Repository logo
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
Repository logo

Haigazian University

  • Communities & Collections
  • All of DSpace
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
  1. Home
  2. Browse by Author

Browsing by Author "Zaven Messerlian"

Now showing 1 - 10 of 10
Results Per Page
Sort Options
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections During the French Mandate 1934-1943
    (2001) Zaven Messerlian
    Հեղինակը՝ հիմնուելով ժամանակակից լիբանանահայ, առաւել` Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող մի քանի արաբատառ ու ֆրանսատառ լրագիրներու նիւթերուն, ինչպէս նաեւ հայ թեկնածուներու յատուկ ասուլիսներու ընթացքին հաղորդած բանաւոր վկայութիւններուն վրայ, հանգամանօրէն կը ներկայացնէ 1934, 1937 եւ 1943 թուականներուն կայացած երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին հայ համայնքին յատկացուած երեսփոխանական աթոռներուն շուրջ ծաւալած պայքարը, այս կապակցութեամբ լիբանանահայ քաղաքական տարբեր հոսանքներու դիրքորոշումները, Լիբանանի միւս համայնքները ներկայացնող թեկնածուներու հետ անոնց հաստատած ընտրական դաշինքները, ընտրութեանց ընթացքին ֆրանսական իշխանութիւններու եւ ապահովական մարմիններու կողմէ կատարուած ուղղակի եւ անուղղակի միջամտութիւնները:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections during the Presidencies of Charles Helou (1964-1970) and Suleiman Frangieh (1970-1976)
    (2006) Zaven Messerlian
    Հեղինակը՝ հիմնուելով ժամանակակից լիբանանահայ, առաւել՝ Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող մի քանի արաբատառ ու ֆրանսատառ լրագիրներու նիւթերուն, լիբանանահայ քաղաքական գործիչներու յատուկ ասուլիսներու ընթացքին հաղորդած բանաւոր վկայութիւններու, ինչպէս անձնական նամակագրութեամբ կուտակած տեղեկութիւններու վրայ, հանգամանօրէն կը ներկայացնէ լիբանանահայ քաղաքական տարբեր խմբաւորումներու կեցուածքը 1968ին եւ 1972ին կայացած երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին հայ Առաքելական ու հայ Կաթողիկէ համայնքներուն յատկացուած երեսփոխանական աթոռին շուրջ ծաւալած պայքարին: Այս կապակցութեամբ, կը քննուին նաեւ Լիբանանի միւս համայնքները ներկայացնող թեկնածուներու հետ հայ քաղաքական հակամարտ հոսանքներուն հաստատած ընտրական դաշինքները, այդ երկու ընտրութեանց ընթացքին պետական մարմիններու թոյլտուութեամբ տեղի ունեցած անօրինութիւններուն վերաբերեալ ծաւալած բանավէճերը: Ի տարբերութիւն նախորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որոշակի փոփոխութիւններ ի յայտ կու գան լիբանանահայ կուսակցութիւններու փոխյարաբերութեանց մէջ, որոնց իբրեւ արդիւնք լիբանանահայ երեսփոխաններու շարքին կ'երեւին ոչ-դաշնակցական շրջանակին մօտիկ կանգնած անձնաւորութիւններ պատճառ դառնալով ոչ-դաշնակցական շրջանակի երկատման: Այդուհանդերձ, հայ քաղաքական կուսակցութիւնները միասնաբար կը նշեն Հայոց Ցեղասպանութեան 60ամեակը Պէյրութի մէջ, 1975ին: Յօդուածը շարունակութիւնն է Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԻԱ., ԻԲ., ԻԳ., ԻԴ. հատորներուն մէջ, նոյն հեղինակէն լոյս տեսած ուսումնասիրութեան:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections During the Presidency of Bishara Khoury 1943-1952
    (2002) Zaven Messerlian
    Հեղինակը՝ հիմնուելով ժամանակակից լիբանանահայ, առաւել՝ Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող մի քանի արաբատառ ու ֆրանսատառ լրագիրներու նիւթերուն, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ քաղաքական գործիչներու յատուկ ասուլիսներու ընթացքին հաղորդած բանաւոր վկայութիւններու վրայ: Հանգամանօրէն կը ներկայացնէ լիբանանահայութեան կեցուածքը երկրի անկախութեան համար մղուած պայքարի օրերուն, Պաղ պատերազմի սկզբնաւորութեան թողած ազդեցութիւնը լիբանանահայութեան վրայ, եւ յատկապէս՝ 1947ին եւ 1951ին կայացած երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին Հայ առաքելական ու կաթողիկէ համայնքներուն յատկացուած երեսփոխանական աթոռներուն շուրջ ծաւալած պայքարը, այս կապակցութեամբ լիբանանահայ քաղաքական տարբեր հոսանքներու դիրքորոշումները, Լիբանանի միւս համայնքները ներկայացնող թեկնածուներու հետ անոնց հաստատած ընտրական դաշինքները, ընտրութեանց ընթացքին պետական մարմիններու կողմէ կատարուած միջամտութիւնները: Յօդուածը կարելի է շարունակութիւնը համարել հեղինակին՝ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի ԻԱ. հատորին մէջ լոյս ընծայած աշխատասիրութեան:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Armenian Participation in the Lebanese Legislative elections During the Presidency of Camille Chamoun 1952-1958
    (2003) Zaven Messerlian
    Հեղինակը՝ հիմնուելով ժամանակակից լիբանանահայ, առաւել՝ Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող մի քանի արաբատառ ու ֆրանսատառ լրագիրներու նիւթերուն, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ քաղաքական գործիչներու յատուկ ասուլիսներու ընթացքին հաղորդած բանաւոր վկայութիւններու վրայ, հանգամանօրէն կը ներկայացնէ լիբանանահայ քաղաքական տարբեր խմբաւորումներու կեցուածքը Պաղ Պատերազմի տարիներուն, 1956ի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական ընտրութիւններուն առթիւ յառաջացած տագնապը եւ յատկապէս` 1953ին եւ 1957ին կայացած երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին Հայ առաքելական ու կաթողիկէ համայնքներուն յատկացուած երեսփոխանական աթոռներուն շուրջ ծաւալած պայքարը, այս կապակցութեամբ Լիբանանի միւս համայնքները ներկայացնող թեկնածուներու հետ հայ քաղաքական հակամարտ հոսանքներուն հաստատած ընտրական դաշինքները, ընտրութեանց ընթացքին պետական մարմիններու կողմէ կատարուած միջամտութիւնները: Յօդուածը կարելի է շարունակութիւնը համարել հեղինակին՝ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԻԱ. եւ ԻԲ. հատորներուն մէջ լոյս ընծայած աշխատասիրութեանց:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections during the Presidency of Elias Hraoui (1989-1998)
    (2008) Zaven Messerlian
    Հեղինակը հիմնուելով ժամանակակից լիբանանահայ, առաւել՝ Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող մի քանի ֆրանսատառ, արաբատառ եւ անգլիատառ թերթերու, ինչպէս նաեւ անձնական հաղորդակցութեամբ կուտակցուած տեղեկութիւններու վրայ, հանգամանօրէն կը ներկայացնէ Լիբանանի 1996ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայկական մասնակցութիւնը Պէյրութի, Հիւսիսային Մեթնի եւ Զահլէի ընտրաշրջաններուն մէջ: 1996ի ընտրութիւններուն հայկական ազգային կուսակցութիւններէն իւրաքանչիւրը փորձ կատարելէ ետք խլելու պետական ցանկին հայկական աթոռներուն մեծամասնութիւնը, այլազան ճնշումներու հետեւանքով ի վերջոյ համաձայնեցան Պէյրութի ընտրութիւններուն մասնակցիլ հայկական միացեալ ցանկով մը, մաս կազմելով վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ընտրացանկին, նախապէս համաձայնելով, որ Մեթնի Միշէլ Մըրի ցանկը պիտի ընդգրկէ ՀՅ Դաշնակցութեան թեկնածուն: Զահլէի մէջ ՀՅԴ որդեգրեց թեկնածութիւնը 1992ին իր թեկնածուն պարտութեան մատնած Ճորճ Քասարճիին, որ ընդունեց իրեն առաջարկուած կուսակցական հովանաւորութիւնը: Ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք, երեսփոխաններուն շնորհաւորական ընդունելութիւններէն սկսեալ նշմարելի եղաւ իւրաքանչիւր կողմի իր սեփական ուղին պահելու կամքը: Յօդուածը շարունակութիւնն է Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԻԱ., ԻԲ., ԻԳ., ԻԴ., ԻԶ. եւ ԻԷ. հատորներուն մէջ, նոյն հեղինակէն լոյս տեսած ուսումնասիրութեան:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections during the Presidency of Elias Hraoui (1989-1998) (Part I)
    (2007) Zaven Messerlian
    Հեղինակը՝ հիմնուելով ժամանակակից լիբանանահայ, առաւել՝ Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող մի քանի արաբատառ ու ֆրանսատառ լրագիրներու նիւթերուն, լիբանանահայ քաղաքական գործիչներու յատուկ ասուլիսներու ընթացքին հաղորդած բանաւոր վկայութիւններու, ինչպէս նաեւ անձնական հաղորդակցութեամբ կուտակած տեղեկութիւններու վրայ, հանգամանօրէն կը ներկայացնէ լիբանահայ քաղաքական խմբաւորումներու կեցուածքը 1991ին կատարուած նշանակումներուն եւ 1992ին կայացած երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին Հայ Առաքելական ու Հայ Կաթողիկէ համայնքներուն յատկացուած երեսփոխանական աթոռներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Աւետարանական համայնքի երեսփոխանական աթոռին շուրջ ծաւալած պայքարին: Այս կապակցութեամբ, կը քննուին նաեւ Լիբանանի միւս համայնքները ներկայացնող թեկնածուներու հետ հայ քաղաքական հակամարտ հոսանքներուն հաստատած ընտրական դաշինքները՝ տիրող քաղաքական վիճակի տուեալներու լոյսին տակ: Հեղինակը կ'անդրադառնայ 1975-1989 երկարած Լիբանանի Պատերազմին եւ հայ կուսակցութեանց Դրական Չէզոքութեան քաղաքականութեան որդեգրումին եւ անոր շուրջ միասնական կեցուածքին, որ զարկ տուաւ հայ միջ-կուսակցական կանոնաւոր եւ արդիւնաշատ գործունէութեան: Սակայն, այս գործակցութիւնը իր ամբողջական վիճակով չի շարունակուիր 1989ին Թաէֆի Ազգային Ուխտով կայացած Լիբանանի Բ. Հանրապետութեան շրջանին: Արդարեւ, հայ կուսակցութիւններէն իւրաքանչիւրը կը փորձէ երեսփոխանական առաւելագոյն աթոռներու տիրանալ: Սակայ, եթէ 1991ին կայացած նշանակումներուն հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները չեն յանգիր համաձայնութեան, ապա 1992ի ընտրութեանց ՀՅԴ եւ ՍԴՀԿ ընտրութեանց կը ներկայանան միասնական ճակատով մինչ ՌԱԿ չի մասնակցիր ընտրութեանց՝ ընդառաջելով Քրիստոնեայ մեծամասնութեան՝ ընտրութիւններուն չմասնակցելու կոչերուն: Յօդուածը շարունակութիւնն է Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԻԱ., ԻԲ., ԻԳ., ԻԴ., ԻԶ. հատորներուն մէջ, նոյն հեղինակէն լոյս տեսած ուսումնասիրութեան:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections during the Presidency of Emile Lahoud (1998-2007) (Part I)
    (2009) Zaven Messerlian
    Հեղինակը հիմնուելով ժամանակակից լիբանանահայ, առաւել՝ Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող մի քանի ֆրանսատառ եւ անգլիատառ թերթերու, հայկական թերթերու մէջ թարգմանաբար տրուած տեղեկութիւններու, ինչպէս նաեւ անձնական հաղորդակցութեամբ կուտակցուած տեղեկութիւններու վրայ, հանգամանօրէն կը ներկայացնէ Լիբանանի 2000 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայկական մանսակցութիւնը Պէյրութի, Հիւսիսային Մեթնի եւ Զահլէի ընտրաշրջաններուն մէջ: 1996ին, այս կամ այն ձեւով հնարաւոր եղած էր որ ազգային երեք կուսակցութիւնները մասնակցին ընտրութեանց միասնական թեկնածուներով Պէյրութի մէջ, վարչապետ Հարիրիի ցանկին վրայ: 2000ին այս հնարաւոր չեղաւ: Հարիրի ընդդիմադիր էր: ՌԱԿը եւ ՍԴՀԿի երեսփոխանին կողմնակիցներն ու անկուսակցականներ մտան Հարիրիի ցանկին մէջ, իսկ ՀՅ Դաշնակցութեան կուսակցականներով եւ անկուսակցականներով կազմած «Միասնականութեան Ցանկ»ը միացաւ վարչապետ Սելիմ Հոսսին, որուն մասնակից էր նաեւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը: Հարիրի եւ իր հայ ցանկակիցները՝ Յակոբ Գասարճեան, Սերժ Թուրսարգիսեան, Եղիա Ճէրէճեան եւ Ժան Օղասափեան յաջողեցան Պէյրութի մէջ: Միշէլ Մըրի ցանկին վրայ ՀՅ Դաշնակցութեան սեփական թեկնածուն՝ Սեպուհ Յովնանեան, յաջողեցաւ Հիւսիսային Մեթնի մէջ, իսկ Իլիաս Սքաֆի ցանկին վրայ ՀՅԴի որդեգրած թեկնածուն՝ Ճորճ Գասարճի, յաջողեցաւ Զահլէի մէջ: Լիբանանահայ գաղութին մէջ առժամեայ լարուածութիւն մը տիրելէ ետք ազգային երեք կուսակցութիւնները զանազան առիթներով իրարու հետ կապեր պահեցին եւ Ապրիլ 24ի յատուկ միասնական ձեռնարկներ ալ կազմակերպեցին:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections during the Presidency of Emile Lahoud (1998-2007) Part II
    (2010) Zaven Messerlian
    Հեղինակը հիմնուելով ժամանակակից լիբանանահայ, առաւել՝ Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող մի քանի ֆրանսատառ եւ անգլիատառ թերթերու, հայկական թերթերու մէջ տեղական թերթերէ թարգմանաբար տրուած տեղեկութիւններու, ինչպէս նաեւ անձնական հաղորդակցութեամբ կուտակուած տեղեկութիւններու վրայ, հանգամանօրէն կը ներկայացնէ Լիբանանի 2005 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայկական մասնակցութիւնը Պէյրութի, Հիւսիսային Մեթնի եւ Զահլէի ընտրաշրջաններուն մէջ, ուր հայ համայնքներուն յատկացուած էին վեց երեսփոխանական աթոռներ: Քարամէի կառավարութեան կազմութենէն ետք քայլեր առնուած էին 2000 թուականի ընտրական օրէնքը բարեփոխելու: Ըստ կարգ մը թերթերու անոր նպատակն էր «Ռաֆիք Հարիրիի թեւերը կոտրել»: Ընտրական օրինագիծին քննարկումի շրջանին, Հարիրի ահաբեկումի զոհ գնաց: Այս դէպքը յեղաշրջեց կացութիւնը: Քարամէ հրաժարեցաւ եւ կրկին անգամ չկրցաւ կառավարութիւն կազմել: Մինչ այդ երկու հակամարտ կողմեր յառաջ եկան՝ Մարտ 8ի ուժերը (Հըզպալլա, Ամալ, Աունի Հոսանք, Ֆրանճիէի Մարատա, Ղովմիներ եւն.) եւ Մարտ 14ի ուժերը (Հարիրիականներ, Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութիւն, Փաղանգաւորներ, Լիբանանեան Ուժեր, եւն.), որոնք մեծ ցոյցեր կազմակերպեցին առաջինը ի նպաստ Սուրիոյ եւ երկրորդը Սուրիոյ դէմ: Միջազգային ճնշումով սուրիացիք Լիբանանէն իրենց ուժերը քաշեցին: Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը որոշեց ընտրութիւնները կայացնել 2000ի օրէնքին հիմամբ, հակառակ նախագահ Լահուտի ընդդիմութեան, որ սակայն ի վերջոյ հարկադրուեցաւ օրէնքը ստորագրելու: ՀՅԴաշնակցութիւնը Մարտ 8ի ուժերուն հետ էր, իսկ ՍԴՀԿ ու ՌԱԿ Մարտ 14ի ուժերուն հետ: ՀՅԴ դէմ էր 2000ի օրէնքին եւ երբ Սաատ Հարիրի մերժեց ՀՅԴ թեկնածուները առնել իր ցանկերուն վրայ, ՀՅԴ որոշեց պոյքոթել Պէյրութի ընտրութիւնները: Ուստի Հարիրիի ցանկին վրայ գտնուող հայ թեկնածուները՝ Տքթ. Եղիկ Ճէրէճեան (ՍԴՀԿ), Յակոբ Գասարճեան (ՌԱԿ), եւ անկուսակցականներ՝ Ժան Օղասափեան ու Սերժ Թուրսարգիսեան անմրցակից ըլլալով պետական երեսփոխան հռչակուեցան: Մեթնի մէջ, ՀՅԴ որ զօրաւոր դիրքերու վրայ, կրցաւ Զօր. Աունի եւ Միշէլ Մըրի միջեւ մերձեցում յառաջացնել եւ իր թեկնածուն՝ Յակոբ Բագրատունին, ընտրուեցաւ երեսփոխան: Զահլէի մէջ ՀՅԴի որդեգրած թեկնածուն՝ Ճորճ Գասարճի, Էլիաս Սքաֆի ցանկէն ընտրուեցաւ: Մեթնի եւ Զահլէի մէջ Մարտ 14ի հայ թեկնածուները յաջողութեան չհասան: Լիբանանահայ գաղութին մէջ լարուածութեան շրջանէ մը ետք, Ազգային Համախոհութեան նիստերուն, երեք հայ կուսակցութիւններու երեսփոխանները հերթաբար ներկայացուցին լիբանանահայութիւնը:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections During the Presidency of Fouad Chahab 1958-1964
    (2004) Zaven Messerlian
    Հեղինակը` հիմնուելով ժամանակակից լիբանանահայ, առաւել` Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող մի քանի արաբատառ ու ֆրանսատառ լրագիրներու նիւթերուն, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ քաղաքական գործիչներու յատուկ ասուլիսներու ընթացքին հաղորդած բանաւոր վկայութիւններու վրայ, հանգամանօրէն կը ներկայացնէ լիբանանահայ քաղաքական տարբեր խմբաւորումներու կեցուածքը 1960ին եւ 1964ին կայացած երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին հայ ուղղափառ ու կաթողիկէ համայնքներ յատկացուած երեսփոխանական աթոռներուն շուրջ ծաւալած պայքարի ընթացքին, այս կապակցութեամբ Լիբանանի միւս համայնքները ներկայացնող թեկնածուներու հետ Հայ քաղաքական հակամարտ հոսանքներուն հաստատած ընտրական դաշինքները, այդ երկու ընտրութեանց ընթացքին պետական մարմիններու թոյլտուութեամբ տեղի ունեցած անօրինութիւններուն վերաբերեալ ծաւալած բանավէճերը:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections During the Presidency of Michel Suleiman (2008-)
    (2011) Zaven Messerlian
    Հեղինակը հիմնուելով ժամանակակից լիբանանահայ, առաւել՝ Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող մի քանի ֆրանսատառ, անգլիատառ եւ արաբերէն, նաեւ՝ հայկական թերթերու մէջ տեղական թերթերէ թարգմանաբար տրուած տեղեկութիւններու, ինչպէս նաեւ անձնական հաղորդակցութեամբ կուտակուած տեղեկութիւններու վրայ, հանգամանօրէն կը ներկայացնէ Լիբանանի 2009ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայկական մասնակցութիւնը Պէյրութի, Հիւսիսային Մեթնի եւ Զահլէի ընտրաշրջաններուն մէջ, ուր հայ համայնքներուն յատկացուած էին վեց երեսփոխանական աթոռներ: Հեղինակը նիւթին մէջ խորանալէ առաջ կու տայ արագ ակնարկ մը Լիբանանի երկբեւեռ քաղաքական կացութեան եւ 2007ի Մեթնի մասնակի ընտրութեան մասին, որուն մէջ յաղթանակած էր Զօր. Աունի թեկնածուն ՀՅԴաշնակցութեան ցուցաբերած զօրաւոր օժանդակութեան շնորհիւ: Հուսկ կ'անդրադառնայ 7 Մայիս 2008ի արիւնալի դէպքերուն, եւ անոր իբրեւ հետեւանք Տոհայի Համաձայնութեան, լիբանանեան բանակի հրամանատար Զօր. Միշէլ Սլէյմանի միաձայնութեամբ համաձայնական հանրապետութեան նախագահ ընտրութեան եւ ընտրական նոր օրէնքին: Խորհրդարանական ընտրութիւնները կայացան մէկ օրուան ընթացքին 7 Յունիս 2009ին, պրկուած, բայց ընդհանրապէս հանդարտ մթնոլորտի մը մէջ: Պայքարող կողմերն էին Սաատ Հարիրիի գլխաւորած Մարտ 14ի ուժերը եւ Հըզպալլա-Ամալ-Զօր. Աուն եւ այլ դաշնակիցներու Մարտ 8ի ուժերը: ՀՅԴ կրկին Մարտ 8ի ուժերուն հետ եղաւ, քանի որ Սաատ Հարիրիի հետ համաձայնութիւն չգոյացաւ: Իսկ ՍԴՀնչակեան եւ ՌԱԿուսակցութիւնները Մարտ 14ի ուժերուն հետ էին եւ անոնց նեցուկով չորս երեսփոխաններ (մէկը անմրցակից եւ 3ը՝ ընտրութեամբ) ընտրուեցան այլեւայլ վերիվայրումներէ ետք, ինչպիսին էր հայ կաթողիկէ թեկնածուին հարցը: ՀՅԴաշնակցութիւնը ապահովեց երկու աթոռ, Մեթնի եւ Պէյրութ Բ.ի մէջ երկուքն ալ անմրցակից կերպով: ՀՅԴ նաեւ մեծ թիւով Լիբանանէն դուրս բնակող լիբանանահայեր Լիբանան բերաւ ընտրութեան քուէարկելու համար: Լիբանանահայ գաղութին մէջ որոշ լարուածութիւն մը զգալի էր նախընտրական եւ յետ-ընտրական անմիջական շրջանին, սակայն միջկուսակցական կապերը շարունակուեցաւ Լիբանանէն դուրս եւ ներս եւ կարելի եղաւ հայոց վրայ գործադրուած Ցեղասպանութեան 95ամեակը միասնական կեցուածքով ոգեկոչել: Կառավարութեան մէջ 30 նախարարի վրայ հայկական կողմերը ներկայացուած էին մէկական նախարարով եւ երկու կողմերը մասնակցեցան Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան համաժողովին:
Haigazian Repository
For further information, please contact: Library@haigazian.edu.lb