Articles
Permanent URI for this collection
Browse
Browsing Articles by Author "Antranik Dakessian"
Now showing 1 - 3 of 3
Results Per Page
Sort Options
Item Near East Relief and AGBU Cooperation in Relieving Armenian Refugees and Orphans(2015) Yeghig Tashjian; Antranik DakessianԱ. Աշխարհամարտի աւարտի յաջորդ տարին իսկ Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի (ՄԱՆ) եւ ՀԲԸՄի գործակցութեան արդիւնաւորութիւնը մղեց կողմերը խորացնելու եւ ընդարձակելու իրենց յարաբերութիւնը գաղթականութեան օգնութեան եւ որբախնամի ոլորտներուն մէջ: Որբախնամի աշխատանքը, մի տարբերութիւն գաղթականութեան հոգածութեան, կ'ենթադրէր տասնամեակի մը վրայ երկարող հոգածութիւն, ինչ որ անհրաժեշտ կը դարձնէր մեջ-հեռահար ծրագրաւորումը։ Եւ քանի որ ՄԱՆը եւ ՀԲԸՄը «բազմաթիւ հասարակաց կէտեր ունէին, նոյն մղումն ունէին եւ ոգեղէն կատարեալ ներդաշնակութեան մէջ էին», նպատակայարմար կը դառնար դէմ յանդիման հանդիպումի կայացումը՝ քննարկելու համար առկայ եւ առկախ հարցեր։ Այս նպատակով ՀԲԸՄի ղեկավարութիւնը 1922 Մայիսի սկիզբին իր պատուիրակը՝ Լեւոն Ասատուր, կ'առաքէ Պէյրութ՝ ՄԱՆի գործադիր տնօրէն Հաուըրտ ՄըՔիֆիի հետ գործնական բանակցութիւններու: Հրատարակուող նիւթը ամփոփումն է այդ հանդիպում-քննարկումին։ Ուշագրաւ է, որ այս «փոխըմբռնման յուշագիր»ը մանաւանդ կ'արծարծէ Հալէպի մէջ Վեր. Ահարոն Շիրաճեանի կողմէ տնօրինուող որբանոցին Պէյրութ փոխադրութիւնն ու անոր մատակարարումը, ՀԲԸՄի կողմէ հանգանակուած գումարներու զուգահեռումը ՄԱնի կողմէ եւ երկու կողմերու միջեւ յառաջանալիք որեւէ «հարց»ի մեկնաբանումը իբրեւ «թիւրիմացութիւն»:Item The Armenians in Post WWI-Turkey (1919-1938)(1995) Antranik DakessianԱռաջին Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին, արեւմտահայութեան մնացորդային մեծ մասը վերադարձաւ իր պապենական հողերը փայլուն ապագայի երազներ հիւսելով։ Սակայն դէպքերու ընթացքը ունեցաւ թրքանպաստ զարգացում եւ արեւմտահայութիւնը, իր կիլիկեան թեւով, դարձեալ մատնուեցաւ բռնագաղթի: Այսուհանդերձ, հայութեան մէկ մասը շարունակեց կառչած մնալ իր հողին եւ գոյատեւեց՝ հակառակ թրքական տեղահանութեան խորշակներուն: Ներկայ ուսումնասիրութիւնը (որուն առաջին մասը կը հրատարակուի այստեղ) կը ներկայացնէ իր հողերուն կառչած մնացած այդ հայութեան ճակատագիրը: Կը ներկայացուի Անատոլուի (Վան, Պիթլիս, Մուշ, Սասուն, Կարս, Երզրում, Երզնկա, Դերջան), Տիգրանակերտի եւ իր շրջակայքի, Խարբերդի եւ իր շրջակայքի (Արաբկիր, Մալաթիա, Ակն, Տիւրիկ) եւ Սեբաստիոյ ու շրջակայքի (Ամասիա, Մարզուան, Թոքատ) ու յարակից գիւղերու հայութեան կեանքը - ընկերային, տնտեսական, կրօնական, ուսումնական, կենցաղային երեսակներով. յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի անոնց թուաքանակին եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ուրկէ ի յայտ կու գայ թրքական հանրապետութեան քաղաքականութիւնը՝ ամէն միջոցներով նսեմացնելու, ոչնչացնելու հայութեան այս մնացորդացը: Թուրք տեղական իշխանութիւնները կը բռնագրաւեն եկեղեցապետական կալուածները, որոնց եկամուտը կ'ապահովէր հայ այս խլեակներուն վարժարաններուն պահպանումը. ապա իշխանութիւնները կը դիմեն զինուորագրութեան եւ զէնքի տակ կը կանչեն նոյնիսկ հայ ուսուցիչները, արհեստական դժուարութիւնները կը յարուցանեն հայ կղերին դիմաց, անդարձ մեկնելու վեսիքաներ կը յանձնեն հայերուն եւ կ'արտաքսեն զանոնք իրենց պապենական հողերէն:Item The Armenians in Post-WWI Turkey (1919-1938)(1997) Antranik DakessianԱյս ուսումնասիրութիւնը աւարտին կը հասցնէ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԺԵ հատորին մէջ լոյս տեսած նոյնանուն հետազօտութիւնը։ Այստեղ կը ներկայացուին Արեւմտեան Անատոլուի, Սեւ Ծովու Հարաւային ցամաքամասի, Փոքր Ասիոյ Արեւմտեան Նահանգներու եւ Պոլսոյ ու Եւրոպական Թուրքիոյ շրջանները, մասնաւորաբար` Կեսարիան իր յարակից շրջաններով, Գոնիան, Եոզկար Պողազլեանն ու Անբարան իրենց յարակից գիւղերով, աւաններով, Տրապիզոնը, Սամսոնն ու Քասթեմունին իր շրջակայ գիւղաքաղաքներով, Քէօթահիան, Աֆիոն Գարահիսարը, Էսքիշեհիրը, Ռոտոսթօն, Իզմիթը, Պանտըրման, Պրուսան, Պալըքեսիրը, Պոլիսը, Թրակիան