էտուըրտ Էրիքսընի աշխատութեան համապատասխան տուեալները ու փաստերով կը հերքէ զանոնք, ինչպէս օրինակ կը ջրէ Էրիքսընի այն կարծիքը, թէ մարտեր կը մղուին Եողունօլուքի մէջ, որ բնաւ չի համապատասխաներ իրականութեան, որովհետեւ մուսալեռցիք, պաշարումէ զգուշանալով, սկիզբէն եւեթ հրաժարած էին որեւէ գիւղի մէջ համախմբուելէ:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    The Press of Armenian Genocide Survivors in Syria (1916-1919)
    (2004) Vahram L. Shemmassian
    Յօդուածը կ'ուսումնասիրէ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն եւ այդ արհաւիրքի անմիջական վաղորդայնին` 1916-1919ին, Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան ներկայ տարածքին վրայ, մասնաւորաբար՝ Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ լոյս ընծայուած հայերէն պարբերականները՝ Փորձանք, Հայ Ձայն, Տարագիր, Գաղթական, Պիծակ եւ Եփրատ, հիմնուելով այդ պարբերականներու Հալէպի Վիոլէթ Ճէպէճեան եւ Վիեննայի Մխիթարեան հայրերու գրադարաններուն մէջ գտնուող ոչ-ամբողջական հաւաքածուներուն վրայ: Հեղինակը կը ներկայացնէ անոնց մասին մատենագիտական տուեալներ, անոնց բովանդակութիւնն ու ծանօթ աշխատակիցները` այդ մասնակի հաւաքածուներուն ընդմէջէն՝ հետաքրքրական տուեալներ մէկտեղելով Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայորդիներու ամէնօրեայ հոգերուն մասին՝ 1918ի վերջին եւ 1919ի սկիզբը` մինչեւ վերջիններուս մեծագոյն մասին Կիլիկիա վերադարձն ու այդ պարբերական հրատարակութիւններուն դադրիլը կամ Կիլիկիա տեղափախուիլը:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    The Socioeconomic Life of Musa Dagh Armenian Migrants in the Middle East during the 1920s-1930s
    (2010) Vahram L. Shemmassian
    Հեղինակը հիմնուելով բանաւոր տուեալներու վրայ կը գծէ մուսալեռցի պանդուխտներու աշխարհագրական քարտէսն ու կը վերականգնէ անոնց ընկերային-տնտեսական վիճակը Միջին Արեւելքի մէջ: Շեմմասեան կը բացայայտէ այն պարագաներն ու պայմանները որոնք պանդխտութիւն պարտադրեր էին մուսալեռցիներուն: Յօդուածը կարելի մանրամասնութեամբ կը ներկայացնէ 1920-30ականներուն մուսալեռցի պանդուխտներու հաստատուած վայրերը՝ Ալեքսանտրէթի Սանճաքէն ու Սուրիոյ միւս քաղաքներէն մինչեւ Պէյրութ եւ Եգիպտոս: Միաժամանակ ան կը նկարագրէ անոնց աշխատանքային վիճակը: Հեղինակը կը ներկայացնէ նաեւ պանդուխտներուն ընկերային կեանքը՝ նոր միջավայրին մէջ եւ թէ ինչ բնոյթի կապերով անոնք կապուած կը մնային իրենց պապենական բնակավայր՝ Մուսա Լեռան: Յօդուածը կը խօսի նաեւ նոր միջավայրին մէջ պանդուխտ մուսալեռցիներու ազգային-հայրենակցական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ տեղի հայ համայնքին հետ անոնց հաստատած շփումներուն մասին: Ընդհանուր այս հենքին վրայ, յօդուածագիրը առանձին հատուածներով կը ներկայացնէ նաեւ այս պանդուխտներուն համարկումը նոր միջավայրին, անոնցմէ ոմանց տնտեսական ձեռնհասութիւնը եւ տեղաշարժերը: Տեղաշարժերու այս ընթացքին մէջ, հեղինակը կ'անդրադառնայ նաեւ մուսալեռցիներու Այնճար հաստատումին, անոնց մէկ մասին ներգաղթին եւ արտագաղթին, ինչպէս նաեւ այնճարցիներու մէկ մասի ցրուումին՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն:
Haigazian Repository
For further information, please contact: Library@haigazian.edu.lb