Articles
Permanent URI for this collection
Browse
Browsing Articles by Title
Now showing 1 - 20 of 323
Results Per Page
Sort Options
Item 1667թ. Հայ-ռուսական առեւտրական պայմանագիրը եւ Նոր Ջուղայի ինքնավար մարմինները(1980) Շուշանիկ ԽաչիկեանIt has been accepted by historians that the Armeno-Russian trade agreement of 1667 was signed by the representatives of the Russian government on one side, and the Armenian Trade Company of New Julfa (Persia) on the other. After carefully studying the available primary sources concerning the business and trade activities of the Armenian community of New Julfa and its administrative bodies, the author has concluded that there has never been an Armenian Trade Company in New Julfa in the European sense of it. R. Romotamsky and K. Loussigov, who signed the 1667 agreement, were the authorized representatives of the autonomous board of New Julfa. The ruling board of the autonomous city of New Julfa were represented by the twenty governors of the city's twenty independent quarters, by the head of the trade unions and by the kalantar (the board leader, who was elected by the community and approved by the Shah). All members of the ruling board came from the very rich merchant families, known as khojas. In the article also is discussed the rights, obligations, and activities of the ruling board of the autonomous city of New Julfa.Item A Brief History of Haigazian University College(1996) John MarkarianՀայկազեան Գոլէճը հաստատուեցաւ 17 Հոկտեմբեր 1955ին լոկ գոլէճական առաջին երկու դասարաններով Արեւմտեան Պէյրութի Մեքսիք փողոցին վրան գտնուող Ուէպ շէնքին մէջ, որ առանձնատուն մըն էր նախապէս: Հաստատութեան առաջին տարուան ամավարկն էր 59,000 լիբ. ոսկի։ Գոլէճը կոչուեցաւ Տարսոնի Սեյնթ Փոլզ Էփոսթոլիք Ինսթիթիութի դասախօս Արմենակ Հայկազեանի անունով, որ հայրն էր Գոլէճի նիւթական առաջին նուիրատուին եւ մեկենասին՝ Մարի Մեխակեանին։ Հետաքրքրական է, որ երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ Մեխակեանները կը մտմտային Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւն մը իրականացնելու մասին եւ առ այդ կը դիմէին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան՝ անդին, Պէյրութի մէջ, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Միութեան շարքերէն կարգ մը ղեկավարներ կը խորհէին հիմնել ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւն մը դիմագրաւել կարենալու համար ոչ միայն Աւետարանական Համայնքին՝ այլեւ ամբողջ հայութեան կրթական եւ կրօնական պահանջները: Իրարու համընկնող այս ծրագիրներն էին որ ի վերջոյ ծնունդ տուին Հայկազեան Գոլէճին։ Երկուստեք կայացած համաձայնութեան մը վրայ` Գոլէճի նախագահութեան հրաւիրուեցաւ Վեր. Դոկտ. Ճան Մարգարեանը, որուն յաջորդեցին Դոկտ. Ճոզէֆ Սփրետլին՝ 1966ին, Վեր. Ժիլպէր Պիլեզիքեանը՝ 1968ին, կրկին Վեր. Ճան Մարգարրեանը: 1971-ին, եւ Դոկտ. Վըրն Ֆլեշըրը՝ 1983ին։ 1975ին պայթած լիբանանեան տասնեօթամեայ պատերազմն ստիպեց որ Գոլէճէն հեռանան մանաւանդ վտանգուած ամերիկահպատակները, ահա թէ ինչո՞ւ 1985ին սկսող ուսումնական տարեշրջանէն սկսեալ Գոլէճին ղեկավարութիւնն ստանձնեց Օր. Ուիլմա Չոլաքեանը, որպէս վարչական տեսուչ, որ այլապէս ալ ուսումնական եւ ակադեմական դիւանապետն էր Գոլէճին։ Միայն 1995ի ուսումնական տարեշրջանի սկիզբն էր, որ Միացեալ Նահանգներէն Պէյրութ հասաւ նախկին հալէպահայ Դոկտ. Ժան Խանճեանը, որպէս հինգերորդ նախագահը Գոլէճին։ Հակառակ շրջանի ապրած վերիվայրումներուն՝ չորս տասնամեակի վրայ տարածուած ուսումնական եւ ակադեմական գործունէութիւն մը Գոլէճէն ներս արձանագրեց լոկ զարգացում եւ վերսլացք։ Շրջանի հայութեան համար ուսուցիչ ու դաստիարակ, մամուլի մարդ եւ ազգային առաջնորդներ պատրաստելու սկզբնական եւ համեստագոյն իր առաջադրանքներուն քովիկն ի վեր շուտով ամուր հիմերու վրայ դրուեցան ակադեմական բարձրագոյն հաստատութենէ մը պահանջուող ոչ միայն անհրաժեշտ բաժանմունքները՝ այլեւ մանաւանդ շրջանի հետզհետէ աճող գիտական եւ ընկերային պահանջներուն գոհացում տուող նիւթեր: Այսպէս էր, որ սկզբնական հայագիտական, եւ գիտական ու ընկերային գիտութիւններու առընթեր հետզհետէ գոյութեան կոչուեցան առեւտրագիտութեան, տնտեսագիտութեան, ընկերային ծառայութեան, մանկավարժութեան, քաղաքագիտութեան, անգլերէնը որպէս լեզու օտարներու ուսուցումին, համակարգիչներու, եւ մասնագիտական նոյնանման այլ ճիւղեր, եւ 1955ին քառասնեակ մը հաշուող ուսանողներով եւ բարձրագոյն ուսումներու հիմնական քանի մը նիւթերու դասաւանդութեամբ սկսած Գոլէճը 1975ին արդէն ամրօրէն հաստատուած ակադեմական կեդրոն մըն էր իր 650 ուսանողներով, որ, սակայն, հակառակ ուսումնական, ակադեմական եւ գիտական իր իրագործումներուն 1995ին պիտի ունենար միայն 300 ուսանող։ Իրականութեան մէջ թիւերու սա անկումը հետեւանքն էր 1975ին սկսած լիբանանեան անագորոյն բախումներուն, որոնց որպէս արդիւնք 1976ի ուսումնական տարեշրջանն սկսեր էր լոկ վաթսուն ուսանողներով։ 1985ին, ա՛լ անկարելիութեան առջեւ՝ Գոլէճի շրջապատին տեղի ունեցող անընդմէջ կռիւներուն եւ անխնայ ռմբակոծումներուն, Գոլէճը փոխադրուեցաւ Պէյրութի արեւելեան կողմը, պարզօրէն անոր համար որ անոր ուսանողութեան մեծագոյն մասը կու գար քաղաքին արեւելեան շրջաններ զանգուածային կերպով հաստատուած հայութենէն։ Ասկէ ետք Գոլէճը հազիւ թէ կարող դարձաւ ընդունիլ 300 ուսանող իր նոր կայքէն ներս, որ Քրիստոնէական Բժշկական Կեդրոնի շէնքն էր նախապէս։ Գոլէճի որպէս ուսումնական եւ ակադեմական կեդրոն հաստատումին եւ զարգացումին սկզբնական օրերուն մեծ դեր խաղացին ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու խնամակալական եւ Պէյրութի հոգաբարձական զանազան մարմինները` այլ մանաւանդ անոր դասախօսական կազմի մնայուն եւ գնայուն ներկայացուցիչներէն շատեր: Այսպէս՝ այժմ անհրաժեշտ է անոնցմէ հոս յիշել Վեր. Տիգրան Խրլոբեանը, Դոկտ. Անահիտ Մելիքեանը, Լեւոն Գարամանուկեանն ու Սայէղը, դոկտորներ Մարի Գասպարեանը, Գույումճեանը, Լըպպոսը, Մրհէժը, Սիտանին, Ֆերպենքսը, Իսրայէլեանը, Հարթը, Պօղոսեանը, Ինճեճիկեանը, Աբելեանը, Պապիկեանը, Գալուստեանը, Հաճեթեանը, եւ ուրիշներ։ Հայագիտութեան բաժանմունքէն ներս Վեր. Խոլոբեանէն ետք պէտք է յիշել անունները Երեւանէն հրաւիրուած Փրոֆ. Գէորգ Խոլոբեանին, եւ Մորուս Հասրաթեանին, Վահէ Օշականին, Տիգրան Գույումճեանին, Բիւզանդ Եղիայեանին, Լեւոն Վարդանին, Երուանդ Քասունիին եւ Կռանեան Վարդապետին։ 1970ին, Հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը որ հիմա վերածուեր էր Գոլէճի հայագիտական բաժանմունքի՝ սկսաւ հրատարակել Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը Երուանդ Քասունիի խմբագրութեամբ, եւ որ այժմ կը շարունակուի Կռանեան Վարդապետի պատասխանատուութեամբ եւ խմբագրական կազմի մը ճիգերով: Չէին սխալած առաջին հիմնադիրները Հայկազեան Գոլէճին, որ օր մը պիտի իրենց երազն ընծայուէր իրաւ, եւ 1960ին ստանալէ ետք պետական ճանաչում որպէս ակադեմական բարձրագոյն հաստատութիւն՝ լիբանանեան կրթական նախարարութեան 1966 թուակիր մէկ օրէնքով Հայկազեան Գոլէճի շնորհած Պի է, եւ Պի Էս աստիճանները ճանչցուէին լիբանանեան լիսանսին համահաւասար եւ 1988 ուսումնական տարեշրջանէն սկսեալ ալ հաստատ ճանչցուէր որպէս Հայկազեան Համալսարանական Գոլէճ իր ուսումնական քառամեայ ինքնուրոյն համակարգով, որ երբեք ալ չէր տարբերեր ամերիկեան որեւէ գոլէճի կամ համալսարանի ունեցածէն: Գոլէճին հիմնադիրներն երազեր էին Միջին Արեւելքի մէջ ունենալ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարձրացումին նպաստող ակադեմական հաստատութիւն մը, եւ հիմա ունէին զայն, միայն թէ անոր անընդմէջ եւ ինքնավստահ յառաջընթացը արգելակուեցաւ որոշ շրջան մը՝ որպէս հետեւանք լիբանանեան ներքին բախումներուն եւ պատերազմին։ Այսուհանդերձ եւ հակառակ այս իրականութեան՝ այդ հաստատութիւնը կատարեց անկարելին, եւ այսօր սակաւ չեն անոնք, երէկի հայ թէ արաբ ուսանողներ, որոնք անցնելէ ետք Հայկազեան Համալսարանական Գոլէճի գիտական այս կամ այդ կրթանքէն՝ կը գրաւեն առաջնորդի արժանաւոր դիրք մը կրթական, կրօնական, առեւտրագիտական եւ մամուլի թէ գիտութեան մարզերէն ներս։Item A Brief History of the Armenian Missionary Association of America, 1918-1995(1996) Giragos H. ChopourianԹէպէտեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան սաղմնաւորումին արմատները կը հասնին մինչեւ տասնիններորդ դար՝ իրականութեան մէջ անիկա գոյութեան կոչուեցաւ միայն աւարտէն ետք Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին, մանաւանդ՝ 1922էն, երբ յաղթական պետութիւնները մէկ առ մէկ թուրքին զիջեցան հայկական շրջանները, եւ առ այդ` վտարանդի հայութիւնը ցրուեցաւ քիչ մը ամէն կողմ։ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու առաջին միաւորումին կարելի է հանդիպիլ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափին վրայ. ուր, 1907ին, զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եկան քով քովի եւ կազմեցին յանձնախումբ մը, որ, սակայն, հազիւ թէ եղաւ ցոյց տալու պէս կեանք ու կենսունակութիւն: Յետագայ տարեկան հանդիպումները յանձնախումբին եկան վկայելու ճշմարտութիւնն այս հաստատումին, ահա թէ ինչո՞ւ համար 1918ի Ուորչեսթըրի մէջ կայացող տարեկան հանդիպումին՝ կարգ մը ներկայացուցիչներ 1 Յունիսին հիմը դրին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան, որուն ծրագիր–կանոնագիրն իր վերջնական ձեւն ստացաւ 1921ին: Յաջորդ մէկուկէս տասնամեակը տեսաւ հիմնաւորումն ու զարգացումը Ընկերակցութեան, թէպէտեւ դանդաղ։ Այս շրջանին Ընկերակցութեան որպէս վարիչ–քարտուղար ծառայեցին Վերապատուելիներ Թ. Գալայճեանը, Ա.Ա. Պետիկեանը, Մ.Հ. Փափազեանը եւ Ե. Հատիտեանը ոչ-մնայունի հանգամանքով։ Միայն 20 Սեպտեմբեր 1946ին էր որ վարիչ–քարտուղարի մնայուն դրութիւնը հաստատուեցաւ պաշտօնի կոչուելովը Վեր. Բիւզանդ Գալֆայեանին, որ ո՛չ միայն իր վարելիք պաշտօնին համար լաւապէս պատրաստուած մարդն էր այլ մանաւանդ տեսիլք ունեցող ել զայն հետապնդելու պատրաստ անհատ մը։ Ահա թէ ինչպէ՞ս կարճ ժամանակի մը տեւողութեան անիկա կարողացաւ կրկնապատկել եկամուտները Ընկերակցութեան եւ իրագործել նախապէս անհասանելի նկատուող գործեր։ Յաջողութեամբ աւարտելէ ետք Հայ Աւետարանականութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակի հիմնադրամին աշխատանքները իր գործակիցներուն հետ անիկա ձեոնարկեց հիմնադրութեանը Հայկազեան Գոլէճին, որուն զոհ պիտի երթար նախապէս Պէյրութի մէջ հաստատուած փոքր Ուսուցչանոցը: Գալֆայեան հիմը դրաւ Մանուկներու Դաստիարակութեան թիկունք կանգնող ծրագիրի մը նաեւ, իսկ 1959ին ալ մէկ միլիոն տոլար հիմնադրամի հանգանակութեան մը։ Սակայն իր շուտափոյթ մահը անակնկալի մը առջեւ դրաւ ո՛չ միայն իր գործակիցներն ու շրջապատը` այլեւ իրագործելի բազմաթիւ ծրագիրներ։ Նոյն տարին իսկ, եւ անմիջապէս՝ Գալֆայեանին տեղը գրաւելու կոչուեցաւ Վեր. Թովմասեանը, որ, սակայն, Պոլսոյ մէջ հաստատելէ ետք Երիտասարդական Տունը Թուրքիոյ ներքին գաւառներէն եկող հայ տղոց եւ պատանիներու համար եւ պայծառացնելէ եւ ծաղկեցնելէ ետք գոյութիւնն ու պատկերը Ընկերակցութեան՝ 1966ին հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն եւ վերադարձաւ Տիթրոյթ՝ եկեղեցական իր նախկին պաշտօնին: Զինք փոխարինողի մը փնտռտուքի շրջանին՝ Ընկերակցութեան գործերը վարեց Սթիվըն Մարտիկեանը, որուն 1 Յունուար 1969ին որպէս վարիչ–քարտուղար յաջորդեց Վեր. Կիրակոս Չոփուրեանը, որ պաշտօնի վրայ պիտի մնար տասնինն տարի՝ մինչեւ որ 1987ի Օգոստոսին հանգստեան կոչուէր: Հետաքրքրական է, որ երբ Չոփուրեան ձեռնարկեց պաշտօնի Ընկերակցութեան գանձն ունէր երկու միլիոն տոլար եւ տարեկան 160,245 տոլար ամավարկ, իսկ իր պաշտօնի աւարտին՝ գանձէն ներս կար 25,538,088 տոլար, տարեկան 1.753,606 տոլար ամավարկով մը։ Չոփուրեանի պաշտօնավարութեան ընթացքին էր որ կատարուեցան կարգ մը հիմնական իրագործումներ, այսպէս՝ Հայկազեան Գոլէճին համար գնուեցաւ այժմ ծանօթ Մուկար շէնքը, վերանորոգուեցան կամ նոր ի նորոյ կառուցուեցան շէնքերը եօթը վարժարաններու, հաստատուեցաւ Հանգստեան Թոշակի Հիմնադրամը Աւետարանական Եկեղեցիի Միացեալ Նահանգներու եւ Միջին Արեւելքի պատուելիներուն համար, ծրագրուեցաւ եւ գործի դրեցաւ Հայ Աւետարանական Ընկերային Ծառայութեան կեդրոն մը Լոս Անճելըսի մէջ, զարգացաւ կրթանպաստներու դրութիւն մը Ամերիկեան Գոլէճներու մակարդակով, հաստատուեցաւ Մերտինեան նախակրթարանը, եւ կազմակերպուեցաւ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Համագումարը, որմէ շուտով ծնունդ պիտի առնէր Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը, եւ ի վերայ այսր ամենայնի՝ օժանդակութիւն տրուեցաւ որ 1984ին կազմակերպուի` Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը։ Չոփուրեանի պաշտօնավարութեան վերջին եօթը տարիներուն, 1980էն սկսեալ, անոր գործակից դարձաւ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանը, որ բերաւ իր օժանդակութիւնը Ընկերակցութեան աճին ու զարգացումին։ Իրաւ ալ՝ փոքր ակնարկ մը անոր վերջին յիսնամեակին վրայ նետուած՝ պիտի ցոյց տայ հսկայ այն փոփոխութիւնը որ եղաւ անորը տնտեսապէս. այսպէս՝ ՏԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ ՏՈԼԱՐ ԱՄԱՎԱՐԿ ՏՈԼԱՐ 1946-1960 755,000 108,200 1960-1969 2,200,000 211,000 1969-1987 26,549,686 1,753,606 1987-1996 48,925,330 5,411,263 Իսկ գործնապէս եւ գործօնութեա՞մբ: Սակայն Ընկերակցութեան գործունէութիւնն ընդգրկեց ա. Ուսումնական դաշտը (կառուցում եւ նորոգում դպրոցներու, կրթանպաստ, Հայկազեան Համալսարանական Գոլէճի հիմնադրամ, նպաստ հայ աւետարանական վարժարաններու), բ. Մարդկայնական ծառայութիններ (խնամատարական օգնութիւն հիւանդներու, ծերերու խեղանդամներու, նիւթական օժանդակութիւն պաշտօնէ դադրած պատուելիներու, քարոզիչներու եւ ուսուցիչներու, նիւթական նպաստ Հայ Աւետարանական Միութիւններուն, եւ օժանդակութիւններ տարապայման կացութիւններու պարագային), գ. Եկեղեցական դաշտը (օժանդակութիւն եկեղեցիներու հաստատումին եւ կառուցումին, նիւթական փոխատուութիւն աւետարանական եկեղեցիներու, եւ դրամական օգնութիւն աւետարանչական գործունէութեան օժանդակութիւն կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ պաշտամունքներու կատարումին, աւետարանական հրատարակութիւններու, եւ այսօր ալ Հայաստանի քրիստոնէացումին), Փոքր մէկ վերլուծումը բոլոր այս տուեալներուն` ցոյց կու տայ, որ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը հաւատարիմ մնաց առջի իր սկզբունքներուն։ Իրագործելու համար ծառայութիւնը աւետարանական եկեղեցիներուն եւ առ այդ՝ քաջալերելու համար անոնց կրօնական, կրթական, գրական եւ բարեսիրական գործը, Հայաստանէն ներս թէ դուրս, Աւետարանչականը ծառայեց որպէս միջոց եւ ունեցաւ գործօն մասնակցութիւնը վարիչ–քարտուղարներու սքանչելի շարքի մը, եւ մանաւանդ անխախտ գործունէութիւնն ու նիւթական օժանդակութիւնը զանազան իր վարչութիւններուն, խորհուրդներուն, եւ տնտեսական, կրթական, կրօնական թէ այլ ձեւի մարմիններուն, եւ հասաւ իր այսօրին։ Ասկէ ե՞տք։ Սակայն, ինչպէս կը դնէ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան այժմու նախագահ Ալպըրթ Մոմճեանը՝ «ԱՀԱԸ ունեցաւ յաղթապանծ անցեալ մը։ Կը հաւատամ, որ անիկա կրնայ ունենալ սքանչելի ապագայ մը։ Սակայն երբեք պիտի չըլլայ սքանչելի՛ եթէ մենք մեզ վերստին չնուիրենք այն մարտահրաւէրներուն որոնք կը գտնուին մեզմէ անդին, եւ եթէ չընդգրկենք նոր գաղափարներ, ծրագիրներ եւ միջոցառումներ պատասխանելու համար եզակի մարտահրաւէրներուն ա՛յն ընկերութեան որմէ ներս կ'ապրինք այսօր, եւ չդիմագրաւենք նոր մարտահրաւէրներ, որոնք պիտի զարգանան շաբաթէ շաբաթ, ամիսէ ամիս եւ տարիէ տարի յաջորդ 75 տարիներու ընթացքին»։Item Akaby Nassibian, Britain and the Armenian Question 1915-1923, London: Croom Helm, 1984 (294 pp.)(1982-1984) Ingrid SamaanItem An Historical and Dynastic Survey of Caucasia, Eastern Anatolia and Adharbayjan from Xth to the XIIIth Centuries(1971) Dickran K. KouymjianՅօդուածը կը ներկայացնէ 10-13րդ դարերու քաղաքական ու ցեղագրական պատմութիւնը հարաւ արեւելեան Կովկասի, ներառեալ՝ Հայաստանի, Վրաստանի ու Ատրպէյճանի: Մասնաւոր ուշադրութեամբ վեր առնուած են այդ շրջաններուն մէջ վերոյիշեալ ժամանակին իշխող իսլամական ցեղերը: Սերտողութեան նիւթ դարձած են մինչեւ իսկ երկրորդական կարեւորութիւն ունեցող փոքր պետութիւնները: Վերլուծումի ենթարկուած է այդ ցեղերուն ճակատագիրը 11րդ դարու սելճուք-թրքական եւ 13րդ դարու մոնկոլական արշաւանքներու ընթացքին: Արծարծուած են նաեւ շարք մը դրամագիտական եւ ընկերային-հասարակական հարցեր:Item Armenia and the League of Nations(1993) Vrej NercessianԴկ. Վ. Ներսէսեան կը ներկայացնէ զոյգ մը փաստաթուղթեր, որոնք անմիջական կերպով կ'առընչուին Հայաստանի Հանրապետութեա եւ Ազգերու Համադաշնակցութեան փոխյարաբերութիւններուն: Անոնցմէ առաջինը տեղեկագիր մըն է Հայաստանի Հանրապետութեան 1920-ական թուականներու ներքին կացութեան, թուրք ազգայնական հորդաներու Հայաստանի վրայ կատարած յարձակումին, Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրի պարտադրանքին, եւ համայնավար ուժերու հայկական իշխանութեան ձեռք ձեռքբերումին մասին։ Ազգերու Համադաշնակցութեան Խորհուրդին պահանջով զայն պատրաստեց իտալացի Լուիճի Վիլլարին՝ Թիֆլիս հաստատուած արեւմտեան ներկայացուցիչներու երիցագոյն անդամը եւ յղեց Լորտ Ռապըրթ Սեսիլին, որ փոխ նախարարն էր եւ Անգլիոյ արտաքին գործերու նախարար Լորտ Արթըր Ճէյմս Պալֆուրին: Փաստաթուղթը կը կրէ «Արդի դէպքեր Հայաստանի մէջ» վերնագիրը: Երկրորդ փաստաթուղթը 24 Դեկտեմբեր 1920 թուակիր մէկ նամակն է Հանրապետության Պատուիրակութեան նախագահ Աւետիս Ահարոնեանին, եւ, ինչպէս առաջին փաստաթուղթը, ուղղուեցաւ Լորտ Ռոպըրթ Սեսիլին: Ա՛յս մէկն ալ կ'առընչուի Լուիճի Վիլլարիի տեղեկագիրին բովանդակութեան: Երկու փաստաթուղթերն ալ կը հրատարակուին առաջին անգամ:Item Armenian Evangelical, and Political?(1996) Paul HaidostianԿրօնական եւ ոչ-կրօնական ընկալումներու իրարմէ տարանջատումը կամ իրարու հետ միազօդումը հիմնական խնդիր մըն է Հայ Աւետարանականութեան համար. առ այս՝ հրապարակ կու գայ հարցումը որ կը սպասէ իր պատասխանին - պէտք է որ հայ աւետարանական երիտասարդը պատրաստուի լոկ եկեղեցական ու կրօնական ընկալչութեա՞մբ եւ ձգել որ կեանքը կատարէ մնացեալը՝ թէ՞ ոչ անհրաժեշտ է զայն պատրաստել ազգային, ընկերային, գաղափարաբանական եւ այլագունի ընկալչութեամբ նաեւ, եւ այդ ձեւով զայն ընծայել ամբողջական։ Կեանքի ամբողջականութիւնը եւ համապարփակութիւնը հիմնական հարցերէն մէկն է Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին եւ աւետարանական ըմբռնումին Միջին Արեւելքի մէջ, եւ այդ իսկ պատճառով, որպէս աւետարանական աւանդութիւն, ժամանակի ընթացքին աւետարանականներու մօտ ստեղծուած է կրօնական, եկեղեցական, ընկերային, քաղաքական եւ այլ տեսակի համանմանութիւն մը` որպէս հետեւանք անոնց ջամբուած դաստիարակութեան, այդքան որ այժմ բառ է անոնցմէ ճանչնալ մէկ հոգի ճանչցած ըլլալու համար բոլոր անդամները համայնքին։ Այս կացութիւնը ցոյց կու տայ իրողութիւնը «միացեալ վկայութեան» մը, որ կը հակադրուի «անհատական վկայութեան» եւ կը դրսեւորի հանրագումար արտայայտութիւնը կեանքին իմացական, զգացական եւ հաւատամքային տուեալներուն։ Մէկ կողմէն՝ այս մէկը կ'անդամալուծէ եկեղեցին եւ հաւատացեալին համապարփակ զարգացումը եւ արտայայտչականութիւնը եւ միւս կողմէ՝ կրնայ գերզգայնութիւն մը յառաջացնել հաւաքական ինքնութեան հանդէպ։ Այսօր Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին համար անհրաժեշտ է գտնել ուղիղ ճամբան եւ ճիշդ ու ամբողջական ձեւով պատրաստել նոր սերունդը: Հակառակ այս անհրաժեշտութեան՝ այժմ ընդունուելու է որ անիկա մէկդի է ձգած քաղաքական ու ընկերային պատրաստութիւնը նոր սերունդին եւ կամաւոր կերպով մոռցած որ աւետարանական երիտասարդին համար հիմնական պահանջ է գիտնալ ազգային իր պատկանելիութիւնն այդքան՝ որքան որ է կրօնականը, որովհետեւ կարելի չէ իրարմէ անջատել այս երկուքը, այսուհանդերձ պէտք է շատ զգոյշ ըլլալ, որ եկեղեցին չիյնայ ճիրաններէն ներս կուսակցական կազմակերպութիւններու, որ անիկա չիյնայ փէշին մրցակցական վազքի մը այլ համայնքներու եւ կազմակերպութիւններու հետ, եւ հուսկ չբաւարարուի լոկ գործունէութեան փոփոխութեամբ եկեղեցական ղեկավարութեան՝ այլ անկէ շատ առաջ փորձ է նախապատրաստել համայնքն այսպիսի յարաբերական փոփոխութիւններու համար։ Ընդհանրապէս ընդունուած է, որ չկան եկեղեցի եւ աստուածաբանութիւն առանց քաղաքական եւ ընկերային տուեալներու որոնք հիմք ծառայեն անոնց, հիմնականը սակայն փոխյարաբերութիւնն է եկեղեցիին եւ անոնց։ Հայ աետարանականութեան վերջին մէկուկէս դարու պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ եկեղեցին միշտ ալ խուսափած է այս փոխյարաբերութիւնը հաստատել է, ու եթէ երէկ Հայ Աւետարանական Շարժումը կը նկատուէր զուտ հոգեկան եւ կրօնական բարենորոգում մը՝ այսօր ալ տակաւին կան զայն այդպիսին նկատողներ, մինչդեռ, իրականութեան մէջ, կրօնական պարտականութիւն մըն է դեր վերցնել ընկերային հարցերու մէջ։ Ըստ Վեր. Ահարոնեանի՝ այս դերը կ'արտայայտուի եկեղեցիին վայրին, տեղի ու ժամանակի պատկանելիութեամբ եւ անոր փոխյարաբերութեամբը շրջակայ այլ եկեղեցիներու եւ կրօնական եւ այլաբովանդակ զանազան հաւաքականութիւններու հետ։ Ի վերջոյ եկեղեցին գոյութիւն ունի տեղ մը կեանքէն ներս եւ տարածութեան, անոր ծառայելու կոչումով ու մանաւանդ անիկա ունի փրկարար դեր մը ոչ միայն ինքզինքին հանդէպ այլ մանաւանդ իր շրջապատին եւ աւելին՝ անիկա, կամայ եւ ակամայ, ենթակայ է ազդեցութիւններուն օրուան մշակութային շարժումներուն, քաղաքային օրէնքներուն եւ այլ խարտոցումներու, եւ այս բոլորը՝ հակառակ ալ իր կամքին։ Հայ աւետարանական Եկեղեցին շատ չէ մտահոգուած այս հարցերով, սակայն նախընտրելի պիտի ըլլար, որ անիկա նախապատրաստէր աւետարանական երիտասարդը դիմագրաւելու ամէն ինչ կշռելու եւ դատելու լաւն ու վատը, եւ կատարելու իր ընտրութիւնը։ Որպէս ռամկապետական հաստատութին՝ Աետարանական եկեղեցին արդէն իսկ ունի ներքին թէ արտաքին բաժանուածութիւն, եւ ուր կը յարգուի անհատին անզուգականութիւնը, այսուհանդերձ ընտանիք մըն է անիկա, որուն անդամներէն ներս գործօն են անոնց ներքին մղումները եւ ձգտումները: Ճիշդ հոս ալ կը կայանայ բարոյական դերը Աւետարանական Եկեղեցիին դաստիարակել անհատը որ կարենայ ապրիլ միասնութեան մէջ, տալ անոր անհրաժեշտ ուղղութիւնը եւ հեռու պահել զայն պատահական ազդեցութիւններէ: Ահա թէ ինչո՞ւ համար անհրաժեշտ է Եկեղեցիին համար գիտնալ, թէ ի՞նչ պիտի տայ անիկա նոր սերունդին եւ ինչպէ՞ս։ Հոս ի յայտ կու գայ անհրաժեշտութիւնը ուսումի եւ դաստիարակութեան հիմնական ծրագիրի մը, որ ընդգրկէ կրօնական շրջապատը, քաղաքական կլիման եւ աւանդութիւնները։ Արդարեւ՝ «եկեղեցի» կը նշանակէ գործակցութիւն, փոխյարաբերութիւն եւ գործօնութիւն, անիկա լոկ կիրակնօրեայ դպրոց մըն չէ, ինչպէս որ չէ կիրակնօրեայ գործունէութիւն մը: Անիկա ստիպուած է զբաղիլ ինչպէս նեղ ու մասնայատուկ՝ նոյնպէս նաեւ լայն եւ ընդհանրական հարցերով, գաղափարաբանութիւններով, ընկերային եւ քաղաքական շարժումներով, իսկ ինքն առանձինն բաւարար չէ ամբողջական աճին ու զարգացումին համար հայ աւետարանական եկեղեցիին։ Անշուշտ այժմ իրատեսութիւն չէ ակնկալել, որ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին միակ միջոցը կրնայ հանդիսանալ սա աճին ու զարգացումին համար, իսկ կրօնը միակ գաղափարաբանութիւնը որ պէտք է հայ աւետարանական երիտասարդին: Որքան ատեն որ Եկեղեցին մերժէ զբաղիլ այս հարցերով այդքան ատեն եւ վստահօրէն պիտի ձախողի անիկա առաջնորդի եւ ղեկավարի իր դերին եւ առաքելութեան մէջ: Արդ՝ ի՞նչ պետք է ընել վաղը։ Յստակ է որ չի բաւեր հարցերուն մօտենալ ինչպէս եղաւ անցեալին։ Անհրաժեշտ է աւետարանական ուսումն ու զարգացումը ջամբել այնպէս որ անիկա համապատասխանէ երիտասարդին կարիքներուն, առօրեայ կեանքին, եւ մանաւանդ օգնէ անոր իր դժուարութիւններուն լուծում մը բերելու, եւ ընէ այնպէս որ ազգային եւ քաղաքական կեանքը դրսեւորուի հաստատ եկեղեցիի մը հայեցակէտին ընդմէջէն։ Առաւել ընել այնպէս, որ անիկա ցոյց տայ կամ մերժէ ցոյց տալ, թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս ինք «կը մատչի այլ եկեղեցիներուն, քաղաքական կազմակերպութիւններուն, Հայաստանի Հանրապետութեան, եւ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներուն ուր ներկայ է ինք։ Հարց չէ ձեւը այս մատչումին։ Հիմնական է համոզումը թէ եկեղեցին ունի առելի մեծ պատասխանատուութիւն աւանդականօրէն իր ունեցածէն, եւ թէ եկեղեցին ուզէ կամ ոչ, իր անդամները անխուսափելի կերպով պիտի ենթակայ մնան շրջակայքի գաղափարաբանական եւ քաղաքական ազդեցութիւններուն»։Item Armenian Nationalism and the Evangelical Movement(1996) Manuel M. JinbashianՀակառակ ոմանց այն կարծիքին եւ համոզումին թէ Հայ Աւետարանական Շարժումը հետեւանքն էր մէկ կողմէ օտար միսիոնարներու ճիգերուն եւ միւս կողմէ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ձեռք առած խստութիւններուն հակաեկեղեցական շարժումներու դէմ, եւ թէ անիկա իր գոյառումի առաջին իսկ օրէն կը միտէր պառակտել հնադարեան Մայր Եկեղեցին` փաստերը ցոյց կու տան սակայն, որ անիկա ծնունդն էր բարենորոգչական ընդհանուր այն հոսանքին եւ անոր ընկերացող ազգային ու ազգայնական գիտակցութեան, ազատութեան եւ իրաւունքի հասկացողութեան, որոնք իրենցմէ ներս առին ո՛չ միայն Օսմանեան Կայսրութեան հայ համայնքը այլեւ ամբողջ կայսրութիւնը։ Այս կացութիւնն օգտագործուեցաւ արեւմտեան միսիոնարութեան կողմէ, ի՞նչ փոյթ որ ամերիկեան միսիոնարութեան զանազան ներկայացուցիչներ յաճախակիօրէն հաստատած ըլլային իրենց տեղեկագիրերով թէ իրենք Արեւելք էին հասեր պարզօրէն հոն բերելու համար Աւետարանին լոյսը եւ չէին միտեր միջամուխ ըլլալ արեւելեան եկեղեցիներու ներքին կարգ ու սարքին, հաւատամքին են գործունէութեան: Փաստերը սակայն, եւ նոյնիսկ կարգ մը տեղեկագիրերն անոնց՝ այդ միսիոնարներուն, ցոյց կու տան, թէ անոնցմէ ոմանք, եւ բազմաթիւ էին անոնք, վարեցին պառակտիչ գործունէութիւն, քաջալերեցին Աւետարանական Շարժումի առաջին հետեւորդները հակադրուելու Մայր եկեղեցիին եւ հաստատելու անջատ համայնք մը եւ եկեղեցի մը իրենց գիտցած եւ հասկցած ձեւով։ Իսկ այդ գիտցուածն ու հասկցուածը ուղղակի կը հակադրուէր Հայ Առաքելական Մայր Եկեղեցիի կառոյցին, որ այսպիսով կը ստանար հիմնական առաջին հարուածը, եւ որ, սակայն, պիտի չխախտէր հաւատամքային եւ կառուցային իր դրոյթէն: Դար մը եւ գուցէ աւելի Հայ Աւետարանականութիւնը մնաց դուրս հայ ազգային բոլոր շարժումներէն, այդուհանդերձ վերջին տասնամեակները եկան ցոյց տալու թէ աւետարանական հայն ալ հայ էր ազգութեամբ եւ յաճախ կը գտնուէր առաջին շարքին վրան ազգային շարժումներուն, եւ թէ կարելի չէր ուրանալ անոր հայութիւնը եւ դուրս դնել զայն ազգային իր պատկանելիութենէն։ Այժմ բան մը փոխուած էր անտարակոյս, եւ այս՝ Անթիլիասի Յովսէփեանց Կաթողիկոսէն ասդին: Իրաւ էր որ կա՛ր անհամատեղելի բան մը Հայ Եկեղեցիին եւ Հայ Ազգին միջեւ, եւ անոր հետեւանքն էր եղած այն բանը որ պատահեր էր երէկ։ Արդարեւ՝ երբ սկսան փչել ազատականութեան եւ իրաւունքի հովերն ամէնուրեք, Հայ Եկեղեցիի ծոցէն ներս սկսած խլրտումներուն դէմ ամրակուռ մնաց Հայ Ազգային Եկեղեցին եւ ոչ մէկ բան կարողացաւ շարժել դարերու ընթացքին ամրացած պահպանողականութիւնը եւ առիթ մը ստեղծել եկեղեցիին համար` վերադառնալու սկզբնական իր աւետարանականութեան, բերելու վերանորոգումի շունչ մը հայութեան եւ նոր օրերու նոր պայմաններով վերակերտում մը հայ ազգային կառոյցի։ Այսօր՝ Էջմիածինի Գարեգին Ա. եւ Անթիլիասի Արամ Ա. կաթողիկոսները որոնք բացսիրտ, բացմիտք եւ համախոհութեան ու համակեցութեան հետեւող եւ բարձրագոյն ուսումնառութեամբ զարգացած եկեղեցական առաջնորդներ են՝ ամէն յոյս կը ներշնչեն, որ զարգանայ եւ խորանայ Մայր Եկեղեցիի, Հայ Աւետարանականութեան եւ Հայ Կաթողիկէ համայմքի միջեւ սկսուած ազգային համագործակցութիւնը, որովհետեւ այժմ բոլոր կողմերն ալ գիտակից են, որ շատ աւելի պատճառներ եւ տուեալներ կան ազգային միասնութեան քան բաժանուածութեան։ Ի վերջոյ՝ պէտք չէ մտահան ընել, որ հայկական կեանքի ներկան, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի ամբողջ տարածքին, բաց կը պահէ հրապարակը եւ անհրաժեշտ կ'ընծայէ համագործակցութիւնը, համախոհութիւնը եւ իրարհասկացողութիւնը ազգը կազմող հայ տարրերուն միջեւ։ Իսկ այս տարրե՞րը։ Բայց հայ են անոնք այսօր, ինչպէս որ էին երէկ ալ։ Արդարեւ՝ երբ 1 Յուլիս 1846ին Պոլսոյ մէջ Ամերիկացի միսիոնար Տուայթի բնակարանը հաւաքած քառասուն հայորդիներու հարց տրուեցաւ հոն ներկայ եօթը այլ ամերիկացի եւ երկու սկովտիացի միսիոնարներու ներկայութեան թէ հաւատամքի ո՞ր մէկուն եւ համայնքային ո՞ր դրութեան կ'ուզէին հետեւիլ՝ անոնք պատասխանեցին միաբերան թէ իրենք հայ էին եւ Աւետարանի հետեւորդ, եւ իրենց եկեղեցին պիտի կոչուէր լոկ «Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցի» եւ ուրիշ ոչինչ։ Հայ Աւետարանականները միշտ ալ հաւատացին, թէ հայ էին իրենք եւ կը պատկանէին հայութեան եւ անբաժան մէկ մասնիկն էին ազգին։Item Armin Theophil Wegner : Armenophile 1886 - 1978(1995) Ingrid Leyer SemaanՀպանցիկ ակնարկ մը ետք գերման Արմին Թեոֆիլ Վեկնէրի կեանքին ու գործունէութեան վրայ՝ Դոկտ. Սըմաան կը փորձէ շեշտը դնել բանաստեղծ, արձակագիր, վիպագիր, ընկերային գործիչ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ընթացքին Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններէն ներս մարդկութեան ծառայելու մեկնած մարդուն վրայ, վերիվայրումներով առլի կեանք մը, որ մնաց ենթակայ ո՛չ միայն պատերազմի ընթացքին իր ապրած ցնցումներուն եւ յուշերուն, որոնք իրն եղան ահաւորութենէն Հայկական Տասնհինգին՝ այլ նաեւ այն ճնշումներուն եւ հալածանքներուն, որոնք իր բախտակիցներէն շատերուն հետ վիճակուեցան իրեն երեսունական թուականներու Երրորդ Ռայխի ստեղծած մութ ազգայնականութեան եւ մոլեռանդ ու թթու ցեղապաշտութեան շնորհիւ: Ինչպէս բազմաթիւ գերման գրողներուն եւ արուեստագէտներուն գործերը` իրեններն ալ դարձան հրոյ ճարակ եւ ինքն ալ ուրացուեցաւ փողոցի տականքին եւ նացիականութեան կերտած եւ յառաջացուցած պիղծ ցեղամոլներու եւ գտարիւն արիականութեան յաճախանքեն վարակուած մարդկային խեշերանքին նախճիրային իմաստակութենէն եւ առ այդ ճաշակեց չորն ու չարը կեդրոնացումի կայաններուն: Այսուհանդերձ՝ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի աւարտէն ետք անիկա մերժեց մնալ սահմաններէն ներս իր հայրենական հողերուն եւ անցաւ Հռովմ, ուր անցուց մնացեալ մասը կեանքին: Վերիվայրումներով, ահաւոր ցնցումներով եւ փեռեկտումի ենթարկուած մարդու իր հոգիով եւ առօրեայով, սակայն, Վեկնէրը մնաց պինդ ու զօրաւոր հաւատաւորը մարդկային եւ անհատին արժէքներուն, եւ արտայայտչապաշտ քերթողի իր էջերուն մէջ դրսեւորեց մարդկայնական այն ոգին, որ իրն էր եղած Հայկական Տասնհինգի օրերուն իսկ։ Նկարագրային գիծի մը վերածուած այս մարդկայնականութիւնը, որ կը մատչի մարդասիրութեան՝ քալեց իրեն հետ կեանքի իր բոլոր արահետներուն վրայ եւ մինչեւ աւարտն իր կեանքի օրերուն: Իր գործերէն բազմաթիւներ եղան դրսեւորումը հայու տառապանքին եւ արիւնումին. անհատական եւ ընկերային իր կեանքէն նե'րս ալ անիկա եղաւ իր հայրենակիցներուն մէջ այն շա՛տ քիչերէն, որոնք գիտցան զանազանել իրաւն ու արդարը եւ զանոնք վեր դասել իրենց պետականութեան քաղաքականութեան անբարոյութենէն, եւ առ այդ ձայն բարձրացնել հոն ուր անհրաժեշտ էր։ Քաջ ու խիզախ, եւ ճշմարտութեան եւ մարդկային արժէքներու խօսնակ այս գրողն էր, որ ի վերջոյ, որ մըն ալ հրաւիրուեցաւ Էջմիածին՝ ստանալու համար գերագոյն գնահատանքը, զոր Հայ Եկեղեցին կրնար տալ որեւէ մէկուն: Հո՛ն էր որ Վազգէն Ա. Վեհափառին հետ ունեցած մտերիմ զրոյցէ մը ծնունդ առաւ գաղափարը երկնումին հայու տառապանքին արժանի քանի մը գործերու: Ահաւասիկ, Արմին Թեոփիլ Վեկնէրի հայութեան հետ աղերսուող կարգ մը այլ գործերու կարգին՝ Դոկտ. Ինկրիտ Սըմաանը կը մատչի հիմնական երկու այն գործերուն, որոնցմէ տասը նուագեայ դիւցազներգութիւն մըն է առաջինը՝ Տաս Արմենիշէ Թոթենլիյտ խորագրով, եւ վէպ մը երկրորդը` Տի Աուաթրայբունգ վերնագիրով, որոնք յաջորդաբար կը հիւսուին Միհրան Եւ Ադամ անունով պատանի երկու հայորդիներու շուրջ: Դժբախտաբար, սակայն, անոնցմէ երկուքն ալ մնացին թերաւարտ, եւ հազիւ թէ անոնցմէ փոքր հատուածներ եւ փոքր ամփոփումներ հասան մամուլի բարիքին. ըստ Դոկտ. Սըմաանին՝ Վեկնէր չկարողացաւ ամբողջացնել զանոնք՝ պարզօրէն անոր համար անցնող տարիները շատ բան էին փոխած իրմէ ներս. առ այդ յօդուածին հեղինակը կ'եզրակացնէ, թէ «մինչ այդ անիկա ծերացեր էր եւ յոգներ, եւ կեանքի հանդէպ փոխուեր` իր կեցուածքը։ Աճեր էր քանակը ձեռագիրներու էջերուն, որոնք պէտք ունէին յօտումի: Հիմնականին մէջ վիպագիր մը չէր աչքառու պատկերներու արտայայտչապաշտ բանաստեղծ Վեկնէրը, որ ինքզինք նետեր էր սխալ գործի մը։ Անշուշտ Վեկնէր ի՛նքն իսկ գիտակ էր այս հարցերէն ոմանց: Յաճախ կը կրկնէր ինքզինքին. «Կրճատէ՛, կրճատէ՛, կրճատէ՛ - ա՛յս է հիմնական հարցը». սակայն ի զուր: Անիկա գիտէր, որ բանաստեղծի իր երէկը զինք վատ էր պատրաստած վէպի բարդ կառոյցին հետ վարուելու համար, մինչդեռ Պալզաքն ու Թոլսթոյն վարուեր էին անոր հետ այդքա՛ն հեզասահ կերպով։ Գուցէ անիկա կը զգայ նաեւ, որ իրեն դաւաճաներ էր իր բարեկամը՝ Ֆրանց Վերֆէլը, որուն Մուսա Տաղի Քարասուն Օրերը վէպն եղեր էր մեծ յաջողութիւն մը: Վեկնէր կը խորհէր թէ իր բարեկամն իրմէ խլեր էր նիւթը։ Դաւաճանութեան շեշտ մը կար հայերուն մօտ նաեւ` կը մտածէր Վեկնէր: Անոնք պարզօրէն շա՛տ էին խանդավառ Վերֆելի վեպի իրենց գովեստին մէջ։ Դոկտ. Ինկրիտ Սըմաանի ուսումնասիրութիւնը լուսամուտ մըն է Արմին Թեոֆիլ Վեկնէրի գրականութեան հայութեան հետ առընչուող հատուածին վրայ բացուող, իսկ անոր յաջորդող գերմաներէն եւ անոր անգլերէն թարգմանուած հատուածները յաւելո՛ւմ մը գերման բանաստեղծին ներքին աշխարհին լաւագոյնս ճանաչումի ճամբուն վրայ։Item B. Narcis (Editor), "ARMENIAN ART TREASURS OF JERUSALEM", New York, 1979(1979) Մինաս ԳոճայեանItem Bernard Von Breydenbach's Peregrinatio in Terram Sanctam and its Significance for the History of Armenian Printing(1992) Vrej NersessianՀոս տրուող յօդուածը կը բաղկանայ երեք մասերէ, որոնց առաջինով կը տրուի Պերնարտ Ֆոն Պրէյտենպախի դէպի Երուսաղէմ ուխտագնացութեան պատմութիւնը։ Պրէյտենպախն իր ուխտագնացութեան ձեռնարկեց 25 Ապրիլ 1483-ին երկու ուխտակիցներու ընկերակցութեամբ եւ տուն դարձաւ միայն 1484-ի Յունուարին: Հոս Մայնցի մէջ, որուն աւագերէցն էր անիկա՝ տոմինիկեան կրօնաւոր Մարթին Րոթի օգնութեամբ գրեց իր ճամբորդութեան պատմութիւնը։ Հատորը լոյս տեսաւ 1486-ին, եւ յաջորդ երեքուկէս տասնամեակի ընթացքին անիկա ունեցաւ 12 տպագրութիւն, որոնցմէ երեքը՝ լատիներէն, երեքը` գերմաներէն, մէկը՝ ֆլաման, չորսը՝ ֆրանսերէն եւ մէկն ալ՝ սպաներէն լեզուներով։ Բոլորն ալ պատկերազարդուած են այցելուած վայրերու, անօրինակ ու անծանօթ կենդանիներու, այլազան ժողովուրդներու զգեստի եւ զանազան լեզուներու այբուբենի գծանկարներով եւ տախտակներով: Այս բոլորին մէջ հետաքրքրական կը մնան հայերէն լեզուի այբուբենի տախտակն ու գործին այն հատուածը, որ կը խօսի հայուն եւ անոր կրօնական ու ընկերային առօրեային մասին։ Վերջին այս վկայութիւնը, առաջին անգամն ըլլալով, կը տրուի անգլերէն թարգմանութեամբ, զոր հեղինակը կը կատարէ գերմաներէն եւ լատիներէն հրատարակութիւններու հետեւողութեամբ։ Յօդուածին երկրորդ մասը կը խօսի պաւարացի Եոհան Շիլթպերկերի գործին մասին, որ լոյս տեսաւ 1473-ին՝ Եոհան Շիլթպերկերի Գերեվարութիւնը եւ Ճամբորդութիւնները վերնագիրով: Այս գիրքին թիւ 13, 62, 63, 64, 65 եւ 66 գլուխները կը խօսին հայութեան, անոր ժամանակակից պատմութեան եւ լեզուին մասին։ Յստակ է հայութեան հանդէպ տածած համակրանքը Շիլթպերկերի։ Անիկա կը վկայէ թէ «ես մի՛շտ ալ ապրած եմ հայերուն հետ, որովհետեւ անոնք շատ սիրալիր են գերմաններուն հանդէպ. եւ որո՛վհետեւ գերման մըն էի ես՝ անոնք շատ ազնիւ կերպով վարուեցան ինծի հետ. աւելին՝ ինծի սորվեցուցին իրենց Հայր Մերը եւ լեզուն...»։ Յօդուածին երրորդ եւ վերջին մասով Ներսէսեանը կու տայ մէկ շարքը` 12 հնատիպ գիրքերու, որոնք կը բացակային հեղինակին Catalogue of Early Armenian Books, 1512-1850, (London, 1980) գործէն, եւ որոնք կը խօսին հայութեան, հայերէն լեզուի եւ տէրունական աղօթքի մասին, եւ կու տան այդ աղօթքը լատինատառ հայերէնով։Item Britain and the Armenian Genocide: Reflections in 1995(1997) Christopher J. WalkerՀազար իննհարիւր տասնվեցին հրատարակելով The Treatment of Armenians in the Ottoman Empire հատորը՝ Անգլիան եղան առաջին երկիրը, որ ընդունեցաւ ստուգութիւնը Հայկական Տասնհինգին: Սակայն ընդունիլ թէ Անգլիան միշտ ալ թիկունք մնաց ժողովուրդներու դատին՝ հիմնական սխալ մըն է։ Ո՛չ միայն Տիզրայէլին՝ այլ անոր չափ Կլետսթընը նաեւ թոքամիտ էր, որուն համար հայութեան պաշտպանութութիւնը միշտ ալ մնաց ոչ թէ քաղաքականութեան խնդիր՝ այլ մանաւանդ՝ քարոզչութեան։ Ինչպէս Անգլիոյ՝ նոյնպէս նաեւ եւրոպական կարգ մը այլ երկիրներու թրքամէտ քաղաքականութիւնը յառաջացաւ անոնց հակառուս քաղաքականութենէն: Անգլիան հետեւեցաւ ռազմագիտական իր պահանջներուն, Ֆրանսան տնտեսական իր շահարկումներուն, մինչ Գերմանիան հիմնովին մերժեց մարդասիրական տուեալները, բոլորին մօտ ալ, սակայն, միշտ ալ անգոյ մնացին կրօնական նկատառումները: Սակայն հակառակ անգլիական թրքամէտութեան, որ տեւեց մինչեւ 1919, գտնուեցան Լորտ Պրայսի եւ Արնոլտ Թոյնպիի նման ազատականներ, որոնք կարողացան թիկունք կանգնիլ հայութեան եւ Հայկական Հարցին։ 1916ին լոյսին եկաւ Թոյնպիի խմբագրած The Treatmentը, ուր յստակօրէն դրուեր էին Հայկական Հարցը, անոր ընթացքն ու ճշմարտացիութիւնը։ Այսուհանդերձ ժամանակի անցքին հետ նահանջ մը արձանագրեց Թոյնպին, որուն համար հիմա իր անձը շատ աւելի կարեւոր էր քան ճշմարտութիւնը փաստերուն։ Անիկա վերածուեր էր կեդրոնաձիգ անձնաւորութեան մը, եւ նոյնիսկ շփոթող մը «Օսմանեան Կայսրութիւն» եւ «Թուրքիա» տարազները: Իրականութեան մէջ այս շփոթը կը տեսնուի հայ պատմաբաններու մօտ ալ: Թոյնպին անցաւ նոյնիսկ քայլ մը առաջ եւ եւ ինքզինքն ընծայեց տղայական եւ այդ ձեւով նպաստեց մոռացումին Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Հարցին: Սակայն Թոյնպին միակը չէր որ խօսեցաւ Հայկական Տասնհինգի մասին. կային նաեւ միջազգային բարեսիրական հաստատութիւններն ու անոնց ներկայացուցիչները, այսուհանդերձ՝ շարունակեց մոռացումի գործընթացը, ի՞նչ փոյթ որ Նոէլ Պաքսթընը շարունակեց մինչեւ 1928 մերթընդմերթ յիշեցնել Հայկական Տասնհինգը եւ անկէ յառաջացած զանազան խնդիրները։ Անգլիոյ մէջ մոռացումը ընծայուեցաւ իրաւ՝ հիմնական երկու պատճառներով։ Նախ՝ անգլիացին ուզեց մոռնալ պատերազմն ու անոր արհաիրքները, եւ ապա՝ յետպատերազմեան անգլիական ն տնտեսական քաղաքականութիւնն եկաւ օժանդակելու անոր: Հայկական Ցեղասպանութիւնը կարելի էր հեռու պահել մոռացումէ եթէ միայն հրատարակուէին լաւապէս փաստագրուած, արհաւիրքն ու արիւնումը ցուցահանող, եւ ժողովուրդի մը քայքայումը պատկերող գործեր։ Չեղաւ այսպէս սակայն։ Այժմ նոյնն է պարագան Արցախի համար ալ, որ մոռացումի մատնուելու վրայ է: Չկայ որեւէ գործ որ մանրամասնօրէն եւ քստմնելի գիծերով ներկայացնէ 1991ի Ապրիլին ցեղային եւ ազգային մաքրագործումը Գետաշէնին եւ Մարտունաշէնին։ Այժմ հազիւ թէ կան քանի մը գործեր մոռացութեան տրուած հայութեան, Հայկական Հարցին եւ Հայկական Տասնհինգի մասին։ Այս վերջիններուն յիշատակումը, նոյնիսկ իր ամէնէն թեթեւակի ձեւին մէջ, կը կատարուի Տիկ. Ֆրեյա Սթարքի, Ռոզ Մաքոլիի եւ Փաթրիք Քինրոսի (Լորտ Քինրոս) կողմէ: Իր Rome on the Euphrates: The Story of a Frontier (1966) գիրքին մէջ, Տիկ. Սթարք կը մոռնայ յիշել թէ Հայաստանն ու Քիւրտիստանը կայի՛ն երէկ եւ այսօր բաժնուած կը մնան Թուրքիոյ, Իրաքի եւ Պարսկաստանի միջեւ, եւ առ այդ՝ չե՛ն դադրիր իրականութիւն ըլլալէ այսօր։ Իրականութեան մէջ՝ անիկա կը մոռնայ որ այդ Հայաստան կոչուած հողամասին մէկ մասը Սովետական Հայաստանն էր իր գործին հրատարակութեան օրերուն։ Ասիկա ցոյց տուաւ տգիտութիւն մը Արեւելեան Հայաստանի մասին, եւ քաղաքական ստրկամտութիւն մը` Արեւմտեան Հայաստանի»։ Անգիտութիւն կամ տգիտութիւն՝ Տիկինը շատ է զգուշ՝ դուրս չգալու համար Անգլիոյ պետական քաղաքականութեան բնութագրումէն։ Սակայն Ֆրէյա Սթարքի օրերուն կան նաեւ հնագէտներ, որոնք իրենց կատարած պեղումներու ներկայացումին ատեն կը խուսափին բառը ու զայն կը փոխանակեն A Major an A Minor եզրերով։ Վաթսունականներու պաղ պատերազմի այն օրերուն, սակայն, կը գտնուին կարգ մը անգլիացի գրողներ եւ վիպագիրներ, որոնք չեն երկմտիր օգտագործելու «Հայաստան» անուանումը երէկի Օսմանեան Կայսրութեան եւ այսօրուան Թուրքիոյ արեւելեան հողամասերուն համար։ Այս վերջիններէն է վիպագիր եւ ճանապարհորդագիր Ռոզ Մաքոլին, որ The Towers of Trebizond սքանչելի իր վէպով կու տայ անուրանալի ներկայութիւնը հայուն՝ Տրապիզոնի մէջ թէ այլուր։ Վէպը որ գիտական ական գործ մը մը չէ բնաւ խորապէս պատմական է եւ ամբողջականօրէն կ'առընչուի հայութեան եւ անոր հող հայրենիքին իրաութեան եւ իրականութեան: Փաթրիք Քինրոսն իր կարգին շատ մօտիկէն կը քալէ Մաքոլիին, եւ հեռու կը կենայ պաղ պատերազմին քաղաքական եւ հաշուարկուած ազդեցութիւններէն: Որպէս կենսագիրը Քեմալ Աթաթուրքին՝ անիկա չի սակարկեր իր խօսքը հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին։ Արդէն 1946ին, Within the Taurus խորագրուած իր գործով անիկա ընդարձակ կերպով խօսեր էր հայուն մասին եւ անոր բնօրրանին, եւ սքանչելի էջեր նուիրեր Անիին եւ հայկական ճարտարապետութեան, այլ մանաւանդ անգօսներ թուրք եւ պաշտօնական կեցուածքը հայութեան հանդէպ եւ Հայաստանին: Իր Atatürk գործին մէջ՝ անիկա ոչ միայն կը խօսի թրքական բանակի ձախոողութիւններուն եւ պարտութիւններուն մասին 1916-1917ի ձմրան` այլ մանաւանդ ցոյց կու տայ թէ ինչո՞ւ են սննդեղէնի դժուարութիւններու մատնուեցան օսմանեան բանակները։ Ըստ անոր` «հայերը ջարդուած էին կամ զանգուածաբար տարագրուած, բառացիօրէն անապատի վերածելով երկիրը, առանց գիւղացիներու՝ որոնք հաց արտադրէին, եւ արհեստաւորներու` որոնք ապահովէին ծառայութիւնը։ «[Յետագային) քարայրներու մէջ գտնուեցան ամբողջ զօրաբաժիններ որոնք մահացեր էին անսուաղութենէ»: Այսուհանդերձ՝ Քինրոս չի պեղեր ալքերը Հայկական Տասնհինգի: Այսօր առկայ են այս բոլոր տեսակէտերը հա հայութեան մասին եւ Հայկական Ցեղասպանութեան, ատելին՝ կայ նաեւ այն կարծիքը թէ 1915ին հայերն էին ահաբեկիչները, թէպէտեւ կան քանի մը գրողներ, որոնք կը կատարեն որոշ մէկ գնահատանքը հայկական տեսակէտին։ Դժբախտաբար, սակայն, կը պակսին Մաքոլիի եւ Քինրոսի ատաղձէն գրողներ։Item Data for the History of Medieval Arab-Armenian Relation(1992) Seta B. DadoyanՀայ-արաբական փոխյարաբերութիւններու ուսումնասիրումը յաճախ կեդրոնացած կը մնայ Հայաստանի արաբական գրաւումին վրայ (640-865) եւ անոր յաջորդող Բագրատունեաց Հարստութեան ժամանակներուն (865- 1045): Մինչդեռ տուեալները կու գան ցույց տալու թէ այդ փոխյարաբերութիւնները կը սկսին շա՜տ աւելի կանուխէն՝ Տիգրան Մեծի օրերէն ու կ'առաձգուին մինչեւ ԺԴ. եւ ԺԵ. դարերը, ու չեն մնար պարունակէն ներս զուտ քաղաքականին ու զինուորականին: Արաբներուն ծանօթ էր Արմինիա կոչուած աշխարհագրական տարածութիւնը, որ այդպէս կը կոչուէր հոն բնակող ժողովուրդին անունով։ Այդ մէկը կ'ընդգրկէր Կովկասէն մինչեւ Սուրիա եւ Կիլիկիա եւ Կասպից ծովէն մինչեւ Փոքր Ասիոյ կեդրոնական մասերը տարածուող շրջանները: Ըստ արաբ պատմիչ Հաֆիզի՝ այս հողամասը կը բաժնուէր չորս Հայքերու։ Արաբ այլ պատմիչներ՝ Էտիպ Սայյետը, Մարուան էլ-Մուտաուարը, եւ ուրիշներ իրենց գործերուն մէջ կը խօսին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մասին եւ լոյսին կը հանեն ընկերային, տնտեսական, վարչական, կրօնական, իմացական եւ մշակութային փոխյարաբերութիւնները երկու ժողովուրդներուն։ Ըստ անոնց՝ կար ժամանակ մը երբ Հայաստանի սահմաններէն ներս կային հաստատուած բազմաթիւ արաբական ցեղեր ու ցեղախումբեր, որոնցմէ ոմանք հաստատեցին նոյնիսկ արենակցական կապեր բնիկ հայ տարրին հետ։ Աւելին՝ անհատ հայեր եւ ընտանիքներ անցան ծառայութեանը արաբ իշխանաւորներու եւ ընդունեցին կրօնը եկուորներուն, եւ գտնուեցան ուրիշներ, որոնց ծառայութիւնն անցաւ զինուորականէն անդին եւ վարչականէն, եւ ընդգրկեց մշակութային, իմացական, օրէնսգիտական, լեզուագիտական, ճարտարապետական եւ արուեստի արտայայտութեան զանազան բնագաւառներ։ Փրոֆեսէօր Տատոյեան յականէ անուանէ կը յիշէ Ճըրճի իպն Թաուզարը, Վարդանը, Շահիէ էլ-Էրմենին, որ մեծ դեր խաղաց Բագրատունեաց Թագաւորութեան հիմնումին մէջ, անոր զաւակը՝ Ալի Հիւսէին Իպն Սահիէ էլ-Էրմենին, անոր թոռը՝ Մուհամմետ Ալի Իպն Շահին էլ-Էրմենին, Ապուլ-Հասան էլ–Մալթին, նկարիչ էլ–Ուասիթը, Պետր էլ-Ճեմելին, Ապու Ալի էլ–Գային, եւ բազմաթիւ այլ էլ-Ճեմելիներ, եւ տակաւին կարգ մը հայ թագուհիներ եւ արքայամայրեր ապպասեան թէ ֆաթիմեան գահերուն վրայ: Աւելին՝ յօդուածագիրը քննութենէ կ'անցընէ առնչութիւնները Անանիա Շիրակացիի եւ էլ Գուսթա Իպն Լուգայի, Իպն էլ–Մուգաֆֆայի Գալիլա ուա Տումնէ եւ Վարդան Այգեկցիի Աղուեսագիրքին առնչութիւնները, Ագաթանգեղոսի Պատմութեան արաբերէն թարգմանութեան հարցը, եւ արաբական Քիթեպ էլ Խայլի եւ հայկական Բժշկարան Ձիոյ եւ Առհասարակ Գրաստնայ գործերուն կապերը, եւ հուսկ ուրեմն կը խօսի իսմայիլեան Իխուան էլ–Սաֆա շարժումի գաղափարախօսութեան եւ Յովհաննէս Պլուզ Երզնկացիի Ի Տաճկաց Իմաստասիրաց Գրոց Քաղեալ Բանքի գիտական, իմաստասիրական, բարոյական, լեզուական, մետաղագիտական, տիեզերագիտական եւ այլ ձեւի առնչութիւններուն, եւ վերջապէս՝ Երզնկայի Եղբարց Միութեան Կանոնադրութեան մասին, ու կ'եզրակացնէ թէ «մարդկայնական գիտութիւններու, ինչպէս նաեւ գիտութեան պատմութեան մէջ կատարուած հետազօտութիւններ՝ ի վերջոյ, ամէն մակարդակի վրայ պիտի ընդարձակեն մեր ծանօթութիւնը հայ-արաբական ծանօթութիւններու մասին: մասին: Սակայն մինչեւ որ լուրջ եւ հաւաքական ճիգ մը կատարուի վերակազմելու համար պատմութեան այս յարաբերութիւններուն մութ մնացած ծալքերը` անհրաժեշտ է որ իրականութիւններ, մասնիկներ եւ մանրամասնութիւններ՝ ինչպիսին են տրուածներն այս յօդուածին մէջ՝ արձանագրուին որպէս էջատակի ծանօթութիւն տակաւին չգրուած պատմութեան համար հայ-արաբական յարաբերութիւններուն»։