Articles
Permanent URI for this collection
Browse
Browsing Articles by Author "Anahide ter Minassian"
Now showing 1 - 1 of 1
Results Per Page
Sort Options
Item Lés Combats de Kévork L'affligé le Catholicos Kévork V Souréniantz Vechdali (1911-1930)(2009) Anahide ter MinassianԳէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոսի կղերական կեանքի շրջանը կը զուգադիպի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ յատկանշական փոփոխութիւններու, որոնց ընթացքին ան յաջողեցաւ պահպանել ու փոխանցել Հայ Եկեղեցին իր յետնորդներուն: Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութեանց վերացումով անհրաժեշտ դարձաւ եկեղեցական նուիրապետութեան վերանշակումը: Աւելին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գոյավիճակի փոփոխութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութեան, Սփիւռքի հայութեան գոյառումին եւ նորաստեղծ համայնքներու կարգաւորման խնդիրներուն կողքին, Եկեղեցին դիմագրաւեց բարեկարգման շարժումներ: 1910ականներուն Եկեղեցին կ'ապրի երիտասարդ եւ երէց վարդապետերու բարեկարգչական առճակատումը: Ասոր հետեւանքով Գարեգին Յովսէփեան կը դադրեցուի Արարատի խմբագրութենէն, իսկ Երուանդ Տէր Մինասեան կը հանէ իր սքեմը: Մատթէոս Իզմիրլեան Կաթողիկոսի վախճանում՝ Դեկտեմբեր 1910ին, Գէորգ Ե. Սուրէնեանց կը դառնայ Կաթողիկոսական Տեղապահ եւ կ'ընտրուի կաթողիկոս՝ Ազատ Եկեղեցիի Խմբաւորում անուան տակ գործող բարեկարգչականներու պատուիրակութեան կաթողիկոսական ընտրութենէն քաշուելէ ետք: Նոյն շրջանին, թափ կ'առնէ Հայկական Հարցը Կաթողիկոսը Կոնդակով մը Պօղոս Նուպարին իրաւասութիւն կու տայ կազմելու եւ գլխաւորելու Ազգային Պատուիրակութիւնը: Ա. Աշխարհամարտը կը յեղաշրջէ առնուած քայլերը: Գէորգ Ե. կը ճգնի ապահովել աջակցութիւնը Ռուսաստանին, թափ կու տայ կամաւորական շարժումին: Պոլշեւիկեան յեղափոխութեամբ կը վերափոխուի արեւմտահայ ճակատագրին ընթացքը, Էջմիածինը կ'անջատուի պետութենէն եւ Վեհափառը կը լծուի ինքնիշխան կառոյցի վերածել Եկեղեցին: Միւս կողմէ, հակակշռելու համար արեւմտեան միսիոնարներու առաքելութիւնը, ան կը լծուի եկեղեցական բարեկարգութեան: 1918 Մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը Եկեղեցին կը դնէ նոր իրավիճակի մէջ: 1920 Ապրիլ 11ին, Վրթանէս Փափազեանի թելադրանքով բոլոր հայ եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ այն 760 մտաւորականներուն եւ կղերականներուն համար, որոնք նահատակուեցան 1915ին: 1920 Յունուարին լոյս կը տեսնէ Էջմիածինը: Հայ Եկեղեցին կը դիմագրաւէ փորձութեան նոր շրջան մը, ու Գէորգ Ե. իր անուան կը կցէ Վշտալի մակդիրը: Խորհրդայնացմամբ Եկեղեցին ամբողջ քսան տարի կ'ենթարկուի ծանր հալածանքի՝ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ, կը գրաւուին անոր կալուածներն ու ինչքերը: Նոյն շրջանին, կը վերադասաւորուի Սփիւռքը, 1924ին կը կազմուի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը, Եկեղեցիին կը տրուին կարգ մը իրաւասութիւններ՝ արտասահմանի թեմերու առնչութեամբ: Դժուարութիւններ կը յառաջանան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար: Գէորգ Ե. Կաթողիկոս Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի հետ համախորհուրդ, կ'աջակցի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերակառուցման: